ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Իսահակեան փողոցին նայող հսկա՜յ տարածքին մէջ նստարան մը գտաւ ու նստաւ: Յոգնած էր քալելէն: Քիչ մը դիտեց արձանը. նայուածքը ուղղեց գետինը շորորացող աղաւնիներուն, դիմացի նստարանի տիկիններուն ու յետոյ՝ պայուսակին: Գիրքը հանեց եւ սկսաւ կարդալ:
Հազիւ մէկ պարբերութիւն կարդացած էր, երբ պարոն մը եկաւ ու տեղաւորուեցաւ նո՛յն նստարանին: Սփիւռքահայ չէր, ատոր վստա՛հ էր: Հայրենիքի մէջ ծնած, ապրած, հայրենի ծիրանն ու դեղձը վայելած մարդու կերպարն էր: Բարձրահասակ, գեղադէմ, հայու աչքով ու քիթով տիպար մը: Իր վեցերորդ զգայարանքով զգաց, որ համակրելի էր եւ շուտով պիտի խօսէր հետը:
***
Բայց չխօսեցաւ:
Այդպէս կը պատահի երբեմն. հանրակառքին մէջ, կամ այլուր, ձեզի կը թուի, թէ ձեր դիմացը նստած տիկինը կամ պարոնը գիտէ, թէ ի՛նչ կը մտածէք այդ վայրկեանին ու հաղորդակցութեան թել մը կը ղրկէ կարծես. կը ժպտիք իրեն, բայց չէք խօսիր: Լուռ՝ կ՛երեւակայէք ըսելիքը եւ նոյնքան լուռ՝ կը պատասխանէք …
***
Այս անգամ ալ այդպէս եղաւ:
– Վերջերս շատ կը մտածեմ պարոն վարչապետին եւ իր կուսակցութեան երիտասարդ անդամներու արտայայտած կարծիքներուն մասին,- ըսաւ,- «Եու Թուպ»ի միջոցով կը հետեւիմ որոշ բանավէճերու եւ հարցազրոյցներու: Ես ալ համաձայն եմ, որ փոխանակ զիրար վիրաւորելու, պէտք է մտածել, իրարու մտիկ ընել սորվիլ: Այնպէ՜ս կ՛ուզէի զրոյց մը սկսիլ ձեր հետ…
Պարոնը վեր նայեցաւ՝ երկնքին, շրջակայ ծառերուն ու զեփիւռէն սրսփացող տերեւներուն. լուռ մնաց:
– Ծանօ՞թ էք 1968ին Գարուն ամսագրի մէջ լոյս տեսած Վարդգէս Պետրոսեանի «Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» գրութեան. կարդա՛մ. «Այսօրուան հայ ժողովրդի ազգային խորքը շատ աւելի լայն է, բարդ, բազմածաւալ, շատ աւելի համամարդկային»: Շարունակեմ. «Իմ հաւասարման մէջ, որի լուծումն իբր պատասխան պիտի տար, թէ ինչ է մեր օրերում ազգային կերպար հասկացողութիւնը, շատ են անյայտներ: Բայց ես, ինչպէս իմ սերնդակից շատ հայ գրողներ, ամէն օր պարտաւոր ենք լուծել այդ հաւասարումը, երբ նստում ենք գրասեղանի առաջ: Իսկ կեանքը շարունակւում է, հաւասարման մէջ (…) աւելանում են նոր անյայտներ, գնալով բարդանում է մեր օրերի հայ մարդու բնութագիրը, քանի որ նա ապրում է իբրեւ քսաներորդ դարի երկրորդ կէսի մարդ՝ իր մարդկային, ազգային եւ համամարդկային հոգսերով»:
– Պարո՛ն, եկեր հասեր ենք քսանմէկերորդ դար եւ Վ. Պետրոսեանի նշած անյայտներուն վրայ հիմա աւելցեր են ուրիշներ. համաձա՞յն էք:
Հասկցայ՝ որոշած էք չխօսիլ, բայց գիտե՛մ ի՛նչ կը մտածէք. կը մտածէք, որ 1968ին ծնած ալ չէիք…
Իրաւունք ունիք, բայց ձեր պատճառաբանութիւնը նոր անյայտ մը կ՛աւելցնէ նախորդներուն… այսինքն՝ տարբեր սերունդներու մտածելակերպի եւ մօտեցումի փոփոխութիւնը: Ու դեռ չխօսինք մէկ կողմէն՝ Սփիւռքի մէջ հասակ նետած, միւս կողմէն՝ սովետական կարգերէն հազիւ ազատած Հայաստանի երիտասարդ սերունդներուն միջեւ գոյացած խրամատին մասին, զոր պարտինք լեցնել զրոյցով:
