Site icon CIVILNET

Հողագործ դարձած երգիչ հայրենադարձը

Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ նորանոր անձնաւորութիւններ կը բացայայտեմ որոնք արդէն հաստատուած են Հայաստան, եւ այս փաստը կ’ուրախացնէ զիս եւ խրախուսիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը ծրագրեն մշտական բնակութիւն հաստատել այստեղ:

Լիբանանահայութեան երաժշտասէր հասարակութեան համար ծանօթ անուն է Մանուկ Մինասեանը: Հաւանաբար ան այնքան հռչակ չէ ունեցած այլ երգիչներու նման պարզ այն պատճառով, որ շուկայական եւ աժան երգարուեստի ետեւէ չէ ինկած, այլ առաջին օրէն երգած է եւ կը շարունակէ երգել մաքուր եւ անաղարտ հայերէն, հեռու ռապիզ կամ թրքաոճ երաժշտութենէ:

Անձնապէս ծանօթ չէի Մանուկին, բայց ֆէյսպուքի վրայ ընկերներ ենք եւ այդտեղէն ալ հասկցած էի թէ ժամանակէ մը ի վեր հաստատուած է Հայաստան, թէեւ չէի գիտեր թէ ինչ գործով կը զբաղի ներկայիս հայրենիքի մէջ:

Շուրջ երկու շաբաթ առաջ անակնկալի եկայ, երբ Մանուկը ֆէյսպուքի վրայ նկարներ տեղադրած էր, ուր կ’երեւէր թէ կը զբաղի հողագործութեամբ: Իր այս հայրենանուէր արարքը հետաքրքրութիւնս շարժեց եւ գրեցի իրեն թէ կ’ուզէի անպայման հետը խօսիլ եւ տեսնել զինք: Նոյն օրը երեկոյեան հեռաձայնեց ինծի եւ հանդիպումի վայրն ու թուականը ճշդեցինք:

Լիբանանահայու մը սուրճի խանութը հանդիպեցանք։ Նախապէս քանի մը վայրկեաններու հեռախօսազրոյցը կարծես որոշակի մտերմութիւն մը ստեղծած էր մեր միջեւ: Մանուկը պարզ, համեստ, անմիջական եւ սրտաբաց անձնաւորութիւն է:

Մանուկին առաջին անգամ տեսած եմ 1986 կամ 87 թուականին լիբանանեան հեռատեսիլէ մը, հայկական Ս. Ծնունդի նուիրուած յայտագիրի մը ընդմէջէն: Ատկէ ետք Լիբանան սփռուող Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն քանի մը անգամ լսած եմ իր երգերը:

Գաւաթ մը սուրճի շուրջ մեր հանդիպումը անցաւ բաւական ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ:

Նախ ան պատմեց թէ ինչպէս առած է իր առաջին քայլերը երգարուեստի մարզին մէջ: Ան շնորհակալութեամբ յիշեց թէ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները նեցուկ կանգնած եւ քաջալերած են զինք իբրեւ անաղարտ հայերէն երգող: Պատմեց թէ ինչպէս քանի մը առիթներով հանդիպումներ ունեցած է Թաթուլ Այնէճեանի սթիւտիոյին մէջ Թաթուլի, Սեդրակ Էսմերեանի, նկարիչ Զօրհապ Քէշիշեանի եւ արուեստի այլ ներկայացուցիչներու հետ: Պատմեց թէ երգած է արեւմտահայերէնով երկու երգ, մէկը Ս. Էսմերեանի իսկ միւսը Թ. Այնէճեանի հեղինակութեամբ: Արժէ այստեղ նշել Թաթուլի հեղինակած երգի մասին: Ան գրած է բանաստեղծութիւն մը յատուկ Մանուկի երգացանկի համար, որ եղած է անոր կարապի երգը: Բանաստեղծութռան վերջին տունը երաժշտութեան յարմարցնելու համար տուած են Թաթուլին զայն վերափոխելու: Սրբագրութիւնը կատարելէն քանի մը ժամ ետք ան մահացած է:

Ապա պատմեց թէ շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ եկած է Հայաստան քանի մը երգիչներու հետ ձայնագրութեան ծրագիրներով: Այստեղ հաստատուելու հեռանկարը միշտ ալ եղած է իր միտքին մէջ, բայց այդ օրերուն տակաւին որոշում չէ ունեցած: Հանգամանքներու բերումով մնացեր է այստեղ: Առաջին ամիսները բաւական դժուար եղած են: Երգարուեստի շուկան այստեղ գերյագեցած է եւ հնարաւոր չէր այդ մարզին մէջ աշխատանք ճարել եւ «տեղաւորուիլ»: Ան փորձած է նաեւ իր արհեստին՝ ոսկերչութեան մէջ աշխատանք գտնել եւ չէ յաջողած: Քանի մը ամիս սպասումներու եւ փնտռտուքներէ ետք, Քասախ գիւղը ապրող ընկերոջ մօտ սկսած է զբաղիլ հողամշակութեամբ:

Բնականաբար առաջին ամիսները եղած են սորվելու, փորձելու ծանր շրջան: Քաղաքաբնակ ըլլալով, գրեթէ անծանօթ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն, ան յամառօրէն ճիգ թափած է ստեղծելու իր գործը եւ իր անկիւնը: Շատ կարճ ժամանակ ետք սկսած է սիրել հողը, հողագործութիւնը: Եռանդով նկարագրեց թէ ինչպէս առաջին տարին փոքր տարածքի վրայ ցանած է սխտոր, լոլիկ, վարունգ, սմբուկ եւայլն: Այս տարի արդէն ցանքի տարածքը մեծցուցած է եւ նպատակադրած է յառաջիկայ տարի ա՛լ աւելի մեծ տարածքի վրայ աշխատիլ եւ ցանել: Առայժմ գոհ է արդիւնքէն եւ լաւատես է ապագային համար: Նշեց որ տեղի բնակիչները զարմանքով, հիացումով եւ երբեմն ալ թաքուն նախանձով կը դիտեն, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչ մը ձգած ամէն ինչ, եկած է Հայաստան եւ կը զբաղի հողագործութեամբ:

Մանուկը ունի քաղաքական իր համոզումներն ու աշխարհայեացքը: Ան կ’ըսէ թէ հայրենիքը պահելու համար պէտք է ապրիլ հողին վրայ, տէր ըլլալ անոր, վերաբնակեցնել եւ զարգացնել գիւղերը, որպէսզի հարեւան-թշնամին պատրուակ չունենայ գալու եւ տիրանալու մեր հողերուն:

«Հայրենասիրութիւնը բաժակաճառերով չըլլար, այլ հողին վրայ ապրելով եւ այդ հողը ապրեցնելով», կ’եզրափակէ Մանուկ:

Իր ընտրած նշանաբանը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոր հողին կապուածութեան աստիճանը: Ան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ դրած է ֆրանսահայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» գիրքէն առնուած հետեւեալ խօսքը.

«Ճահիճները չորցնենք, ակօսներ բանանք…»:

Exit mobile version