Գոշը՝ եւրոպական մակարդակի գիւղ կը դառնայ

Ասպետ եւ Այդա Փողարեանները արդէն երեք տարի է Գոշ գիւղի զարգացման գործին իրենց կարեւոր ներդրումը կը բերեն եւ այս կարճ ժամանակամիջոցին արդէն շօշափելի արդիւնք կը տեսնուի։ Լոս Անճելոսէն ամէն տարի Գոշ գալով, այնտեղ սեփական տուն կառուցելով եւ ամիսներով գոշեցիներուն հետ շփուելով, Ասպետն ու Այդան յաջողած են գիւղին հանդէպ իրենց ընկերական շրջանակին հետաքրքրութիւնը արթնցնել եւ անոնց աջակցութեամբ կարեւոր խնդիրներ լուծել։

ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» հարթակէն Ասպետին եւ Այդային հետ զրուցեցինք իրենց տարած աշխատանքներու, յետագայ ծրագիրներու մասին։ Փողարեաններու գործունէութիւնը վարակիչ դարձած է եւ արդէն հարեւան գիւղերուն մէջ յայտնուած են այլ սփիւռքահայեր, որոնք կը հետեւին իրենց օրինակին։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել