Անթալիայի մէջ անցեալ շաբաթ դիւանագիտական բազմաթիւ երկկողմանի շփումներու ընթացքին եղան յայտարարութիւններ, որոնց շեշտաւորումները, կամ շեշտաւորումներու մէջ երանգներու փոփոխութիւնը քննարկման մեր նիւթն էր այսօրուան զրոյցին։
ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» հարթակէն Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն բաժնի դասախօս դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։
Գոչիկեան նաեւ անդրադարձաւ հայկական դիւանագիտութեան խնդիրներուն, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ արեւմտեան շրջանակներու հետ շփման ընթացքին մեր դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ գործիքներու մասին։