«Հայոց պատմութիւն» թէ՞ «Հայաստանի պատմութիւն» ձեւական երկընտրանքի մասին․ Արա Սանճեան

Արա Սանճեան

«Հայոց պատմութիւն» իբրեւ «Հայ ժողովուրդի՞ պատմութիւն» թէ՞ «Հայաստանի պատմութիւն» ընկալելու ձեւական երկընտրանքը յառաջացած է միայն երբ գրաբարը իբրեւ գիտական լեզու փոխարինուեցաւ աշխարհաբարով։

Գրաբարի պարագային, հայոց=«հայք»-ի պատմութիւնը կարելի է հաւասարապէս հասկնալ իբրեւ ե՛ւ հայերու, ե՛ւ Հայք երկրի (հայերու երկիր, հայերով բնակեցուած երկիր, Հայաստան) պատմութիւն՝ քանի որ «հայք» բառը գրաբարի մէջ միաժամանակ ունէր այդ երկու իմաստները՝ յոգնակերտ մասնիկ եւ վայր ցոյց տուող ածանց»։ Եւ քանի որ երկար ժամանակ հայերէնի մէջ գլխագիր ու պարզ տառերու տարբերակում չկար, եւ նոյնիսկ յետոյ՝ երբ գլխագիր տառերը սկսան օգտագործուիլ, անոնց գործածութիւնը բաւական ժամանակ կանոնակարգուած չէր, «Հայք» կամ «հայք» բառի օգտագործումը կրնար երբեմն երկիմաստութիւն յառաջացնել։

Գրաբարեան բնագրերը աշխարհաբարի վերածելու եւ աւելի շատ՝ այլ լեզուներու թարգմանելու ժամանակ, այդ խնդիրը ցցուած է թարգմանիչներուն առջեւ։ Նախադասութիւններու մէջ, համատեքստը սովորաբար կը պարզէ թէ ո՛ր ընտրանքին պիտի հետեւիլ այդ յատուկ պարագային։ Բայց երբ երկի մը խորագիրը չունի աւելի լայն անմիջական համատեքստ եւ չի յստակացներ թէ ի՛նչ ընկալում ունեցած է այդ երկին հեղինակը կամ որոշ պարագաներու՝ թերեւս մինչ այդ անխորագիր այդ երկին յետագայ խորագիր մը տուած գրիչը, այդ «հայք»-«հայոց» բառի թարգմանութեան հարցը ենթակայ կը դառնայ թարգմանիչին նախընտրութեան։ Երկու ձեւերուն ալ դիմած հայագէտներ եղած են՝ գրաբարեան բնագրերը աշխարհաբարի փոխադրելու եւ յատկապէս՝ օտար լեզուներու թարգմանելու ժամանակ։

Աշխարհաբարի տարածումէն ետք, դպրոցական դասագիրքերու ճակատին շարունակաբար երեւող «հայոց պատմութիւնը» աւելի շատ միջնադարեան աւանդոյթի շարունակութիւն է կարծեմ՝ քան թէ նոր ժամանակներու գիտակից ընտրանք։

Միաժամանակ, կ’արժէ, որ մէկը պեղէ թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս խորհրդային տարիներուն, աւելի յստակ՝ կարծես թէ 1938էն սկսեալ, յառաջ եկաւ ու պարտադրուեցաւ «հայ ժողովրդի պատմութիւն» տարբերակը։ Կարծեմ Հայաստանը միակն էր խորհրդային բոլոր միութենական հանրապետութիւններէն, որուն ազգային պատմութիւնը տիտղոսակիր ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ հանրապետութեան անունով էր։ Կը յիշեմ երբ Կորպաչեւեան վերակառուցման տարիներուն՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան ֆակուլտետի ուսանող եղած ժամանակս, «Հայ ժողովրդի պատմութեան ամբիոնը» վերանուանուեցաւ «Հայոց պատմութեան ամբիոն»։ Այդ փոփոխութիւնը մեզի՝ ուսանողներուս ներկայացուեցաւ որպէս համաժողովրդական շարժման ալիքին վրայ իրագործուած բարեփոխումներէն մէկը։

