Պրուքսէլի եռակողմ հանդիպումէն ոմանք մեծ ակնկալութիւններ ունին՝ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն։ Որքանո՞վ արդարացի են այդ ակնկալութիւնները։ Եւրոպան եւ ԱՄՆ-ը ինչո՞ւ եւ որքանո՞վ շահագրգռուած պիտի ըլլան նշանակալի տնտեսական, քաղաքական ու անվտանգային աջակցութիւն տալու Հայաստանին։
Այս հարցերու շուրջ զրուցեցինք Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն բաժնի դասախօս Ասպետ Գոչիկեանի հետ։
Զրոյցը ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» հարթակէն վարեց Աբօ Պողիկեան։