Ամենէն վերի օղակը Քեսապի շատ մօտ է եւ ամենէն վտանգաւորն է քանի որ Թրքական սահմանէն շատ հեռու չէ, ըստ Հրաչ Քալսահաեանի: Այդ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ գործող Եայլանտաղ անունով փախստականներու կայանէն ոչ շատ հեռու: Վերջերս կեդրոնը սկսած է ծառայել Սուրիա ներթափանցող կռվողներուն: Վերջին օրերուն սաստիկ բախումներ տեղի ունեցած են Քեսապի Տուզաղաճ շրջանէն ոչ շատ հեռու Լղի Ջուր շրջանին մէջ, որ Քեսապի շրջանի բնական մուտքն է Ֆուրուլուքի անտառներէն վերջ: Շրջանը գրեթէ անջատուած է արտաքին հաղորդակցութիւններէ:
Քարտէզին մէջ երեւցող երկրորդ օղակը կը կազմէ Քեսապի եւ Լաթաքիոյ միջեւ գտնուած գիւղերը, ուրկէ կ’անցնի նաեւ Ֆրանսացիներուն օրով կառուցուած հիմնական ճանապարհը: Ճանապարհը վտանգուած է եւ հիմա փակ է իսկ անոր կարգ մը մասերուն վրայ գտնուող հեռախօսային կապի սիւները եւ սարքերը փճացուած են՝ պատճառ դառնալով Քեսապի հետ քաղաքային հեռախօսակապերու դժուարութեան: Ընդիմադիրներ զինեալները այդ շրջաններուն մէջ հեշտութեամբ կը գործածեն թրքական բջջայինի ծառայութիւնը: Այս երկրորդ օղակի գիւղերուն կարեւոր մասը բնակուած է ծագումով թուրքմէններով, որոնք թուրքերու հանդէպ համակրանք ունին եւ սուննի դաւանանքին կը պատկանին:
Քարտէզին վրայ երեւցող երրորդ օղակը ամենէն թոյլն է եւ այդ մեծ վտանգ չի ներկայացներ կանոնաւոր բանակին, սակայն դարձեալ պատճառ կը դառնայ, որ ուժերը բաւարար չափով չտեղաբաշխուին Լաթաքիոյ թէժ շրջաններուն վրայ՝ կառավարութեան հսկողութիւնը վերահաստատելու համար, կը տեղեկացնէ Հրաչ Քալսահակեան:
ՍիվիլՆեթի Հրաչ Քալսահակեանէն ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն Քեսապի բնակչութիւնը ստիպուած է ծովեզերեայ շրջանին միջոցով Լաթաքիոյ հետ կապ հաստատելու, իսկ հարաւային մասերը եւ յատկապէս Տուզաղաճի տափարակ անտառային շրջանը վտանգուած է՝ ըլլալով Թուրքիոյ սահմանամերձ գոտի եւ խիստ սահմանային ներթափանցումներու մեկնակէտ: Անտառային հարստութեան կարեւոր մէկ մասը վերջին շաբաթներուն այրած է վնասելով նաեւ մօտակայ պարտէզները: Տուզաղաճի բնակիչները ապաստանած են Քեսապի այլ շրջաններու իրենց ազգակիցներուն մօտ, քանի որ գիշերները կացութիւնը ապահով չէ հոն: Ցերեկը համեմատաբար աւելի ապահով է եւ կարելի է այցելել եւ ստուգել ունեցուածքներու կացութիւնը: