Պատերազմէն ետք սփիւռքը չկրցաւ իր առաջնահերթութիւնները յստակացնել, նաեւ պետութիւնը չկրցաւ սփիւռքին փոխանցել պահու առաջնահերթութիւնը։
Լրագրող եւ հետազօտող Տիգրան Եկաւեանի կարծիքով Սփիւռքը չունի առաջնորդողներ, առաջնորդութիւն եւ ի բացակայութիւն յստակ տեսլականի մը, ան մատնուած է ճգնաժամի ու դատապարտուած է մաշումի ու կազմալուծման։ Աւանդական սփիւռքը ազգային խնդիրներու շուրջ համախմբուելու եւ այդ օրակարգով գործելու վարժուած է, պետականութեան գաղափարին հետ անհաղորդ մնալով։ Ազգային խնդիրներու արծարծումով սփիւռքը պատասխանատուութիւն չի վերցներ Հայաստանի պետական շահերու հանդէպ, կրնայ բաւարարուիլ կարգախօսերով ու երկրի ապագայի հանդէպ յստակ գործունէութիւն տանելու յանձնառութիւն չի ստանձներ։
Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն Եկաւեան կը շեշտէ համահայկական մտածողութեան զարգացման ու արմատաւորման կարեւորութիւնը, որու իրականացման համար մեծ դեր կրնան ունենալ այդ մտածողութեամբ աշխատող լրագրողներ։