«Նոր Յառաջ»ը կը փակուի՞ թէ կը վերափոխուի

Փարիզի մէջ հրատարակուող «Նոր Յառաջ» թերթը տնտեսական ճգնաժամ կը դմագրաւէ եւ փակման վտանգը իր դուռներուն է արդէն։ Խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան այս ճգնաժամն ու վտանգը այնքան ալ ողբերգական չի նկատեր, ընդհակառակը, յոյս ունի, որ պահը ինքնին նոր հնարաւորութիւններ ու նոր հորիզոններ կը բանայ իր առջեւ։

Ժամանակակից աշխարհի արհեստագիտական զարգացումներու լոյսի տակ մամուլի դերի վերասահմանման, սփիւռքի մէ՚ նոր զարգացումներու, աշխարհագրական սահմաններու զանցումներու պայմաններու մէջ Չոլաքեան նոր ծրագիրներ կը մշակէ, ոչ միայն լրատուական ոլորտի մէջ, որոնք կրնան իրականանալ Հայաստանի մէջ, ուր կայ արդէն արեւմտահայերէն խօսող նկատելի բազմութիւն մը, մշակոյթի գործիչներով, գործունեայ երիտասարդներով, լրագրողներով։ Այդ ծրագիրները կարիք ունին նիւթական միջոցներու։ Հոկտեմբեր 3ին, Չոլաքեան իր ծրագիրները, «Նոր Յառաջ»ի վերապրումի հարցի հետ պիտի դնէ հանրային քննարկման։ Յուսանք ան կը ստանայ անհրաժեշտ աջակցութիւնը։ Մեր զրոյցը այս մասին էր։

Մեկնաբանել