ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի թափուր մնացած տարիներուն յաճախ ահազանգ հնչեցուցած էինք համայնքային կեանքէ ներս տիրող նահանջի մասին։ Թէեւ Պոլսահայ համայնքային կեանքէն ներս փտախտը ունի դարաւոր անցեալ, բայց արժէքներու քայքայումը երբեք չէր հասած այն աստիճանին, որուն կը հանդիպինք այսօր։
Ճիշդ է, որ մեր կրթական համակարգը քայքայուեցաւ նոյնինքն թաղականներու եւ ուսուցիչներու տգիտութեան պատճառաւ։ Անոնք ամէն առիթով զիջեցան քաղքենիացած ծնողներու տրամաբանութենէն հեռու պահանջներուն դիմաց։ Չկրցան պահել հայ դպրոցի առաքելութիւնը եւ դաւաճանեցին մայրենի լեզուով կրթութեան։ Հոգեւորականներն ալ անտեսեցին իրենց վերագրուած պարտականութիւնը՝ ի գին առօրեայ շահերու։ Մէկ կողմ դրին ժողովուրդի հանդէպ իրենց պատասխանատուութիւնը եւ հարուստներու փողը հնչեցուցին փոխան իրենց չնչին ակնկալութիւններուն։
Մամուլի, որ պէտք էր նկատէր այս բոլորը եւ իր քննադատութիւններով իրազեկ դարձնէր հասարակութիւնը, ան ալ իր կարգին հետեւեցաւ տիրող համակարգի թելադրանքներուն։ Այլ խօսքով, չուզեց անբաղձալի կերպար մը դառնալ։ Այս բոլորի հետեւանքով հասած ենք ամօթալի հանգրուանի մը։ Մեծ խոստումներով մեկնարկած հսկայ շինութիւնները չեն տուած ակնկալուած արդիւնքը։ Այս մասին կարելի է օրինակ բերել Գարակէօզեան Խնամակալութեան պատկանող երկնաքեր շէնքը եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննական ուխտին պատկանող առեւտուրի կեդրոնը։ Այդ երկու շինութիւնները աւարտին շահաւոր դուրս եկողը շինարար ընկերութիւնն էր, որ տիրացաւ այդ կալուածներու մեծագոյն բաժնին։
Միւս կողմէ, Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանող մի այլ հսկայ շինութիւն, կը փտի անտիրութեան մէջ, կուլ տալով նաեւ երբեմնի Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցը։ Մինչդեռ վերոնշեալ շինութիւններու հիմնադրութեան պահուն խնամակալներ կը խոստանային, թէ աւարտին լուծուած պիտի ըլլայ համայնքային կրթօճախներու բոլոր հոգերը։ Հասանք խոստացուած աւարտին, բայց համայնքը տանջող նիւթական խնդիրները շարունակեցին անլուծելի մնալ։
Այս օրերուն կրկին կը տառապինք լսելով, թէ դատարանը սառեցուցած է Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ թաղականութեան դրամատնային հաշիւները։ Հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ էր, երբ Պիւյիւտերեի թաղականութիւնը կը հրատարակէր Վաքֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան քննիչներու տեղեկագիրը։ Այդ տեղեկագրի համաձայն նախորդ թաղականութիւնը բաւականին ծանր վնասներ պատճառած էր եկեղեցւոյ հիմնարկին՝ իր թերի որոշումներուն հետեւանքով։ Հարցականը այն է, թէ այդ թերի որոշումները արդեօք իսկապէս թերացումնե՞ր են, թէ ոչ՝ զեղծարարութիւններ։ Այս օրերուն կը խօսուի նման բնոյթով տեղեկագրի մը մասին եւս։
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ալ նման բնոյթով հետաքննութիւն մը պատվիրած էր, այս անգամ յատուկ ընկերութեան մը։ Այս հետաքննութեան արդիւնքն ալ եկաւ նման բնոյթով։ Հոս եւս կը խօսուէր սխալ որոշումներով եկեղեցւոյ սնդուկը վնասելու մասին։ Առաջ բերուած օրինակները դարձեալ իրաւ արժանիքէն շատ աւելի ցած գիներով վարձակալութեան մասին էր։ Ներկայ թաղականութիւնը այս տեղեկագիրը ուղարկեց Վաքֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան, որմէ ցարդ արձագանգ մը չէ հասած։
Այս բոլորը փտախտի մը ցոլացումն են, բայց պարտինք նշել թէ սոյն փտախտը շատ աւելի նուազ վնաս է, քան հասարակութեան մատնուած հիասթափութիւնը։ Համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւնները ճշդելու համար կատարուած քուէարկութեան հանդէպ ժողովուրդի հետաքրքրութեան բացակայութիւնը շատ աւելի լուրջ խնդիր մըն է։