Քալե՞մ, թէ՞ չքալեմ Հալէպի փողոցներով՝ հայաշատ փողոցներով:
Արդէն «Հայաշատ» բառը կը սեղմէ կոկորդդ, դեռ քանի մը տարի առաջ այս փողոցները հայկական էին, դեռ քանի մը տարի առաջ Նոր գիւղը ոչ միայն Հալէպի այլ համայն Սփիւռքի սիրտը կարելի էր Համարել, առողջ, բաբախող սիրտը, ուրկէ բազմաթիւ մտաւորական ուսուցիչներ, գրողներ, քաղաքական գործիչներ, գաղափարախօսներ կը փոխադրուէին Պէյրութ՝ Պուրճ Համուտը կենդանի կը պահէին, կը սփռուէին աշխարհով մէկ, հայերէն կը սորվեցնէին, արեւմտահայերէնը կենդանի կը պահէին:
Մերը կորսնցնելով մխիթարուի՞լ այլոցմով, չէ՞ որ վերջ ի վերջոյ կարեւորը Սփիւքի մէջ հայկականութեան պահպանումն է, Հալէպ չեղաւ, Աւստարալիա թող ըլլայ, Գանատա կամ Շուէտ թող ըլլայ. Ոչ մէկ տարբերութիւն՝ եթէ Հայաստանէն դուրս կ’ապրինք. չէ՞ որ «մեր»ը ըսելով միայն Հալէպը պէտք չէ հասկնանք, այլ ամբողջ Սփիւռքը՝ հայասակաւՆոր Զէլանտայէն մինչեւ արդէն հայաշատ Թորոնթօ:
Կը սկսիմ քալել փողոցներով, կը սկսիմ Ճալա՛ա-էն. այս թաղամասը համեմատաբար նոր է, հազիւ 30 տարուան պատմութիւն ունի, կը գտնուի նախկին հայկական, ներկայի քրտաշատ բլուրի Տաուուտիէ թաղին ստորոտը: Տագնապէն առաջ, Ճալա՛ա-ը 7000 բնակչութիւն ունեցող զուտ հայկական, գեղեցիկ եւ հարուստ թաղ մըն էր. շէնք կառուցող, բնակարան ծախողները միայն հայերուն կը ծախէին այստեղի տուները, որպէսզի գիները բարձր պահէին: Հալէպի ամէնէն մաքուր փողոցներէն էր Ճալա՛ա-ը, իր անունը ստացած էր հոս կառուցուած համանուն մարզական ակումբէն: Հոս կային նաեւ թիւով քիչ ոչ հայեր: բոլորն ալ քրիստոնեայ: Հալէպի մէջ օրէնք դարձած սովորութիւն էր, մեր թաղերուն մէջ ոչ քրիստոնեաներու տուն չծախել, հրապուրելու համար գնորդները, «անխառն» շէնքերու կամ թաղերու մէջ տուները մի քանի տասնեակ հազար տոլար աւելի սուղ կ’արժէին: Հիմա այդ օրէնքը պարտադրաբար վերցուած է, որորվհետեւ տուն գնող քրիստոնեայ գրեթէ չէ մնացած, տուն ծախող-գնող առեւտրականներն ալ մեր թաղերու տուներուն գիները ամէն օր կ’իջեցնեն, վստահ ըլլալով, որ քրիստոնեաները ինչ գնով ալ ըլլայ պիտի ծախեն իրենց տուները, եթէ այսօր չէ, ապա վաղը՝ անպայման, չէ՞ որ այս տուներուն տէրերուն մեծ մասը արդէն իսկ գաղթած է:
Եօթ հազարանոց հայկական այս թաղամասը, տագնապի առաջին օրերէն ամէնէն վտանգաւոր շրջաններէն մին դարձաւ Ճալա՛ա-ը, որ տագնապի սկիզբէն շատ արագ շրջապատուեցաւ ընդդիմադիրներու կողմէ գրաւուած շրջաններով. այդ օրերուն մարդիկ կ’երթային-կու գային հակառակ ազդեցութիւններու տակ գտնուող վայրեր, յաճախ Ճալա՛ա-ի մէջ կը յայտնուէին զինեալներ եւ կ’առեւանգէին անզէն բնակիչներ, որոնք ազատ կ’արձակուէին հսկայ գումարներու դիմաց: Կեանքը անապահով դարձած էր, մէկ ժամուան ընթացքին տասնեակ հրասանդներու թիրախ կը դառնար այս թաղը եւ ասիկա կը կրկնուէր օրը քանի մը անգամ: Ահա թէ ինչո՛ւ այս շրջանը առաջին հայաթափուողներէն եղաւ, ո՛վ որ կրցաւ ճամբորդեց, մնացածը համեմատաբար քաղաքի աւելի ապահով շրջաններ փոխադրուեցաւ, օրինակ Սուլէյմանիէ կամ Ազիզիէ… Անշո՛ւշտ պարպուեցաւ նաեւ Մխիթարեան Վարժարանը, նոյնիսկ հոս մնացողներ իրենց զաւակները այլ հայկական դպրոցներ սկսան ղրկել:
Ճալա՛ա թաղամասին մէջ հիմա կրկին վերաշխուժանալ սկսած է Ճալա՛ա քրիստոնէական մարզական ակումբը, որ սուրիոյ պասքէթպոլի լաւագոյն խումբերէն մէկը ունի, հայ պասքէթպոլիստ ալ ունի, դանդաղօրէն կը վերաշխուժանայ թաղամասը, պետական դպրոց կը յաճախեն հարիւրաւոր արաբ աշակերտներ, Մխիթարեանը սակայն որքան ալ փորձէ կը մնայ սակաւաթիւ աշակերտներով: Այս թաղին մէջ հազիւ մի քանի հարիւր հայեր կ’ապրին: Մեծ է թիւը դատարկ տուներուն, թէեւ մեծ է թիւը նաեւ վարձու տրուած բնակարաններուն: Այս ամանօրեայ օրերուն տօնական եռուզեռի ոչ մէկ նշոյլ կայ եւ…
Եւ հոռետե՞ս, թէ՞ իրատես պիտի ըլլամ եթէ ըսեմ, այս թաղին մէջ Հայկական Կաղանդի եռուզեռը պիտի չտեսնենք այլեւս:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 29 Դեկտեմբեր 2019