Սփիւռքը վերակազմակերպելու համար ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կան, ինչի՞ հիման վրայ եւ ի՞նչ գործնական արդիւնքներ կը նկատուին։ Սփիւռքէն ի՞նչ կ՛ակնկալուի հայրենիքի այս դժուար պայմաններուն մէջ։ Այս հարցերուն մասին «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեան զրուցեց ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ։