Հայոց չսիրած դասերը

Քանի մը ամիս առաջ յօդուած մը կարդացած էի սիոնիստ ղեկավարի մը մահուան մասին, որտեղ հնչած քանի մը միտքերը կ’արժէ բաղդատել մեր հայկական իրականութեան հետ:

Խօսքը կը վերաբերի դաժան ղեկավարի մը մահուան առթիւ դամբանականէ մը քաղուած քանի մը տողերուն, որոնց շուրջ լոյս տեսած կարգ մը յօդուածները կը կրէին այնպիսի վերնագիրներ, ինչպէս՝ «Ազնիւ ստախօս մը, որով կարելի է հպարտանալ», «Յուսահատութեան ժառանգութիւնը» եւ այլն: Դամբանականի հեղինակը կը վկայէ, թէ հրէական աշխարահայցքին համաձայն ղեկավարները քննադատելը, ըլլան անոնք Աստուածաշնչեան թէ ժամանակակից, բնաւ հերետիկոսութիւն չէ:

Աբրահամը, ըստ տարբեր հրեայ մեկնաբաններու, այդքան ալ լաւ հայր մը չէր: Իսկ Դաւիթ թագաւորը այնքան անհանդուրժող էր, որ անգամ իր զաւակները իր թշնամիները դարձան վերջաւորութեան: Հրէական աւանդոյթի ամենա շքեղ յատկանիշներէն մէկը կ’ըսէ, թէ մեծ առաջնորդները կատարեալ չեն: Այս աւանդոյթին համաձայն, հերոսներէն շատ բաներ սորվելով հանդերձ կարելի է զանոնք քննադատել:

Միւս կողմէն, հայկական իրականութեան մէջ այս մասին զուգահեռաբար թերեւս ոչ ոք կրնար աւելի լաւ պատմել քան ամերիկահայ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանը: Պէրպէրեան իր «Նամակներ Զաաթարէն» վէպին մէջ կը նկարագրէ երեւակայական երկիր մը, ուր կ’ապրի յատուկ ցեղի երեւակայական կենդանի մը, որ կը կոչուի «յահ»:

«Տարօրինակ կենդանի մըն է: Իր կլոր աչքերն ու մազոտ մարմինը քիչ մը Խորէնը կը յիշեցնեն, սակայն դէմքին արտայայտութեան մէջ երկչոտ, շուարած բան մը կայ», կ’ըսէ ան վէպին մէջի կենդանին նկարագրելով: «Սկզբունքով թռչող կենդանիներ են, բայց հետաքրքրականն այն է, որ մայր յահը, ծննդաբերութենէն անմիջապէս ետք իր ձագերուն թեւերը կ’ուտէ, որպէսզի իրմէ չհեռանան: Յահերը ընդհանրապէս զիրար չեն հանդուրժեր, բայց ընտանի կենդանիներ են, բաւական ուշիմ եւ չափազանց հաւատարիմ: Պահելը շատ դիւրին է…»:

Եթէ արագ ակնարկով մը չնկատէք, թէ «յահ»ը նոյնինք «հայ» բառին հակառակ գրուած ձեւն է, ապա կենդանիին արտաքին տեսքի նկարագրութենէն կարելի է այդ մէկը եզրակացնել: Մանաւանդ, մօր կողմէ թեւերը ուտելու եւ ոչնչացնելու մասը, որ չթռի, չհեռանայ, չընդդիմանայ, «ընտանի եւ հաւատարիմ» մնայ: Այս բոլորը ինչքան ալ ծանր հնչեն, կը մնան հայկական իրականութեան մէկ մասը:

Մեր առաջնորդները, մեր ղեկավարները, մեր հերոսները, յաճախ կերած են մեր այն թեւերը, որով մենք պէտք էր թռչէինք եւ ամբողջ աշխարհով սաւառնէինք: Թերեւս ժամանակն է այլեւս ուրիշներու փորձառութիւններէն դասեր քաղելու, անկախ անկէ, որ այդ օրինակը բոլորին համար համակրելի կը թուի թէ չէ:

Որքան ալ ձանձրացուցիչ եւ սպառած թուին այսպիսի համեմատականները, որքան ալ մարդիկ դաւադրութեան տեսութիւններու հետ կապեն ատիկա, ի վերջոյ մարդը միայն քանի մը տարբերակ ունի կեանքին մէջ նորութիւններ բերելու եւ սորվելու համար: Եթէ ատիկա ինքնուրոյն ստեղծագործութեամբ կամ անձնական փորձառութեամբ չըլլայ, ապա գոնէ պէտք է փորձել ուրիշին փորձառութենէն դասեր քաղել:

Մեկնաբանել