Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները տարիներու ընթացքին արձանագրած են վերիվայրումներ անցնելով մերթ մերձեցման, մերթ թշնամանքի հանգրուաններով։ Վերջին շրջանին տնտեսական, քաղաքական շրջանային շահերէ մեկնելով երկու երկիրները սկսած էին վերականգնել իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները, երբ պայթեցաւ Կազայի պատերազմը եւ Էրտողանի հրապարակային սատարումը Համասի պատճառ դարձաւ որ դարձեալ խզուին կապերը։
Թուրքիա-Իրան-Ատրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն ինչ նոր զարգացումներ կարելի է սպասել Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութեան պայմաններու մէջ եւ այդ զարգացումները ինչ նշանակութիւն կրնան ունենալ մեր տարածաշրջանին համար։ Այս մասին զրուցեցինք դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ Սիվիըլնեթի «Տրոփ» հարթակէն։
Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։