Երեւանցիք ընտրեցի՞ն, թէ չընտրեցին

Երեւանցիք ընտրեցին։ Քիչ էր քուէարկութեան մասնակցողներու տոկոսը, բայց ընտրութիւնը կայացաւ եւ հիմա պայքար պիտի ընթանայ մեծամասնութիւն կազմելու։ Սակարկութիւններու, բանակցութիւններու փուլը շատ երկար չի տեւեր եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ համեմատական մեծամասնութիւն ապահոված Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը դաշնակցելով Հանրապետութիւն կուսակցութեան հետ, իր նուազագոյն մէկ յաւելեալ անհրաժեշտ քուէի համար ձեռնարկէ միւս խմբակցութիւններէն աւագանիի անդամ դարձած առանձին մարդոց ներգրաւելու աշխատանքին, այլ ոչ թէ այդ խմբաւորումներու ղեկավարներուն հետ բանակցութեան։ Այս մասին էր քաղաքագէտ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքական յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութիւն բաժնի վարիչ դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ Սիվիլնեթի զրոյցը՝ «Տրոփ» հարթակէն։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել