Որուն (որո՞նց) ուղղուած էր Նիկոլի խօսքը

Ռուսաստանի՞ն։ Ռուսաստանի հետ խզումը արդեօ՞ք վերջնական փուլ մտած է։

Ընդիմութեա՞ն։ Ներքին կայունութիւնը վտանգուած ներկայացնելու ու հանրային զօրակցութեան դիմելու փո՞րձ էր ուղերձը։ Ուղերձի առաջին բաժնով կը թուէր որ Հայաստանի վարչապետը իր խօսքը կը տանէր դէպի ՀԱՊԿէն դուրս գալու որոշում-յայտարարութիւն, սակայն շուտով ան ուղղութիւնը փոխեց ու անցում կատարեց դէպի ընդիմութիւն, երկրի անկախութեան դէմ սպառնացող վտանգներու իր պատկերացումը հիմնաւորել փորձելով։

Վարչապետի ուղերձի ծալքերը բանալու շուրջ զրոյցը ընթացաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց եւ դիւանագիտութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ՝ Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել