Նամակ երկրէն
Անցեալ Ապրիլին, Հայ Իրաւաբաններու Միութեան ղեկավարներէն, իմ ընկեր՝ Կարօ Ղազարեանի Լոս Անճելըսի տան մէջ հաւաքոյթ մը կազմակերպեցինք, Տանձուտի դպրոցը նորոգելու նպատակով: Տանձուտը ազատագրուած Քաշաթաղի հիւսիսային գիւղերէն է: Բերձոր չհասած, անձնագրերու ստուգման կէտէն անմիջապէս առաջ եթէ աջ թեքուիք եւ կէս ժամ քշեք՝ կը հասնիք աւելի քան 100 բնակիչ ունեցող Տանձուտ գիւղը: Ազատագրուած տարածքներու բնակեցման եւ զարգացման ծրագրիներուն մէջ՝ Թուֆէնքեան հիմնադրամը որոշած էր նորոգել Տանձուտի դպրոցը, որ կը գտնուէր կիսափուլ վիճակի մէջ ու լուրջ սպառնալիք դարձած էր աշակերտներու առողջութեան եւ անվտանգութեան:
Աւելի քան վեց ամիս տեւած շինարարական աշխատանքներէ ետք, դպրոցի բացումը կատարեցինք Երեքշաբթի օր, Նոյեմբեր 12-ին:
Դպրոցի բացումին, բացի Արցախի Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանէն ու Կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի նախարար Նարինէ Աղաբալեանէն եւ Քաշաթաղի վարչական շրջանի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանէն, Երեւանէն յատուկ հրաւէրով Տանձուտ եկած էին նաեւ Ադամի ծնողքը: Աշակերտներու գեղեցիկ ասմունքներէն, երգ ու պարէն եւ սրտաբուխ արտայայտութիւններէն ետք, խօսք տրուեցաւ նաեւ մեզի՝ հիւրերուն: Յուզիչ էր մանաւանդ Ադամի մօր՝ Տիկին Գայանէի սրտի խօսքը: Յուզուած էր ինքը՝ հերոսին մայրը, որովհետեւ ազատագրուած այս սուրբ հողին վրայ, որուն համար իր զաւակը արիւն թափած էր ու կեանքը նուիրած էր, իր անունով դպրոց կը բացուէր ու երեխաները կը խոստանային միշտ յիշել զինք ու ապրիլ իր յիշատակով… Տխուր էր բայց միաժամանակ հպարտ, յուզուած էր բայց միաժամանակ ուրախ…
Հպարտ օրը հասած էր իր աւարտին: Ցտեսութիւն ըսինք իրարու եւ ճամբայ ելանք դէպի Երեւան: Ճամբան երկար էր, բայց աշնանային գոյներու հեղեղին տակ, ամէն ինչ երազային էր, ամէն ինչ՝ հաճելի, երբեմն նոյնիսկ՝ անիրական, ինչպէս մեր յաղթանակներն են, մեր ազատագրուած հողերը, մեր հերոսական պատմութիւնները…
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com