Site icon CIVILNET

Ինչպէ՞ս էք hալէպահայեր – Լա՞ւ էք

Չենք կրնար ըսել, թէ Ազրպէյճանի Յուլիսեան նախայարձակումը Տաւուշի վրայ գրաւեց հալէպահայ գաղութի ամբողջ էութիւնը, մեր մէջ գտնուեցան նոյնիսկ անտարբեր մարդիկ, մինչեւ այսօր ալ մեր մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք չեն գիտեր, որ Տաւուշի մարզը Հայաստանի՞, թէ Ղարաբաղի մէջ է, բայց ընդհանուր առմամբ բոլորս մտահոգուած էինք Հայաստանի սահմանին վրայ ստեղծուած ծանր իրավիճակով, շատեր մօտէն կը հետքրքրուէին ամենօրեայ անցուդարձով, Հայաստանցիի չափ հպարտ էինք եւ ենք հայկական բանակի դիմադրողական զօրութեամբ, մեծ թիւով հալէպահայեր դիմատետրի իրենց էջերուն վրայ հպարտութեամբ տեղադրեցին մեր չորս նահատակներուն նկարները, սգացին վիրաւորուելէն իննը օր ետք մահացած զինուոր Մուրատեանի ծանր կորուստը: «Ի՞նչ պէտք է ընէ Սփիւռքը» հարցումին պատասխաններուն մեծ մասը հետեւեալներն էին.

-Իր բոլոր միջոցներով պէտք է տէր կանգնի հայոց բանակին. այս օրերուն աւելի կարեւոր օրակարգ չկայ:

-Պէտք է միասնականան ըլլալ, բոլոր հնարաւոր միջոցները տրամադրել եւ նեցուկ կանգնիլ հայոց բանակին… օտարէն ոչ մէկ բան ակնկալել:

– Աշխարհը տեղեակ պէտք է պահենք Ղարաբաղի դէպքերուն եւ Հայաստանի սահմանանմերձ շրջաններու վրայ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումներուն մասին… իրականութիւնը այն է, որ նաւթը աւելի բարձրաձայն կը խօսի քան մարդկային իրաւունքները:

– Հզօր Հայաստան կերտելու մէջ սփիւռքը իր քայլը պէտք է սկսի առնել: Պայման չէ Հայաստան ապրիլ, կարելի է ամբողջ աշխարհի որեւէ վայրէն քայլ սկսիլ հզօր, ապահով, արդար Հայաստանի հաւատարիմ մնալ՝ հեռու նեղ անձնական ամէն տեսակի հաշիւներէն… Երբ հզօր հայրենիք ունինք, ունինք նաեւ արժանապատուութիւն:

-Ախ, ախարհասփիւռ հայը հպարտ եւ գլուխը բարձր պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ինք զարկն է եւ առյաւէտ զարկը պիտի մնայ Հայաստանի սրտի:

-Միայն հայրենիքի տեսլականով ապրի:

-Այսօր ունինք յենարան մը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ինչպէս պատերազմի, այնպէս ալ խաղաղութեան օրերուն սփիւռքահայուն առօրեային կիզակէտը պիտի ըլլայ:

Թէեւ «Ի՞նչ կրնայ ընել, որ ի՛նչ ընէ» ըսող ալ եղաւ, բայց գտնուեցաւ նաեւ գործնական քայլի դիմելու առաջարկ ընող.

-Իւրաքանչիւր հայ ամէն ամիս մէկ տոլար պէտք է տրամադրէ հայոց բանակին:

Այս վերջին առաջարկը քանի մը անգամ փորձուած է իրականութիւն դարձնել Հալէպի մէջ. չէ՛ յաջողած, որովհետեւ ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն յանձն առած է զայն իրագործել, եւ մնացած է նեղ անձնական շրջագիծի մէջ: Վստահ եմ, այսօր, եթէ որեւէ կազմակերպութիւն նախաձեռնէ, հակառակ տիրող ծայրաստիճան աղքատութեան պայմաններուն, մեծ թիւով հալէպահայեր իրենց լուման կը տրամադրեն հայոց՝ ամենայն հայոց բանակին:

Անցեալ քանի մը շաբաթներուն, հալէպահայերուն ուշադրութեան կեդրոնը աւարտական դասարաններու պետական քննութիւններն էին, նոյնիսկ փառլամէնթական ընտրութիւնները չկրցան իրենց վրայ մեր ամբողջ ուշադրութիւնը գրաւել, թէեւ կային երեք հայ թեկնածուներ՝ մէկը մայրաքաղաք Դամասկոսէն , երկուքը Հալէպէն: Հալէպէն երեք կուսակցութիւններու եւ երեք հայ համայնքներու կողմէ որդեգրուած անկախ թեկնածուն, բարեբախտաբար վերջին օր ընդգրկուեցաւ իշխող կուսակցութեան ցանկին մէջ, ուր արդէն կար այլ հայ թեկնածու մը: Երեք հայերն ալ այժմ անդամ են փաօլամէնթին , պարագայ մը որ հազուադէպ է (կարծեմ Սուրիոյ պատմութեան մէջ 2-3 անգամ պատահած է): Հոս պէտք է նշել, որ Սուրիոյ մէջ մօտաւորապէս 60 տարիէ ի վեր կ’ընտրուին իշխող կուսակցութեան ցանկերը եւ անոր յօժարութեան արժանացածները միայն:

Աւարտական դասարաններու պետական քննութիւնները այս տարի Գորոնայի պատճառաւ քիչ մը ուշացան եւ տեղի ունեցան Յունիս-Յուլիս ամիսներուն: Սուրիոյ մէջ, պետական քննութիւններէն ետք տեղի կ’ունենան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններ. Հայկական իւրաքանչիւր դպրոց իր շրջանաւարտ աշակերտներուն պաշտօնապէս կու տայ երկրորդական ուսման աւարտի հաստատգիր-վկայական: Կէս դար առաջ, հայկական դպոցէ տրուած այս վկայականով շրջանաւարտները կրնային աշխարհի զանազան համալսարաններ ընդունուիլ, նոյնիսկ եթէ ձախողած ըլլային պետական քննութիւններու մէջ: Ներկայիս այս վկայականները կը հաստատեն հայ աշակերտին հայերէն սորված ըլլալը միայն եւ խորհրդանշական արժէք ունին, որ սակայն մեծապէս կը գնահատուի հալէպահայերու կողմէ եւ հայ ծնողները անպայման կը փափաքին, որ իրենց զաւակը տիրանայ այս վկայականին:

Այս տարի, Գորոնայի պատճառաւ, այս հանդիսութիւններու կատարումը հարցականի տակ էին, սակայն բոլոր դպրոցներն ալ ճոխ յայտագրերով կատարեցին հանդիսութիւններն ու անոնց յաջորդող խրախճանքները: Պետական քննութիւններուն արդիւնքները յայտարարուեցան 30 Յուլիսի առաւօտեան, մեր դպրոցները արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ, անոնց մէջ նոյնիսկ %100 յաջողութիւն արձանագրող եղաւ. ընդհանուր պատկերը հետեւեալն է.

Հայկական հինգ դպրոցներէ պետական պաքալորիայի մասնակցած աշակերտներուն թիւն է.

Գիտական 136 յաջողած են 122 աշակերտներ՝ %89,7 ( Սուրիա % 71,78)

Գրական 31 յաջողած են 30 աշակերտներ %96,7 (Սուրիա % 60.21)

Այս թիւերուն կարելի է գումարել նաեւ 10-15 աշակերտներ, որոնք մեր դպրոցներուն անունով չեն մասնակցած, որովհետեւ նախորդ տարիներուն չեն յաջողած:

Աւելցնենք նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի 47 յաջողածներէն թիւով … 4-5 հայ աշակերտները…

Արձանագրենք, որ մեր միւս դպրոցներէն եւս ոչ հայ աշակերտներ մասնակցած են, իրականութեան մէջ միայն երկու հայկական դպրոցներու յաջողած աշակերտները ամբողջութեամբ հայեր են՝ թիւով 56, որոնցմէ երկուքին միայն մայրերը հայեր են, միւս դպրոցներէն յաջողած թիւով 96 աշակերտներուն 56-ը հայեր չեն:

Ուրախութի՞ւնն է աւելի մեծ, թէ՞ տխրութիւնը: Ամէն մէկը ինք թող որոշէ:

Հիմա, երբ քննութիւններն ալ վերջացան, մեր գլխաւոր երկու մտահոգութիւններէն մէկը Գորոնայի համաճարակն է. երկար ատեն Սուրիոյ մէջ շատ քիչ էին վարակակիրները, վերջերս գրեթէ ամէն օր վարակակիրները 20-23ով կ’աւելնան, Յուլիս 30-ի դրութեամբ անոնց թիւը հասած է 738-ի, որոնցմէ 41-ը մահացած են: Այսօր վարակակիրներուն թիւը բարձրացաւ 757-ի, մահացածներունը՝ 43-ի, ապաքինածներունը՝ 237-ի… իրականութեան մէջ մեր քով շատ քիչ քննութիւններ կատարելու հնարաւորութիւնը ունինք, իսկ հիւանդներ ընդունելու հիւանդանոցները եւ բուժուելու միջոցները շատ սահմանափակ են, թերեւս 100-ի չեն հասնիր իսկ… ուստի եւ վարկաիրներուն ստոյգ թիւը տալ անկրելի է:

Պէտք է արձանգրել, որ վարակակիրներուն մէջ կան նաեւ զգալի թիւով հայեր, որոնց մէջ նաեւ հանրաճանաչ անձեր…

Մեր միակ յոյսը Աստուած է եւ մեր դիմադրողաականութիւնը, որն հաւանաբար մեծ է, երկու պատճառաւ, նախ որովհետեւ մենք բոլորս ալ զանազան վարակներու դէմ պատուաստուած ենք եւ երկրորդ, մեր մանկութենէն ապրելով ոչ այնքան մաքուր միջավայրի մէջ, բնականաբար շահած ենք զանազան հիւանդութիւններու դիմադրելու կարողականութիւն…

Մեր երկրորդ մտահոգութիւնը երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանրակշիռ վիճակն է: Բոլորս յուսահատ վիճակ ունինք, եւ այս կամ այն կազմակերպութեան կամ արտասահմանէն անհատ բարերարներու օգնութեան կը սպասենք: Հայկական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն իրենց կարելին ընել, յաճախ կը լսենք. «Բարեգործականը նպաստընկալներու թիւը քանի մը հարիւրով աւելցուցած է», կամ Հայ կաթողիկէ բարեսիրական Միութիւնը 210 ընտանիքներու սննդակողովներ բաժնած է» եւայլն, եւայլն… Հհաւաստի աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ շատ շուտով Հայաստանի Հանրպետութեան Հալէպի հիւպատոսութիւնը եւս սննդակողովներ պիտի տրամադրէ անխտիր բոլոր հայերուն:

Այսօր Պայրամ է, Իսլամական Ատհա՝ զոհաբերութեան զատիկը: Մեծահարուստներ ոչխարներ պիտի զոհաբերեն եւ միսը բաժնեն բախտաւոր իսլամ աղքատներուն, որոնք հաւանաբար ամիսներէ ի վեր չեն համտեսած ոչխարի միսը, մոռցած են անոր համը…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 31 Յուլիս 2020

Exit mobile version