Իսկ այն հեղինակները, որոնք վերջին երկու դարերուն փորձ կատարած են հայութեան համընդհանուր պատմութիւնը ներկայացնող (survey, обзор) հայերէն կամ օտարալեզու գործեր համադրել, անոնց մէջ շատ են ե՛ւ «Հայաստանի պատմութիւն» ե՛ւ «Հայոց» կամ «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» հրատարակածները։ Առաջին խումբին մէջ են Tournebize, Ադոնց, Grousset, Փաստրմաճեան, Քիւրքճեան, Փայասլեան, Mahé եւ ուրիշներ, երկրորդին մէջ՝ Գարագաշեան, Չագմագճեան, de Morgan, Լէօ, Բասմաջեան, Յարութիւն Աստուրեան, Տէտէեան, Իշխանեան, Բուռնութեան եւ այլոք։ (Այստեղ զանց ըրած եմ խորհրդային տարիներուն «Հայ ժողովրդի պատմութիւն» խորագրով գիրքերը։) Քիչ թէ շատ ծանօթ ըլլալով նշուած աշխատութիւններուն, անոնց մէջ բովանդակային կամ գաղափարական արմատական տարբերութիւններ չեմ նկատած՝ կապուած գիրքի խորագրին համար անոնց հեղինակներուն ընտրած տարբերակին հետ՝ Հայաստանի՞ թէ՞ հայոց կամ հայ ժողովուրդի պատմութիւն։

Հայերէնով գրելու պարագային, անձնապէս պիտի նախընտրէի «Հայոց պատմութիւն» տարբերակը՝ քանի որ անիկա նախեւառաջ 1500-1600 տարուան աւանդոյթ է, որ տակաւին կը մնայ կիրարկելի։ Երկրորդ՝ քանի որ անիկա երկրի ու ժողովուրդի համադրման երկիմաստութիւն մը ունի, որ այս օրերուն կրնայ իր մէջ պարփակել մեր պատմութիւնը ե՛ւ մեր ազգային/էթնիկական բնօրրանին ե՛ւ աշխարհասփիւռ մեր ազգակիցներու նախնիներուն պատմութիւնը տեսնել ցանկացողները։ Ինքնութիւնները երբեք միաձոյլ չեն եղած. հայութեան մէջ եւս ինքնութեան տարբեր երեսակներու այլազան շեշտադրումները նոյնպէս բնական են։

Այլապէս՝ առանց այս բարեբաստիկ երկիմաստութեան, ե՛ւ «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը» ե՛ւ «Հայաստանի պատմութիւնը» այն վտանգն ունին, որ կրնան մեր տեսադաշտէն դուրս մղել ժամանակակից հայ ինքնութեան եւ իրականութեան կարեւոր ազդակներ։

«Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» տարբերակէն կրնան անզգալաբար դուրս մնալ տարբեր ժողովուրդներու, մեր այսօրուան բառապաշարով՝ ազգային փոքրամասնութիւններու այն ներկայացուցիչները, որոնք անցեալին ապրած են կամ ներկայիս կ’ապրին հայկական հին ու ժամանակակից պետականութիւններու սահմաններուն մէջ, կամ անոնք։ որ ապրած են հայոց բնօրրանին մէջ՝ տարբեր դարաշրջաններու ընթացքին, հայոց հետ կողք-կողքի, եւ նոյնպէս կրած այլազան մեծ կայսրութիւններու վարած քաղաքականութիւններուն հետեւանքները՝ ինչպէս եւ հայաստանաբնակ հայերը։

«Հայաստանի պատմութեան» տարբերակն ալ կամայ թէ ակամայ պիտի ստեղծէ Հայաստանի ճշգրիտ սահմանները տեղորոշելու հարցը՝ մանաւանդ որ Հայկական Լեռնաշխարհի եւ անոր սահմանակից շրջաններուն մէջ հայաբնակ տարածքներու շրջանակը պատմութեան ընթացքին մասնակի փոփոխութիւններ կրած է։ Ալ չբարձրացնենք այստեղ Կիլիկիոյ, Ս. Ղազար կղզիի, Վիեննայի, Երուսաղէմի, Կ. Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Նոր Ջուղայի, Մատրասի եւ Հայկական Լեռնաշխարհէն դուրս հայկական ներկայութեան խնդիրը, որ բազմաբնոյթ կապեր ունեցած է (եւ երբեմն ալ անմիջականօրէն չէ ունեցած) Հայաստանի պատմական տարածքին հետ եւ որ առանց անոնց ներդրման այսօր կարելի չէ պատկերացնել ե՛ւ հայոց պատմութիւն, ե՛ւ Հայաստանի պատմութիւն։ Իսկ եթէ «Հայաստանի պատմութիւնը» տարածքին եւ անոր բնակչութեան պատմութիւնն է, ապա նոյն տարածքին որոշ մասերուն պատմութիւնը՝ անոնց հայաթափումէն ետք, պիտի ընդգրկուի՞ այս պատմութեան մէջ։