Արցախ Աշխարհէն Մինչեւ Հալէպ

Արցախը թող խորհրդանշէ ամբողջ Հայաստանը՝ իր սահմանային գիւղերով, իր դպրոցներով, ջրագիծերով ու հիւանդանոցներով, իր համայնքային կեդրոններով ու մշակութային օճախներով:

Հալէպն ալ թող խորհրդանշէ ամբողջ Սուրիոյ մէջ ամէնօրեայ արհաւիրք ապրող հայութիւնը, թող խորհրդանշէ կրակոցներու տակ իսկ դպրոց պահելու կամք ունեցող համայնքը, հպարտ ու լայնասիրտ գաղութի տոկուն զաւակները:
Վաղը նուիրաբերելու օր է: Վաղը «Հայաստան» հիմնադրամի հանգանակութեան արշաւին աշխարհատարած ազդանշանը պիտի հնչէ Լոս Անճելըսէն: Եկէ՛ք, իբրեւ լոսանճելըսհայեր, արդարօրէն պարծենանք, որ մեր շրջանէն՝ այստեղէն, համահայկական պատգամներ կը սփռուին աշխարհով մէկ, որ այստեղէն հայրենասիրութեան, յանձնառութեան ու ազգաշէն գործերու մասնակցութեան փառաբանումը կը կատարուի:

Վաղը տալու օրն է: Ազգային տուրք, պարտք, սակ, ցենզ… ի՛նչ բառով կ՛ուզէք՝ բնութագրեցէք տալիքը, մե՛ր տալիքը, բոլորի՛ս տալիքը, իւրաքանչիւրս՝ իր կարողութեան չափով, քիչ մըն ալ մեր կարողութիւնը գերազանցելու ճիգը շօշափելի դարձնելու քաղցրիկ պարծենկոտութեամբ:

Վաղը տանք, եւ եթէ առաջարկներ, կարծիքներ ու խորհուրդներ ունինք հանգանակութիւնը կազմակերպող համահայկական կառոյցին, ապա փոխանցենք զանոնք յաջորդ օրն իսկ, մնացեալ բոլոր օրերուն՝ շինիչ, կառուցողական ոգիով, առանց չարութեան:

Վաղը մեր խնդիրը պիտի ըլլայ գերազանցել նախորդ տարիներու արդիւնքները. վաղը մեր ճիգը պիտի կեդրոնանայ՝ տնտեսական ոչ բարենպսատ պայմաններու տակ իսկ՝ հանգանակութիւնը պատուով փակելու վրայ: Թէ որքա՛նը ո՞ւր պիտի յատկացուի՝ սակարկութիւնը յետոյ:

Աբօ Պողիկեան, «Ասպարէզ»

Մեկնաբանել