Site icon CIVILNET

Հալէպ, Վերամուտ – 3

Հայերէնի Ուսուցումը-Ա.

Վերամուտեան այս օրերուն եկէք բոլոր դասանիւթերը մէկ կողմ դնենք եւ արձանագրենք նախորդ տարիներու մեր շրջանաւարտներուն հայերէն լեզուի եւ գրականութեան իմացութեան մօտաւոր չափը:

Ծայրայեղ տգիտութեան առջեւ չգտնուելու, անճոռնի ուղղագրութեան մը վկան չըլլալու, խօսակցական աղաղաղուած հայերէն մը չլսելու եւ յուսախաբ չըլլալու համար լեզուն ալ մէկ կողմ ձգենք, տեսնենք, թէ հայ գրականութենէն ի՞նչ սորված են մեր տղաքն ու աղջիկները՝ 15 տարի ամենօրեայ հայկական դպրոց երթալով, այդ ալ Մայր գաղութ կոչուած Հալէպին մէջ:

Զանազան դպրոցներէ եթէ տաս աշակերտ քով-քովի բերենք եւ անոնցմէ խնդրենք, ուզենք, պահանջենք տաս հայ բանաստեղծի անուն տալ, անոնք իրար անցած պիտի ըսեն.

-Ռաֆֆի,- պիտի սկսին մէկ-երկուքը:

-Ռաֆֆին բանաստեղծ չէ՛,- պիտի ընդմիջէ վիպասանը բանաստեղծէն զանազանել գիտցող մը:

-Մուշեղ Իշխան, Յակոբ Օշական…

– Օշականն ալ բանաստեղծ չէ: Պարոյր Սեւակ, Վահան, Վահան ը՜ը՜… Տէրեան, Թէքէեան…

-Չարենց, Եղիշէ Չարենց,

-Կապուտիկեան…

… Եւ տասը հոգիով հազիւ հինգ- վեց բանաստեղծի անուն պիտի կարենան քով-քովի բերել մեր շրջանաւարտները:

Եթէ 15 կամ 20 աշակերտ հաւաքած ըլլայինք, թերեւս անոնցմէ մէկը շատ լաւ գիտնար մեր բանաստեղծներուն անունները, աւելին՝ կարենար նաեւ անոնց բանաստեղծութիւններէն արտասանել:

Վրաս յարձակողներ պիտի ըլլան.

-Արդէն դուն միշտ կը չափազանցես,-պիտի ըսեն անոնք:

Ես չեմ չափազանցեր, հարցուցէ՛ք հայերէնի ուսուցիչներուն, աւելի ճիշդ՝ աշակերտներուն:

Անմիջապէս աւելցնեմ, որ մենք դժգոհ ենք համեմատած մեր գաղութի նախկին մակարդակին հետ եւ ոչ թէ այլ գաղութներու հայերէնի իմացութեան հետ. վստահաբար բոլորէն ալ շատ աւելի լաւ գիտեն հալէպահայերը մեր մայրենին, մանաւանդ խօսակցականը:

Բայց եւ այնպէս մենք մեր հայերէնէնի ուսուցման մակարդակէն դժգոհ ենք: Բոլորս դժգոհ ենք՝ Կրթական պատասխանատուները, դպրոցներու տնօրէնները, ուսուցիչները, ծնողները եւ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը: Չէ՞ որ մեր դպրոցներու գոյութեան գլխաւոր նպատակը հայերէնն է, չէ՞ որ բոլորս ալ առանց բացառութեան կը սիրենք հայերէնը…

Բոլորս ալ դժգոհ ենք, ուստի եւ բոլորս ալ միջոցներ կը փնտռենք հայերէնը լաւ սորվեցնելու:

2018 թուականի 21-23 Օգոստոսին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ Ուսումնական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Քեսապի մէջ կազմակերպուեցաւ ուսուցչական համագումար մը, որուն մասնակցեցան Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Ազգային վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցիչները, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն հրաւիրուած էին կրթական մասնագիտութեամբ բանախօսներ եւս: Միեւնոյն ատեն նման համագումար մըն ալ կազմակերպուեցաւ Հալէպի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանի ուսուցիչներուն: Երկու համագումարներուն ալ գլխաւոր մտահոգութիւնը հայերէնի ուսուցումն էր, զայն բարելաւելու միջոցներու փնտռտուքը: Մինչեւ այսօր ալ փնտռտուքի մէջ են: Ոեւէ մէկը բան պիտի չկորսնցնէ եթէ բոլորը մասնակցին այս փնտռտուքին: Ես ալ իմ կարգիս պիտի փորձեմ մտորել.

Հայերէնի մրցումներ կը կազմակերպենք, ընդգրկելով հայոց պատմութիւնը եւս: Այս մրցումները ունին հիմնական թերութիւն մը՝ հարցումներ եւ պատասխաններ, զորս նախակրթարանի 7-13 տարեկան տղաքն ու աղջիկները գոց պէտք է սորվին եւ մրցումէն անմիջապէս ետք… մոռնան, աւելի օգտակար չ’ըլլա՞ր եթէ իրենց յարմար բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ կամ հայոց պատմութենէն դրուագներ ընթերցեն եւ ասոնց մասին ուղղուած հարցումներու պատասխանեն: Հապա՞ եթէ այս ամէնը պատրաստելուն ուսուցիչներուն օգնեն բարձր դասարանցիները: Լաւ չ’ըլլա՞ր: Լաւ կ’ըլլայ, այսպիսով աւելի մեծերը թէ՛ կը սորվին, թէ՛ կը սորվեցնեն:

Ներկայիս, ամբողջ աշխարհը կը փորձէ փոքրիկներուն սորվեցնել խաղի միջոցով: Նոյնը չե՞նք կրնար ընել մենք: Չե՞նք կրնար օգտուիլ օգտուիլ Հ.Բ.Ը.Միութեան Առցանց Համալսարանի ծրագիրներէն: Կրնա՛նք, անշո՛ւշտ կրնանք, չէ՞ որ հոն ժամանակակից միջոցներ ընտրուած են՝ սորվիլը մեր պատանիներուն աւելի գրաւիչ դարձնելու համար:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի հայերէնի մեր ուսուցիչները անսահման ցաւով եւ տխրութեամբ կը համակուին ի տես աշակերտներու անտարբերութեան, մեծ է թիւը տունը հայերէնի գիրք չբացողներուն, դասարանին մէջ ուսուցիչի ըսածներուն ականջ չդնողներուն: գրաւոր ստուգումներուն մէկ բառ չգրողներուն: Ինչո՞ւ մեր յոյսը դասապահերուն վրայ չդնենք. Քննութիւններէն առաջ աշակերտները գրաւոր ստուգումներուն իրենց առջեւ թող բաց պահեն դասագիրքերը եւ հարցումներուն պատասխանները գտնեն… ի՞նչ կ’ըլլայ: Այդպիսով գոնէ «բան» մը սորված կ’ըլլան: Տեսողականին ինչո՞ւ աւելի կարեւորութիւն չենք տար, գրողներուն նկարներուն հետ ինչո՞ւ գրողին միջավայրը չենք ցոյց տար, ինչո՞ւ գրողին կենսագրութիւնը քանի մը չոր տողերով գոց սորվեցնելու, գրողի կեանքը նկարներով եւ տեսաժապաւէնով չենք ցոյց տար խօսելով նաեւ անոր ապրած ժամանակին մասին: աւելին, ինչո՞ւ այս ամէնուն պատրաստութիւնը ուսուցիչին ցուցմունքներով աշակերտներուն չենք վստահիր: Համացանցի դար է չէ՞, փառք Աստուծոյ հիմա ամէն ինչ կարելի է պրպտել եւ գտնել, իսկ աշակերտները մեզմէ դիւրին կրնան գտնել, միայն թէ գիտնան ի՞նչ պիտի պրպտեն: Նշենք, որ անցեալ տարուընէ սկսեալ Կրթական նախարարութիւնը ստուգումներէ աւելի աշակերտին գործնական աշխատանքներուն նիշ կու տայ: Ի՛նչ լաւ կ’ըլլայ եթէ Թումանեանի պահուն համացանցի միջոցով այցելենք մեծ գրողին Երեւանեան թանգարանը, կամ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի պահուն երթանք Հալէպի կիսաքանդ Ս.գէորգ եկեղեցի եւ անոր շրջափակին մէջ գտնուող Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ աշակերտները կարդան կամ արտասանեն «Քաջորդւոյն թաղումը» բանաստեղծութիւնը ինչե՜ր կը սորվին, չէ՞: Ինչո՞ւ բոլոր դպրոցներու աշակերտները չեն այցելեր Յակոբ Օշականը, չէ՞ որ մեր մեծ քննադատը Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտած է իր յաւիտենական հանգիստը:

Թատրոնը ամէն աշակերտ կը սիրէ, ամէն աշակերտ կը սիրէ դեր խաղալ, ինչո՞ւ դասերը չենք թատերականացներ, կամ առնուաազն տրամաթիք ընթերցանութեան չենք վերածեր: հաւատացէ՛ք պատկերը պիտի փոխուի եւ մենք աւարտական դասարանին մէջ կմկմալով ընթերցող աշակերտներու շատ աւելի քիչ պիտի հանդիպինք: Չէ՞ք նկատած, դասապահին 15 վայրկեան լուռ չկրնալ մնացող աշակերտը որքան աշխոյժ եւ ուրախ կ’ըլլայ գեղարուեստական յայտագրի մը պատրաստութեան 4-5 ժամ փորձէ ետք:

Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանը «Բարձունք» անունով աշակերտական տարեգիրք ունէր, Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանն ալ «շաւիղ»ը: խմբագիր ուսուցիչին օգնականները աշակերտներ էին, այստեղ աշակերտները բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ եւ այյլ գրական գործեր կը հրապարակէին: Ինչո՞ւ չվերակենդանացնենք, ինչո՞ւ բոլոր դպրոցները չունենան իրենց պարբերականները:

Ուրախալի էր, որ անցեալ տարի կազմակերպուեցան միջ դպրոցական միջոցառումներ՝ բոլոր դպրոցները միասին նշեցին Վարդանանցը, Ապրիլ 24-ը,միասնաբար գեղարուեստական յայտագիր մը պատրաստեցին նուիրուած հայ Հանճարներու: Շատ լաւ է, չէ՞: Ամէն մէկ հանդիութիւն հայերէն քանի մը դասապահ չ’արժե՞ր, ինչո՞ւ չենք շատցներ նման ձեռնարկները, ինչո՞ւ զարկ չենք տար արտադասարանային գեղարուեստական աշխատանքներու, որոնց անպայման մասնակից դարձնելով ամենամեծ թիւով աշակերտներ:

Մեր դպրոցական գրադարանները հարուստ են իրենց ունեցած գիրքերով, ինչո՞ւ աշակերտներուն չենք վստահիր զանոնք աշխուժացնելու պարտականութիւնը:

Ուսուցիչներուն գործը դժուար է, իսկ հայերէնի ուսուցիչ ըլլալը ամէն մարդու գործ չէ: Նոյնիսկ նուիրումը չի բաւեր, իսկ նուիրեալները շատ քիչ են, մանաւանդ աշխատասէր նուիրեալները, մանաւանդ Հալէպի ներկայ սղութեան պայմաններուն մէջ, երբ անոնց աշխատավարձերը այնքա՜ն հեռու են բաւարար ըլլալէ, իսկ աւելի բարձր ախատավարձ ապահովելը այնքա՝ն դժուար է մեր կրթական պատասխանատուներուն համար:

Կը հաւատամ, որ իմ մտորումներուս նոյնիսկ եթէ համաձայն չգտնուին մեր սիրելի ուսուցիչները, ապա անոնցմէ շատեր պիտի մղուին իրենց մտորումներով հայերէնի ուսուցման նոր ձեւեր գտնելու, ոչ միայն Հալէպի մէջ, այլ միւս գաղութներու մէջ ալ: Թերեւս «Մենք այս ամէնը կ’ընենք» ըսողներ ալ պիտի ըլլան:

-Ուրեմն լա՛ւ չէք ըներ,-պիտի պատասխանեմ անոնց:

Հոս ստորակէտ մը, աւելի ճիշդ միջակէտ մը պիտի դնեմ, յաջորդին շարունակելու մտորումներս հայերէնի ուսուցման՝ մասնաւորաբար մեր միութիւններուն եւ այլ կազմակերպութիւններուն անոր մէջ ունեցած դերին մասին:

Մանուէլ Քէշիշեան

27 Սեպտեմբեր 2019

Exit mobile version