Գիրքը գոցեց, տեղաւորեց պայուսակին մէջ ու վայրկեան մը լուռ մնաց: Դպրոցականներու խումբ մը, ուսուցչուհիի մը ուղեկցութեամբ, անցաւ իրենց առջեւէն: Սիրտը խայտաց: Անցեալ օր ալ նոյնանման տեսարան մը պարզուեր էր Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ. ուսուցիչ մը իր աշակերտներով, տատիկ մը՝ թոռնիկին հետ, երիտասարդ մայրեր երեխաներու կառքեր հրելով, անցեր էին գեղանկարներուն առջեւէն ու ներշնչած զինք վառ գոյներու ոգիով:
– Ինծի չէք խօսիր, բայց գիտե՛մ, որ դուք ալ կը հրճուիք այս տեսարանով. Հայաստանի ապագայ սերունդը կ՛երեւակայէք հայրենի հողին վրայ՝ անկաշկանդ, ազատ եւ ուրախ կեանքով: Ես ալ նոյնը կը փափաքիմ, բայց այնքա՜ն հարցեր կան, որոնց դէմ յանդիման պէտք է գալ. չէ՞ք կարծեր:
Հիմա ձեզի ա՛յլ մտաւորականի մը մասին խօսիմ. սփիւռքահայ ըլլալուն՝ հաւանաբար անծանօթ է ձեզի: Լսա՞ծ էք Յարութիւն Քիւրքճեանի մասին: Ան Ֆրանսա ուսանած միջոցին, կարդալէ ետք Վարդգէս Պետրոսեանի տողերը, գրած է իր անշրջանցելի «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյատներով»ը, ուր ֆրանսահայ ուսանողներ կ՛արտայայտուին ինքնութեան, ազգային, ընկերային հարցերու մասին: Շարլին, Ալէնը, ժոսլինը, Փաթրիքը կ՛արծարծեն օտարումը, ազգային-համամարդկային երկսայրաբանութիւնը (dilemma) ու կը վիճին. իսկ իր հայեցի կրթութիւնը Պէյրութ ստացած Քիւրքճեան կը խորհրդածէ Միջին Արեւելքի, յատկապէս՝ Լիբանանի մէջ զարգացած ազգային գաղափարախօսութեան մասին: Տարբեր տեղեր ապրած «խօսողներու» կարծիքները կը բախին իրարու, այո՛, բայց անհրաժեշտ են մտքերու բիւրեղացման համար:
Երկար եղաւ, բայց պէտք էր հասկնալի դարձնէի առաջարկս…
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, եթէ Հայաստանի կառավարութեան երիտասարդ անդամները «Երկրորդ Հաւասարումին» նմանող անկողմնակալ հարթակ մը ստեղծեն տարբեր շրջանակներէ եկած սփիւռքահայ եւ հայաստանահայ ուսանողներու միջեւ:
Այդ կլոր սեղանը թող ըլլայ առանց հայհոյանքի, առանց փոխադարձ ամբաստանութիւններու վայր մը. զիրար հասկնալ փորձող, իրարու դիտանկիւնները յարգող անհատներու իրակա՛ն հանդիպում մը: Ի՞նչ կը մտածէք «Երրորդ Հաւասարում»ի մը մասին:
***
Պարոնը հազաց: Առաջին անգամ ըլլալով լսուեցաւ ձայնի համազօր բան մը, որ սակայն բառ չէր. ա՛լ ո՛ւր մնաց՝ գաղափար: Աչքերը ուղղեց իրեն. մեղրածոր, անուշ նայուածքին մէջ տեսաւ հայկական եկեղեցի, Արարատ լեռ ու Եարխուշտա:
Շարունակեց:
– Տեսէ՛ք. պիտի առաջարկեմ քանի մը անուն եւ քանի մը գաղափար. բոլորն ալ երեւակայութենէս ծնած. նայիմ ինչպէ՞ս կը հակազդէք:
