Վարդենիս. Նոր տարի՝ հին ու նոր ցաւեր

Նամակ երկրէն Աշխատանքային այցով Վարդենիս այցելեցի երեկ: Իմ ղեկավարած World Vision Armenia կազմակերպութիւնը տարիներ շարունակ մարդասիրական եւ զարգացման բազմատեսակ ծրագիրներ իրականացուցած է Գեղարքունիքի մէջ, կեդրոնանալով Գաւառ, Ճամբարակ եւ Վարդենիս քաղաքներու եւ շրջակայ գիիւղերուն վրայ: Միայն Վարդենիսի մէջ, անցնող տարիներուն աւելի քան 3500 երեխաներ, անոնց ընտանիքները եւ 35 գիւղեր ներառուած են World Vision Armenia-ի ծրագիրներուն մէջ: Այսօր 1200 երեխաներ, 37 համայնքներէ, մեր ծրագիրներուն մաս կը կազմեն: Անոնք, իրենց ընտանիքները, իրենց համայնքները այլազան օգնութիւն կը ստանան մեր կազմակերպութենէն: Այս այցելութեամբ, կ’ուզեմ հետեւիլ մեր աշխատանքներուն եւ քննարկել նոր ծրագիրներ: Գործընկերներուս հետ աշխատանքային քննարկումներ կատարելէ ետք, որոշեցինք այցելել երկու ընտանիքներու, որոնք ընդգրկուած են մեր … Continue reading Վարդենիս. Նոր տարի՝ հին ու նոր ցաւեր