Համատեղ յայտարարութիւնը, որ քաղաքագէտ դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի կարծիքով իսկապէս իրականացած է առանց միջնորդի, Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կրնայ աւելի մօտեցնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան։ Բովանդակութենէն աւելի, միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելու փաստը Գոչիկեանի համար ինքնին յատկանշական է, որովհետեւ կ՝ենթադրէ, որ երկու կողմերը ուղղակի բանակցելով կրցած են գտնել որոշ հասարակաց եզրեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել ընդհանուր գործընթացի առաջընթացին։
Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։