«Գանձասար»ի Խմբագրատունը Կողոպուտի Ենթարկուեցաւ

«Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ վերջին օրերուն, Հալէպի ապահովական վիճակը դարձած է մտահոգիչ. ամէնօրեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան գրասենեակներու, բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու կողոպուտներ:

Կողոպուտի ենթակայ դարձաւ նաեւ Հալէպի Մունշիէ շրջանի Ազգային «Արարատ» շէնքը՝ իր բոլոր սեփական դարմանատուներով եւ գրասենեակներով, որոնց կարգին նաեւ «Գանձասար»ի խմբագրատունը:

Ըստ «Գանձասար»ի՝ այս վիճակը հետեւանքն է ոստիկանութեան եւ քաղաքի ապահովական համակարգի ցարդ անկազմակերպ ըլլալուն: Թերթը նաեւ հետեւեալ կոչը կ՛ընէ համայնքին. «Պէտք է զգոյշ ըլլալ. գրասենեակներու, գործատեղիներու եւ բնակարաններու ապահովական անհրաժեշտ կարիքները կրկնապատկել եւ ուշ ժամերուն փողոցը չմնալ»։

Մեկնաբանել