Ահա սփիւռքահայ Զապէլը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք ընդունուած չի զգար Հայաստանի մէջ: Իրեն կը թուի, թէ սփիւռքահայութիւնը լքուած է հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք պետութիւն կերտելու ճամբուն վրայ կարծես լուսանցքային կը դարձնեն հարիւր ինը տարի լեզու, պատմութիւն եւ ինքնութիւն պահած գաղթօճախները:
Ահա հայաստանահայ Գոռը, որ կ՛ըսէ, թէ պատմութիւնը մեռած է: Պէտք չէ նայիլ ետեւ. պէտք է կերտել նո՛ր պատմութիւն:
Իրեն կը հակադարձէ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայ Սեպուհը, որ հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պատմութիւնը մեռած համարել, երբ ան կենդանի դպրոց է այսօրուան ու վաղուան ճամբաները գծելու:
Սեպուհին կը հակաճառէ Տիգրանը, որ կը քննադատէ միթոսներով (առասպել) ապրելու հայու հիւանդութիւնը. «պէտք է թօթափե՛լ առասպելները», կ՛ըսէ ան, քիչ մը ամբարտաւան ժպիտով:
Լիբանանահայ Թալինը կը փրփրի. «Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէք. կարդացէ՛ք Սասունցի Դաւիթի առասպելը եւ պիտի տեսնէք, որ մեր ժողովուրդին հոգեմտային կառոյցը բնութագրող ահագին տեղեկութիւն կայ հոն, ու թերեւս պէտք է դիմենք Ծովինարին, Դեղձուն Ծամին ու պառաւին տիպարներուն. այսինքն՝ իրե՛նց նայելով, մե՛նք՝ կիներս գոնէ, մեզ դիտենք հայելիին «ջրհորէն»:
«Բայց, իրական քաղաքականութիւնը առասպելի հետ կապ չունի. պէտք է մեր ետին ձգենք վիպապաշտ, յուզական, իրականութեան չհամապասխանող դրուագները եւ ըլլանք գործնական, այսօրուան ժամանակներուն յարմարող, արդի մարդիկ», կը հակադարձէ Գագիկը.
«Համաձայն չեմ», կ՛առարկէ Հուրին աւելցնելով. «Պատմութիւնը շարունակականութիւն մըն է եւ կարելի չէ, իրապաշտ չէ զայն մեզի կապող թելը մկրատի մէկ շարժումով կտրելը: Անհեթեթ է առարկել, որ կարելի է մէկ կողմ դնել «հին» պատմութիւնն ու առասպելները, կերտելու համար նո՛րը: «Նոր»ը «նոր» է միշտ «հին»ի մը համեմատ եւ անկէ կը բխի: Պարապին մէջ կարելի չէ խարիսխ նետել»: «Ուրիշ բան մը», կը յարէ Սագոն, «երբ կը կարդամ տասնիններորդ դարու, կամ նոյնիսկ՝ քսաներորդ դարու վէպերը, կ՛անդրադառնամ, որ ոչինչ փոխուած է մեր մտածելակերպէն: Կարդացէ՛ք Րաֆֆիի գործերը եւ անմիջապէս այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաք, որ հոն նկարագրուած մօտեցումները ինչպէս որ են ընդօրինակած-փակցուցած ենք այսօրուան կեանքին: Կարդացէ՛ք «Զարթօնք»ը, ու նո՛յն բանը կը նկատէք… իսկապէ՞ս կը հաւատաք, որ «նոր մտածողութիւն» ըսելով, հին ձեւերը շպրտելով՝ նոր էակներու պիտի վերածէք տասնիններորդ դարու եզերքին յամեցող ժողովուրդ մը»:
***
Պարոնը բաճկոնի ձախ գրպանէն պզտիկ նոթատետր մը եւ գրիչ մը հանելով՝ արագ-արագ սկսաւ բաներ մը արձանագրել: Նայուածքին մէջ որոշ հետաքրքրութիւն մը կը թեւածէր կարծես:
«Վե՜րջապէս», մտածեց ու շարունակեց.
