Site icon CIVILNET

Հայ Դատի ղեկավարութիւնը պէտք է ներգրաւուի հայ-թրքական քննարկումներուն

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Հայաստանի նոր իշխանութիւններու ցուցաբերած ղեկավարման վարքի մէջ դրական բեկում մտցուց՝ ազգային-պետական կարեւոր նշանակութեան խնդրի մը վերաբերեալ խորհրդակցութեան հրաւիրելով ակադեմական եւ մասնագէտ դէմքեր։

Հայաստան-Թուրքիա պետական ներկայացուցիչներու շփումները, խօսակցութեան, բանակցութեան կամ նոյնիսկ ձեւական հանդիպումներու կարգավիճակով, չեն կրնար չմտահոգել մեր երկրի ու ժողովուրդի ապահովութեամբ մտահոգ ոեւէ հայու, հայաստանցի թէ սփիւռքահայ։

Դիւանագիտական փորձի եւ ռազմական ուժի անհամեմատ մեծ կարելիութիւն ունեցող մեր պատմական թշնամիի հետ յարաբերիլը չի կրնար թակարդի մը մէջ յայտնուելու մտավախութիւն չյառաջացնել։

Առնուազն դիւանագիտութեան ճակատի վրայ, հայկական կողմի սահմանափակութիւնը կարելի է յաղթահարել, նոյնսիկ հաւասար դաշտ ստեղծել պարզապէս համապատասխան գերատեսչութեան կողքին յառաջացնելով խորհրդատու մէկ կամ մի քանի մարմիններ, նախ ստեղծելով անոնց հետ հանդիպումներու աւանդոյթ, հետզհետէ անոնց տալով պաշտօնական հանգամանք։

Առաջին մարտահրաւէրը այս խորհրդատուական մարմիններու ստեղծման, նախկին բարձրաստիճան դիւանագէտներու (արտաքին գործերու նախարարներ, աչքի ինկած դեսպաններ) ներգրաւումն է։

Որքան ալ երիտասարդ է մեր անկախ պետականութիւնը, կարելի չէ չնկատել, որ արդէն իսկ կուտակուած ահագին փորձ կայ, բարդ բանակցութիւններու բովէն անցած, պետական շահի գիտակցութիւն ունեցող պաշտօնեաներ կան, որոնց պէտք է դիմել, համոզել որ ներգրաւուին խորհրդատուական գործընթացին։ Արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը, օրինակ, յատուկ հանդիպումներու ընթացքին եւ հրապարակաւ, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր բառերով «դիւանագիտական շտապ»ի մը մաս կազմելու։ Ուղղակի ափսոս է այս կարողութիւններու մսխումը։

Ակադեմականներու եւ քաղաքագէտ-մասնագէտներու գնահատման մէջ մեր հասարակութեան որոշ խաւի մը մէջ արհամարհական շեշտ մը կայ, որ իշխանական շրջանակներու մօտ կը հասնի նոյնիսկ բացայայտ քամահարանքի։ Մեր ունեցած հնարաւորութիւններու այսօրինակ անտեսումը ուղղակի անհասկնալի է։ Միւս կողմէ քաղաքական գործընթացէն դուրս մնացած կամ դրուած մտաւոր ուժի մէկտեղումով, քննարկումներու, բանավէճերու միջավայրեր ստեղծելով վերլուծական կարողականութեան բարձրացման, փոխհարստացման ճամբով նոր մակարդակներ նուաճելու հնարաւորութիւնը դատապարտելի անտեսումի մատնուած է։

Յամենայնդէպս, նախարար Միրզոյեանի այս գնահատելի քայլը ողջունելի դարձ մըն է։ Այս յատուկ հարցի քննարկման դաշտը ընդարձակելու հրամայականը շեշտելով, պէտք է ընդգծել նաեւ շահագրգիռ մեծ հատուածի մը ընդգրկումը ապահովելու ճանապարհներու փնտռտուքը։

Խօսքը կը վերաբերի Սփիւռքին, անոր մտաւոր եւ կազմակերպուած ուժին, Հայաստանի ի նպաստ ջատագովական աշխատանքներու լծուած կառոյցներուն, որոնց շարքին ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն։ ՀՅԴ-իշխանութիւններ ամէնէն լարուած տարիներուն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան ժամանակներուն, երբ Դաշնակցութիւնը վռնտուած էր Հայաստանէն եւ դաշնակցական գործիչներ բանտարկուած էին, արտաքին քաղաքական ճակատի վրայ կարելի եղած էր գործակցութեան եւ համակարգման բանաձեւ մը գտնել։ Ոչ մէկ պատճառ կայ, որ այդ բանաձեւը այսօր ալ չկիրարկուի։ Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց վերաբերեալ իրենց մերժումի կեցուածքը, մտահոգութիւններն ու վերապահութիւնները հիմնաւորելու առիթ եւ հնարաւորութիւն պէտք է տրուի Հայ Դատի ղեկավարութեան, որ իր կարգին պէտք է պատասխանատուութիւն վերցնէ իր կարողութիւնները ի սպաս դնելու՝ չէզոքացնելու հաւանական վտանգները, միջազգային քաղաքական շրջանակներու զգօնութիւնը աւելցնելով, զօրակցութիւնը ապահովելով։

Քաղաքական ներքին լարուած մթնոլորտը, որուն մաշող ու թուլացնող ազդեցութիւնը վայրկեան առաջ պէտք է թօթափել, կարելի է որոշ չափով նուազեցնել այսօրինակ խորհրդակցութիւններու շրջանակի ընդարձակմամբ։ Ասիկա կողմնակի օգուտը կ՝ըլլայ այլապէս շատ անհրաժեշտ խորհուրդներ հաւաքելու գործընթացին։

Exit mobile version