Site icon CIVILNET

Պայքարը մէկ ուղղութեամբ չի սահմանափակուիր. Վիգէն Յովսէփեան

Ազգայինէ մը հեռախօսազանգ ստացայ, ուր ան մտահոգութիւն կը
յայտնէր թէ ինչպէ ՞ս կարելի է արդարացնել համայնքներու լարումը
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով պահանջատիրութեան
համար ստորագրահաւաքներ ու այլ միջոցառումներ կազմակերպելով,
երբ հայրենիքի մէջ հող կոսնցուցինք եւ այսօր ալ նոր
մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած ենք:
Ամիս մը առաջ նմանօրինակ պատգամ մըն ալ ստացած էի անծանօթ
հայրենակիցէ մը (Ինչո՞ւ ցեղասպանութեան ճանաչում կը
պահանջէք, պահանջեցէք Արցախի ճանաչում)։
Իմ պատասխանս կ՛ամփոփեմ հետեւեալ վեց կէտերու մէջ.

  1. Հայ Դատի եւ յանուն հայ ազգի ազատագրական պայքարը
    բազմամակարդակ եւ բազմաշերտ կռիւ է, որ կը պահանջէ պայքար մի
    քանի տարբեր ուղղութիւններով:
  2. Հայ ազգի պահանջատիրութեան ուղղութիւնները երբեմն իրարմէ
    անկախ, բայց շատ անգամ փոխ-կապակցուած տրամաբանութեամբ
    առաջ կը տարուին։
  3. Տուեալ պահու մը, տուեալ պայմաններու բերումով,
    կարելիութիւններ կը ներկայանան մէկ կամ միւս ճակատի
    ուղղութեամբ պայքարը սաստկացնելու, մինչ մէկի սաստկացումը
    յաճախ իր բարենպաստ ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ այլ
    ուղղութեամբ տարուած պայքարին: Օրինակ, Թուրքիոյ դէմ տարուող
    քարոզչական մարտերը, նաեւ իրենց պտուղները կ՚ուտան մեր հաւաքական պայքարի այլ ուղղութիւններուն, այսինքն Արցախի ուղղութեամբ։
  4. Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած պայքարի ճամբով
    ձեռք բերուած յաջողութիւնները, բարեկամութիւնները, քաղաքական
    բանալիները միշտ ու միշտ ծառայած են ու կը ծառայեն մեր
    հաւաքական օրակարգի այլ ուղղութիւններու օգտին՝ ՀՀ-ին ու
    Արցախին տնտեսական թէ այլ օժանդակութիւն հասցնելէն մինչեւ
    Արցախի հիմնահարցի գծով յառաջխաղացքի ապահովումը։
  5. Աշխարհով մէկ եւ տասնամեակներու վրայ Թուրքիոյ դէմ
    շղթայազերծուած պայքարը որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում
    եւ համապատասխան հատուցում կը պահանջէ, նաեւ կը ծառայէ ազգի
    զաւակները զգօն պահելու եւ սերունդներ դաստիարակելու, ինչը իր
    անմիջական դերը կը խաղայ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ բարձր
    պահելու ազգային ազատագրական պայքարի գծով յանձնառութեան
    ոգին:
  6. Որեւէ պահի, մէկ ուղղութեամբ եւ մէկ ճակատի վրայ ուժերու
    լարումը չի նշանակեր մէկ այլ ուղղութեամբ ճիգերու մեղմացում:
    Աշխարհի վրայ տասը միլիոն հայեր, իւրաքանչիւրը իր
    պայմաններուն համեմատ եւ իր կարելութեան սահմաններուն մէջ
    պէտք է նպաստէ համընդհանուր պայքարին, այն ուղղութեամբ որ
    կարելի է: Պայքարիլ հայրենիքի եւ անոր ամբողջականութեան ու
    վերելքին համար, չի նշանակեր որ մարդ չկարողանայ ակնթարթ մըն
    ալ տրամադրել ու ստորագրահաւաքի մասնակցիլ: Տղաք եւ
    սերունդներ իրենց կեանքը տուած են ազգին համար, մեզմէ
    ակնկալուածը շատ յաճախ ոչինչ է բաղդատութեան մէջ:
    Վերջապէս, Ապրիլը Թուրքիայէն հայկական պահանջատիրութիւնը
    խորհրդանշող ամիսն է։ Հակառակ մեր կորուստներուն ու
    պարտութիւններուն, պիտի վերանորոգենք մեր կռիւը, պիտի շարունակենք պահանջել, պիտի շարունակենք պայքարիլ, եւ պիտի արձանագրենք նորանոր յաղթանակներ մեր դարաւոր, բազմամակարդակ, բազմաշերտ ազատագրական պայքարին մէջ՝ մինչեւ ամբողջական յաղթանակ։ Ամէն մէկ քայլ որ կ՚առնենք այս ուղղութեամբ, խօսքերն ու խոստումները դուրս կը բերենք լոզունքայինէն ու հռետորականէն, ու զանոնք կը վերածենք իրականութեան:

Դոկտոր Վիգէն Յովսէփեան

Exit mobile version