Սուրիահայերը ընդդիմութեան համակիրներուն ակնոցով

Նոյեմբերի 9-ին «Խումբ մը Սուրիահայ Քաղաքացիներ» ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ համացանցին վրայ, որ շուտով տեղ գրաւեց Սուրիական Յեղափոխութեան ֆեյսպուքի հիմնական էջին վրայ, բացառիկ առիթ ընծայելով այդ էջի մօտաւորապէս 650 հազար հետևորդներուն, ծանօթանալու մինչ այդ խստիւ կառավարամէտ նկատուած հայ համայնքի մէկ այլ երեսին:

Յայտարարութիւնը կը նշէր թէ սուրիահայերը ապաւինած են հայ – արաբական եղբայրական գոյակցութեան վրայ և սուրիական տագնապի առաջին օրերէն ի վեր անոնք ունեցած են անհատներ, որոնք իրենց քաղաքական գործունէութեան համար հալածանքի ենթարկուած են: Յայտարարութիւնը կը պատճառաբանէր, թէ հայերը չէզոք դիրք որդեգրած են, անցեալի իրենց քաղաքական ու հասարակական սահմանափակ գործունէութեան հետևանքով՝ տնտեսական ու վաճառական բնոյթ ունեցող աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած ըլլալով յատկապէս:

Յայտարարութիւնը կ’ընդգծէր թէ «վերջին դէպքերը նոր ու բարդ իրականութիւն մը ստեղծեցին, ուր հայեր չգտան իրենց համար պատշաճ քաղաքական յենարան, հետևաբար, նախընտրեցին չէզոք մնալ»:

Յայտարարութիւնը կը յորդորէ սուրիացիներուն հասնելու «քաղաքական ամբողջական ու իրագործելի լուծումի մը, ամենէն կանուխ ժամանակ, որպէսզի Սուրիան դառնայ բոլոր քաղաքացիներուն հայրենիքը, ուր բոլորը, առանց բացառութեան, պիտի կարենան ապրիլ արժանապատուութեան և ազատութեան պայմաններու տակ»:

Ընդիմադիրներուն նկատմամբ բացայայտօրէն դրական տրամադրուած այս յայտարարութիւնը, պէտք էր, իրականութեան մէջ, նոյնանման դրական մեկնաբանութիւններու առիթ ընծայեր այդ ընթերցողներու շրջանակին մէջ: Առանձնացնելէ ետք հայերու կողմէ եղած սակաւաթիւ մեկնաբանութիւնները, ինչպէս նաև հայերուն հետ առնչութիւն չունեցող այլ մեկնաբանութիւնները, մեր տրամադրութեան տակ կը մնան 58 մեկնաբանութիւններ, զորս յարմար նկատեցինք ամբողջութեամբ տալ հոս, որպէսզի գոյացուի հարազատ պատկեր մը ընդիմադիր շրջանակին մէջ հայերուն նկատմամբ տեղ գրաւած կարծիքներուն մասին:

58 մեկնաբանութիւնները կարելի է բաժնել երկու մասերու՝ 19 դրական (32%) և 39 ժխտական (68%):

Դրական մեկնաբանութիւնները հետեւեալներն են (Այստեղ յիշուած են նաև թեթևօրէն դրական կարծիքները և այն կարծիքները, զորս կարելի չէ ամբողջութեամբ ժխտական որակել)՝

– Հայերը արհեստներու և ճարտարարուեստի մէջ հրաշալի ձիրքեր ունին: Շատ ափսոս պիտի ըլլայ եթէ այսքան հեշտութեամբ հրաժարինք իրենցմէ:

– Նուազագոյնը անոնք անկեղծ են և ոճրական արարքներ չեն կատարեր:

– Մեծ վնաս չհասցուցին մեզի և միևնոյն ատեն օգուտ ալ չպատճառեցին: Կը խորհիմ թէ մտահոգուելու պատճառ չկայ: Հայերը խաղաղասէր են իսկ հայրենիքին մէջ ամէնուն համար տեղ կայ:

– Եթէ մէկը իրենց վնաս պիտի հասցնէ, այդ պիտի ըլլայ Ասատի վարչակարգը: Մենք բոլոր հայերը կը յարգենք:

– Մեր ողջոյնները բոլոր ազնիւ քաղաքացիներուն:

– Հայերը, Սուրիոյ մէջ թէ դուրս, մեր սիրելիներն են ու բարեկամները: Անոնք յարգարժան մարդիկ են և լաւ արհեստաւորներ: Ասատը կ’ուզէ մեզ իրարմէ հեռու պահել:

– Հայերը սուրիական հասարակութեան մէկ անբաժան մասնիկն են:

– Հայերը առաքինութեան և քաղաքավարութեան գագաթնակէտն են:

– Ամօթ է այս խօսակցութիւնը այստեղ: Հայերը մեր եղբայրներն են ու մենք պէտք է անոնց պաշտպանենք: Մի մոռնա՛ք որ սուննի դաւանանքի պատկանողներուն մէջ ալ կան մարդիկ որոնք ոճիրներ գործած են:

– Փոքրամասնութիւններուն մտավախութիւնները պէտք է նկատի առնուին:

– Ինչպէ՞ս պիտի յաջողի մեր յեղափոխութիւնը եթէ կասկածի տակ առնենք այլ կողմի բարի կամեցողութիւնը: Սուրիան միայն սուննիներուն կամ արաբներուն չի պատկանիր: Եթէ այդպէս մտածենք հատուածական ոգին շեշտած կ’ըլլանք:

– Շատ լաւ յայտարարութիւն մըն է: Կ’ողջունենք բոլոր ազնիւ հայերը:

– Եթէ խաղաղութեան կողմ թեքեցան, մենք ալ կը թեքինք այդ կողմ (Ղուրանի ասացուածք): Պէտք է իմանանք թէ անհատական գործերը չեն ներկայացներ լրիւ հասարակութիւն մը:

– Հայերը թերևս պէտք ունին կարգ մը երաշխիքներուն որպէսզի կարենան յեղափոխութեան միանալ:

– Հայերը ազնիւ են ու անկեղծ:

– Ողջոյն հայերուն:

– Դուք մեր ժողովուրդն էք և մեր սիրելիները:

– Վարչակարգի բանտերուն մէջ կար Ճիմի Շահինեան անունով ընդիմադիր մը, որ առաջիններէն էր ձերբակալուեցաւ Ռաքքայի փողոցներուն մէջ ցոյցերուն ընթացքին: Քանիցս ազատ արձակուած է և վերստին ձերբակալուած:

– Աստուած թող պահպանէ Սուրիոյ բոլոր բնակիչները՝ արաբները, քիւրտերը, հայերը, ևայլն: Հայերուն (և միւսներուն) վրայ պէտք չէ իրենց կարողութենէն անդին ծանրաբեռնել:

Ժխտական մեկնաբանութիւնները հետևեալներն են (Այստեղ տրուած են նաև թեթևօրէն ժխտական կարծիքները, ինչպէս նաև հեգնական միտքերը)՝

– Ո՞վ է «միւս կողմը» ըստ այս յայտարարութեան: Հայերը ըսել կ’ուզեն թէ մենք ձեր հետ կապ չունինք: Դուք խեցեղէն ամաններու նման զիրար զառնուելով պիտի փշրուիք (արաբական առած), իսկ մենք մեզ ազատ կ’արձակենք պատասխանատուութենէ, որպէսզի իշխանութեան փլուզումէն ետք մեզ «շապիհա» (կառավարամէտ վարձկան) չ’անուանէք և մեզ վնաս չհասցնէք:

– Հայաստան զէնք կ’ուղարկէ սուրիական վարչակարգին:

– Հայերը այնպէս մը կը վարուին կարծես հիւրեր ըլլան հոս:

– Սուտ է: Հայերը բոլորը «շապիհա» են և Ասատին համակիր:

– Այս կոչը պէտք չէ հոս տպուի: Մենք հայերուն հետ որևէ առնչութիւն պէտք չէ ունենանք:

– Կը բաւէ այսքանը: Եկէ՛ք և տեսէ՛ք Հալէպի հայերը: Ի՞նչ եղբայրութեան մասին է խօսքը: Ինչո՞ւ չենք աքսորեր այս դաւաճանները դէպի Հայաստան:

– Ան որ Սուրիոյ մէջ չ’ապրիր պիտի չտեսնէ հայերուն ըրածները: Դժբախտաբար, անոնք սև ատելութիւն ունին իսլամին նկատմամբ, հակառակ որ մենք իրենց որևէ վնաս չենք պատճառած: Ընդհակառակը, ապաստան տուինք իրենց, բայց մեզ դաւաճանեցին:

– Պիտի ուզէի իմանալ թէ այս խումբ մը սուրիահայերը, որոնք ստորագրած են այս յայտարարութեան տակ քանի՞ հոգի են և ի՞նչ է այդ քաղաքական լուծումը որուն մասին կ’ակնարկեն: Զարմանալի:

– Պէտք է հայերուն և այլ փորքրամասնութիւններուն պաշտպանել, իսկ սուննիներուն վերաբերեալ խնդիր չկայ՝ անոնք վարժուեցան մեռնելու ռմբակոծուի, ձերբակալութիւններու, աքսորի և արգելափակումներու տակ:

– Ես անձամբ խնդիր չունիմ իրենց դիրքորոշումին հետ, բայց ան որ ինքզինք հիւր կը նկատէ և այնպէս կը վարուի, որ իբրև թէ կապ չունի երկրի բնակչութեան հետ, թող չնեղանայ հետագային, իշխանութեան տապալումէն ետք, երբ իր հետ վարուին որպէս հիւր ու երկրի քաղաքականութեան հետ առնչութիւն չունեցող մարդիկ: Ես անձամբ կը խորհիմ, թէ պաղեստինցի սուրիացիները հայերէն աւելի իրաւունք ունին ապագային ազատ ընտրութիւններու մասնակցելու: Գոնէ պաղեստինցիները հետաքրքրուեցան սուրիացիներով և պայքարեցան իրենց շարքերուն մէջ գտնուղ «շապիհա»ներուն դէմ:

– Հալէպի մէջ կառավարամէտ բոլոր կայքերը հայերուն կը պատկանին:

– Իսկապէս ձանձրացանք այս փոքրամասնութիւններէն: Անոնք միայն իրենք իրենց մասին կը խօսին երբ իրականութեան մէջ մեր երիտասարդներն են մեռնողները: Յետոյ անոնցմէ ամէն մէկը պիտի գայ և իր իրաւունքները պահանջէ:

– Աստուած թող չյաջողցնէ իրենց: Քեսապի շրջանին մէջ մեր երիտասարդները մորթուեցան: Եթէ իրենք չ’ըլլային Քեսապի սահմանային կէտը մինչև հիմա ազատագրուած պիտի ըլլար:

– Շատ լաւ խօսք հրապարակած են, բայց հայութեան քանի՞ տոկոսը կը հաւատայ այս յայտարարութեան, 10%-ը թէ՞ 1%-ը: Ինծմէ լսեցէ՛ք և Հալէպ եկէ՛ք ու ձեր աչքերով պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս կը վարուին մեզ հետ:

– Հայերը մեր գլուխը տարին խօսելով թուրքերուն ըրած ջարդերուն մասին, բայց երբ Ասատը սկսաւ ջարդել մեր ժողովուրդը անոր կողքին կանգնեցան: Անոնք սուրիացի երբէք չեն եղած և պիտի չ’ըլլան: Ահա հիմա երկիր մը ունին, թող հոն երթան այստեղէն չվտարուած:

– Կարծես երևակայական աշխարհի մը մէջ են հայերը ու կը կարծեն թէ մէկ յայտարարութեամբ ամէն հարցերը պիտի լուծուին:

– Զարմանալի յայտարարութիւն մը: Կ’ըսեն որ ներսը չէզոքութիւն որդեգրած են, բայց դուրսի հայերը բոլորն ալ Ասատին հետն են: Ի՞նչ է գաղտնիքը: Արդեօ՞ք ներսինները սկսան զգալ թէ դանակը վիզին մօտեցած է և մտածեցին այսպիսի յայտարարութիւն հրապարկել: Ինչո՞ւ նման յայտարարութիւն մը ասկէ քանի մը ամիս առաջ չտեսանք:

– Ֆրանսայի հայերը յայտնի են իսլամներու ատելութեամբ:

– Այս յայտարարութիւնը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ: Պարզապէս գրեցին որպէսզի իրենց կեղտերը ծածկեն: Միակ փոքրամասնութիւնն է որ կանգնած է վարչակարգին կողքին: Միւսները կա՛մ յեղափոխութեան կողքին են կա՛մ իսկապէս ու գործնականապէս չէզոք են: Հայերը այս սխալ ընթացքին համար տեղ չունին ապագայ Սուրիոյ մէջ:

– Հայերը Ասատին կողքին կանգնեցան ու փողոց իջան զօրակցութեան քայլարշաւներով, իսկ հիմա երբ զգացին թէ Ասատին վերջը մօտ է, սկսան մագլցիլ նահատակներուն արիւններուն վրայ:

– Վստահ եմ նոյնիսկ 1% չէզոք հայ չկայ: Անոնց 99%-ը յեղափոխութիւնը կ’ատէ և մեզ անվայել ածականներով կը կոչէ ու հայհոյանքներ կը տեղացնէ մեր հասցէին:

– Ըստ երևոյթին կը փորձեն իրենց երեսը ճերմկցնել երբ արդէն զգացին թէ վարչակարգը տապալելու վրայ է: Ո՞ւր էին մինչև հիմա:

– Աչքերս արցունքով լեցուեցան (հեգնական):

– Կը բաւէ մեր վրայ խնդան: Հաշուեյարդարի ժամը մօտացած է և ամէն ինչի հաշիւ պիտի տան:

– Իմ մեծ մայրս կ’ըսէր, թէ ֆրանսացիներու ժամանակ հայերը կ’օգնէին Ֆրանսացիներուն՝ երկրի իսլամ բնակչութեան դէմ:

– Յայտարարութիւններ հանելու փոխարէն զսպեցէ՛ք ձեր զաւակները և մի ձգէ՛ք որ անոնք «շապիհա» դառնան:

– Ան որ Սուրիոյ մէջ պիտի ապրի, պէտք է յարգէ նահատակներուն արիւնը:

– Մոռցած էինք իրենց մասին և հիմա եկան մեզ յիշեցնելու: Կը բաւէ շողոքորթութիւն: Մի մտահոգուիք: Ասկէ վերջ պիտի չմոռնանք ձեզ:

– Անիմաստ յայտարարութիւն է ձևականութեան համար:

– Ո՛չ մէկ ակնկալութիւն ունինք հայ համայնքէն:

– Հարցուցէ՛ք Հալէպի հայերուն և պիտի տեսնէք, թէ անոնք իրենք զիրենք սուրիացի կը նկատեն միւսներուն նման: Բայց ինչո՞ւ պիտի երաշխիքներ ուզեն: Այլ փոքրամասնութիւններ միացան յեղափոխութեան առանց որևէ երաշխիքի:

– Պաղեստինցիները հայերէն աւելի փաստացի են իրենց սուրիական պատկանելիութեան մէջ:

– Պատմութիւնը կը կրկնուի: Անգամ մը ևս ականատես կ’ըլլանք հայկական դաւաճանութեան, այս անգամ սուրիացիներուն դէմ, որոնք գրկաբաց ընդունած էին հայերուն: Այցելելով իրենց համացանցային էջերը պիտի տեսնէք, թէ չկայ ոչ մէկ անհատ իրենց շարքերուն մէջ, որ զօրավիգ կանգնած ըլլայ մեր ազնիւ յեղափոխութեան: Անոնց մէջ ընդիմադիր չկայ ընդհանրապէս: Զարմանալի է այս յայտարարութիւնը, որ կրնայ ըլլալ թէ հրահանգուած է հայազգի Լաւրովին կողմէ, որ կը փորձէ օգնել իրենց և ապահովել անոնց ներկայութիւնը:

– Ստախօս են և շողոքորթ: Այս յայտարարութեամբ կը փորձեն ծածկել իրենց իսկական երեսը, մանաւանդ որ հիմա այլևս յայտնի է որ վարչակարգը պիտի իյնայ:

– Ո՛չ մէկ խօսք կայ վարչակարգի վայրագութիւններուն և ոճիրներուն մասին: Բռնատէրին դէմ պայքարի ատեն, չէզոքութիւնը կը զօրացնէ բռնատէրը:

– Տակաւին կը խօսիք փոքրամասնութիւններուն մասին և մտահոգ կը թուիք ըլլալ անոնց մասին, մինչդեռ մեծամասնութիւնն է որ կը տուժէ հիմա և շատ սուղ կը վճարէ ազատութեան գինը: Ես հատուածական մօտեցում չունիմ, բայց պէտք է ընդունիլ թէ փոքրամասնութիւնները մեծ մասամբ վարչակարգին կողքին կանգնած են:

– Ինչո՞ւ պարտաւոր ենք համբուրել այս փոքրամասնութիւններուն ոտքերը: Այսքան մարդ կորսնցնելէ ետք մենք պիտի դառնանք փոքրամասնութիւն:

– Կը բաւէ խեղկատակութիւններ ընէք չէզոքութեան անունով: Չէզոքութիւնը կը յարմարի անոնց, որոնք գաղտնօրէն կ’ուզեն գործակցիլ վարչակարգին հետ: Հայրենիքին վերաբերող կարևոր հարցերուն մէջ չէզոքութիւնը անընդունելի վարկագիծ է:

– Այս ջարդերուն դիմաց կարելի չէ լուր և չէզոք մնալ:Լրութիւնը դաւաճանութիւն է:

– Զարմանալի է, որ նոր-նոր հայեր կը մտնեն յեղափոխութեան շարքերը այս օրերուն:

Նկատելի է թէ վերև տրուած կարծիքներուն կարևոր տոկոսը (68%) ժխտական է: Այս առումով, հրապարակուած յայտարարութիւնը, որ կը միտէր ընդիմադիր շրջանակին մօտ հայերուն մասին դրական մթնոլորտ ստեղծել, իրականութեան մէջ չյաջողեցաւ այդ նպատակին հասնիլ, հակահայ տրամադրութիւններու բարձր ցուցանիշի գոյութեան պատճառով:

Մեկնաբանութիւնները ցոյց տուին թէ մեր մասին ընդհանրապէս ժխտական կարծիք կը տիրէ այս օրերուն, երբեմն մինչեւ թշնամական աստիճանի: Ժխտական տրամադրուածութիւնը օրըստօրէ կը շեշտուի, քանի որ անոր տուն տուող պատճառները հետզհետէ կը սաստկանան:

Բարեբախտաբար, ժխտական կարծիքներու կարևոր մասը պատմական կամ կրօնական հիմքերուն վրայ եղած չէ, այլ ուղղակի արդիւնքն է ներկայ քաղաքական բևեռացումին, ինչ-որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ համապատասխան քարոզչական կամ հանրային յարաբերութիւններու աշխատանքի լծուելու՝ այն յոյսով որ կարելի պիտի ըլլայ ժխտական տրամադրութիւնները վերացնել ու Սուրիոյ հայ համայնքին բնականոն զարգացման հեռանկարները վերահաստատել:

Հրաչ Քալսահակեան

Լուսանկարում՝ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցում Վերջին Դատաստանի սրբանկարը

Մեկնաբանել