Site icon CIVILNET

«Սատարենք Մեր Հերոսներին»ի Համար Սեպուհ եւ Թամար Սիմոնեաններու Կազմակերպած Հաւաքին 170,000 Տոլար Հանգանակուեցաւ

Հանրածանօթ երաժիշտ, Capital Cities խումբի ղեկավար Սեպուհ Սիմոնեան (Sebu), իր տիկնոջ՝ Թամարի եւ մտերիմ ընկերներու հետ, կազմակերպած էր իւրայատուկ երեկոյ մը՝ ի նպաստ «Սատարենք Մեր Հերոսներին» (Support Our Heroes) կազմակերպութեան, որուն նպատակն է՝ օգնութեան հասնիլ Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի վերականգման աշխատանքներուն, ժողովուրդի եւ մարտիկներու այլազան պէտքերուն։

Երեկոն կազմակերպուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ։ Անոր մասնակցեցան բազմաթիւ երաժիշտներ եւ արուեստագէտներ, որոնք սիրայօժար նուիրեցին իրենց կատարումները կամ արուեստի գործերը։ Երգերով, խօսքերով, տեսանիւթերով կամ նկարներով հանդէս եկան արուեստագէտներ՝ Սեպուհ Սիմոնեան, Սերժ Թանգեան, Անժելա Սարաֆեան, Վահէ Պէրպէրեան, Անթիք, Միշօ, Արմին, Պէյրու, Ճիւան Գասպարեան Ճունյըր, Արա Տապանճեան, Սօսէ Քէշիշեան, Արտեոմ Մանուկեան, Անդրանիկ Գզիրեան, Սէմ Պապայեան, Ճոնա Ուոլշ, Թամար Գաբրիէլեան, Goldcap, Գալստեան, Մինաս Հալաճ, Ռաճըր Գուբելեան, Տէյվիտ Յակոբեան, Եւա Պապայեան, Աննա Կոստանեան, Արմէն Մէշ, Դրօ Խաեալեան, Սեւակ Մահսէրէճեան, Րաֆֆի Սէմէրճեան, Գեւօ Մանուկեան, Ալեքսանտր Մարութեան, Կրեկորի Մարութեան, Մակի Սիմոնեան, Անի Օհանէսեան, Նելլի Աշխէն, Թալին Գեւոնեան, եւ Արմէն Սայար, որ Շուշիէն տեղահանուած շատ երիտասարդ նկարիչ է։

Երիտասարդներ՝ շուրջ երկու հարիւր հոգի, հաւաքուած էին Սիմոնեաններու բնակարանը։ Երեկոն անցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ, համադամ ուտելիքներով, հաճելի երաժշտութեամբ, գեղեցիկ նկարներով, որոնք ցուցադրուած էին բարձր ճաշակով, իւրայատուկ կահաւորումով եւ զարդարանքով։ Օրուան նպատակը նկատի ունենալով՝ բոլոր ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ խոր համոզումով մասնակցեցան նուիրահաւաքին եւ գնեցին գրեթէ բոլոր ցուցադրուած նկարները։

Ձեռնարկին ընթացքին Սեպուհ Սիմոնեան յայտարարեց հաճելի անակնկալ մը, թէ Էրիք Իսրայէլեան յատուկ ֆոնտէ մը 50,000 տոլար պիտի նուիրէ ։ Այսպէս, ներկաներու նուիրատուութիւններով, նկարներու վաճառքով, օրուան ընդհանուր գումարը անցաւ 170,000 տոլարի սահմանը։

Սեպուհ եւ Թամար Սիմոնեանները սիրայօժար ստանձնած էին օրուան բոլոր ծախսերը եւ մեծ թիւով ընկերներու նուիրեալ խումբի մը օգնութեամբ, մրջիւնի նման, օրեր շարունակ աշխատելով՝ ներկաներուն հրամցուցին անմոռանալի երեկոյ մը։

Հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի «Սատարենք Մեր Հերոսներին»՝ ոչ-հասութաբեր բարեգործական կազմակերպութեան, որպէսզի անիկա կարենայ իրագործել ծրագրուած աշխատանքները։

Այս կազմակերպութիւնը ծնունդ առած է Արցախի քառօրեայ պատերազմի երկրորդ օրն իսկ, 2 Ապրիլ 2016ին, Վիգէն Արապեանի եւ Հրաչ Սիմոնեանի նախաձեռնութեամբ ու աշխատանքներով։ Մինչեւ օրս, Արցախի բանակին ուղարկած են հազարաւոր ապրանքներ, շտապ օգնութեան, լման կահաւորուած ամենագնաց ինքնաշարժներ եւ Արցախի վերաբնակեցման բազմաթիւ այլ աշխատանքներ։

Ներկայիս, կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի հետեւեալ ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ՝

– Ստեփանակերտի Զինուորական հիւանդանոցի տարածքին մէջ մասնագիտացած վերականգնողական կեդրոն.

– Մարտակերտի Զինուորական հիւանդանոցի վերակառուցում.

– Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներ.

– Արցախի Նախիջեւանիկ գիւղին մէջ 16 3 ննջասենեականոց տուներու կառուցում, կահաւորումով, պարտէզով.

– «Թեւեր» ծրագրաւորման դասընթացքներու եւ աշխատանքային կեդրոնի ծրագիր Նախիջեւանիկի մէջ։

«Սատարենք Մեր Հերոսներին» կազմակերպութեան անդամները, որոնք կ՛աշխատին բոլորովին կամաւորաբար, կը հաւատան անխոնջ, ամբողջական նուիրումով աշխատանքին՝ հայրենիքի վերականգման եւ զարգացման ի նպաստ։ Անոնք կը հաւատան, որ առանց հզօր հայրենիքի, բայց մանաւանդ առանց հողի վրայ ապրող եւ արարող ժողովուրդի կարելի չէ երկիր պահել։

SOH USA-ը ոչ-շահութաբեր, 501(c)(3) կազմակերպութիւն մըն է։ Այցելեցէք www.SOH-USA.org կամ www.supportourheroes.am կայքերը՝ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար։

Exit mobile version