Մազոխիզմը՝ ազգային յատկանիշ

Քանի մը շաբաթ առաջ, տարածուեցաւ ապատեղեկատուութիւն մը, որուն համաձայն Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հայ ընտանիք մը բարբարոսաբար սպանուած է՝ հայ ըլլալու համար: Շատ կարճ ժամակուայ մէջ լուրը հայկական համացանցային խումբերու մէջ ամենաշատ քննարկուած թեման դարձաւ: Այնպիսի տպաւորութիւն կար, որ աւելի քան մէկ ու կէս տարի է այդ մէկը բոլորին անհամբերութեամբ սպասած նիւթն էր: Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան մասին տակաւին ոչ մէկ լուր այդպիսի խանդավառութեամբ չէր փոխանցուած հայկական համացանցային խումբերուն մէջ: Իսկ լուրը կասկածի տակ առնողները միանշանակ դաւաճան հռչակուելով վհուկներու որսի կ’ենթարկուէին: Նոյն օրուայ աւարտին արդէն յստակացաւ, որ ամբողջ լուրը, մեղմ ըսած, չեղած բանի մը մասին էր: Իսկ լուրը համացանցային այդ կայքէջերէն բերնէ բերան ընդօրինակող լրատուամիջոցները բաւական անցանկալի դիրքի մէջ յայտնուեցան:

Վերջերս նոր լուր մը եւս տարածուեցաւ, կրկին Սուրիոյ մասին, ըստ որուն «Հալէպի մէջ ամէն ինչ հայերուն դէմ է, հայկական թաղամասերը կը հայաթափուին եւ հայերուն վիճակը անպատմելի է»: Լուրը, ինչպէս արդէն սովորութիւն դարձած է, «ականատեսի» մը փոխանցած անձնական տպաւորութիւններուն վրայ հիմնուած էր: Ինչպէս յետոյ պարզուեցաւ, բախումներ տեղի ունեցած են հայկական թաղամասերու սահմանագիծին եւ իրավիճակը առաջուընէ աւելի ծանր է` քաղաքին մէջ տեղի ունեցող զօրաւոր բախումներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով, սակայն արդեօք որքա՛ն յարմար է առանց անոր իսկ արդէն ծանր իրավիճակին մասին փոխանցուած լուրերը ուռճացնելն ու զարդարելը, եւ աւելի մեծ տրամա ստեղծելը:

Այսպիսի հիստէրիկ մեկնաբանումի վերջին օրինակը Հալէպի օդակայանէն քաղաք փոխադրուող հայ ճամբորդներու բախումի մէջ յայտնուելուն պատճառով չորս հոգիի զոհուելուն եւ տասնեակներու վիրաւորուելուն ողբերգական դէպքին հետ կապուած է: Տարբեր հայաստանեան լրատուամիջոցներ օդանաւները երթուղային հանրակառքերու հետ շփօթելով յայտնեցին, թէ «քանի որ դէպի Հալէպ հիմնական ճանապարհը փակ է, օդանաւը այլ ճանապարհով որոշած է վայրէջք կատարել»: Ուրիշ լրատուամիջոց մը հետեւեալ մեծատառ վերնագիրը դրած էր իր էջին վրայ. «Միթէ Արմաւիան չգիտէր, որ օդանաւակայանի յարակից տարածքում մարտեր են գնում», մինչ թռիչքը սուրիական աւիաընկերութեան կը պատկանէր: Այստեղ մեկնաբանութիւնները արդէն աւելորդ են:

Լրատուամիջոցներու եւ համացանցային օգտագործողներու վերաբերմունքի նման օրինակները շատ են, սակայն պէտք չկայ անոնց մէջ սուզուելով իրականութենէն անջատուելու: Մէկ բան յստակ է, որ մարդիկ երբեմն աւելի լաւ կը զգան, եթէ իրենց կանխագուշակումները կամ ունեցած վախերը իրականանան, թէկուզ եթէ այդ բանը իրենց օգտին չէ: Պարզապէս «ճիշդ» դատողութիւն կատարած ըլլալու եւ «խելօք» երեւելու հեւքը երբեմն մինչեւ մազոխիստական մակարդակներու կը հասնի անոնց մօտ եւ տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով ցաւելու կամ տխրելու փոխարէն, անոնք աւելի շատ իրենց կանխագուշակման «իրականցման» հեշտանքով յափշտակուած կ’ըլլան:

Թերեւս այսպիսի համատարած մազոխիստական տրամադրութիւններու փոխարէն պէտք է աւելի շատ տրամաբանութիւն եւ կշռադատութիւն բանեցնել: Չէ՞ որ վերջապէս աշխարհի շախմատի առաջնակարգ երկիրը ունինք: Ժամանակն է մեր իրական կեանքին մէջ եւս նոյնքան տրամաբանութիւն եւ հեռատեսութիւն դրսեւորելու:

Մեկնաբանել