– Կը տեսնէ՞ք որքա՛ն ուժականութիւն կը խոստանայ կարծիքներու այս շփումը, ու թերեւս բան մը փոխուի ներկայի ճահճացած իրականութեան մէջ: Շարունակեմ երեւակայել այդ զրոյցը:
«Բանավէճի նիւթ կը դառնան Հայաստանի օրհներգն ու զինանշանը», կը խօսի մինչ այդ լուռ մնացած Վիգէնը, «բայց ինչո՞ւ չենք վիճիր լեզուի մաքրութեան անհրաժեշտութեան մասին ու յստակ որոշում չենք առներ աղաւաղուած հայերէնը թօթափելու օտար բառերէն»:
«Ճի՛շդ գլխուն զարկիր», կը խանդավառուի Սալբին, «իսկ մեսրոպեան ուղղագրութեան որդեգրումին շուրջ ինչո՞ւ բանավէճ չ՛առաջարկուիր. ի՛նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ պետական մակարդակի վրայ որոշում առնուէր աստիճանաբար վերադառնալու ամբողջ տասնհինգ դար գործածուած ուղղագրութեան»:
«Համաձայն եմ քեզի, Սալբի՛», կը խորհրդածէ Հայաստան ծնած, մեծցած Դաւիթը, «զինանշանին առիւծին ժպիտէն աւելի՛ կարեւոր կը նկատեմ Հայաստանն ու Սփիւռքը միացնող մէ՛կ ուղղագրութիւն ունենալու աշխատանքը։ Կը յուսամ, որ կրթութեան նախարարութիւնը նկատի կ՛առնէ դասական ուղղագրութեան ուսուցումը հինգերորդ դասարանէն սկսեալ: Ռուսերէն, անգլերէն ուղղագրութիւն կը սորվին. մեսրոպեանը չե՞ն կրնար իւրացնել»:
«Բայց անիկա ալ «մեռած» կը նկատեն հաւանաբար», թեթեւ քմծիծաղով դիտել կու տայ Գէորգը:
«Չեմ կարծեր», կ՛ըսէ Սիլվան.«սովետական կարգերու գործած աւերին չեն անդրադառնար շատեր, ու թերեւս տեղեակ ալ չեն դասական ուղղագրութեան մը գոյութենէն… իսկ այս օրերուս, ամէն մարդ աւելի դիւրինին, մատչելիին կը ձգտի դժբախտաբար»:
Լոյսի շող մը հասաւ աչքերուն. նայեցաւ աջին նստած տղամարդուն, որ մէկ անգամէն ոտքի կանգնած՝ կը շտկռտէր ճմռթկուած տաբատը:
– Ինչո՞ւ կը մեկնիք առանց բան մը ըսելու, շշնջեց մտքէն:
Մարդը դարձաւ ու գլխով նշան ըրաւ: Կը ժպտէր:
Այդ ժպիտը… յանկարծ յիշեց: Առջի օր նոյն մարդուն հանդիպած էր Աբովեանի վրայ. Հարցուցած էր, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր երթալ Կորիւն փողոց. քաղաքավար պարոնը բացատրութիւններ տալէ ետք, առաջարկած էր մինչեւ որոշ տեղ մը ընկերակցիլ իրեն: Ճամբան, հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ խանութներու նշանատախտակներուն վրայ «Թոյզ Սթոր» գրուած էր եւ ոչ՝ «Խաղալիքի Խանութ», «Բյութի» գրուած էր եւ ոչ՝ «Գեղեցկութիւն»: Պարոնը պատասխանած էր, որ մինչեւ այդ վայրկեանը չէր անդրադարձած սփիւռքահայ զբօսաշրջիկի նշածին կարեւորութեան. ամէն պարագայի՝ այնքա՜ն բան կար սրբագրելիք Հայաստանի մէջ, որ խանութներու ցուցատախտակները առաջնութիւն չէին համարուեր:
– Բայց եւ այնպէս, շարունակած էր մեղմ ժպիտով,- կը փոխանցեմ առ որ անկ է…
Ուրեմն, քիչ առաջ քովը նստած ազնուատիպ պարոնը այդ նոյն ա՞նձն էր.
Իր լուռ ժպիտը նոյն պատգա՞մը կ՛ուրուագծէր…
– Կը փոխանցեմ առ որ անկ է: