Նոր-օսմանականութիւնը եւ Էրտողանի արկածախնդրութիւնները

Վարուժ Թէնպէլեան

Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան օրով, ղեկավարութեամբ՝ իսլամական Ռէճիպ Թայիպ Էրտողանի, Օսմանեան կայսրութիւնը, իբրեւ պատմութիւն ու գաղափար` հագնելով նոր օսմանականութեան պատմուճանը (Neo-Ottomanism, Yeni Osmanlıcılık)՝ կը վերադառնայ քաղաքական թատերաբեմ եւ մղիչ ուժը կը դառնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան:

Տասնամեակներ շարունակ, Թուրքիա կը նկատուէր այն հազուադէպ «ժողովրդավարութիւններէն» մէկը, ուր իսլամ մեծամասնութիւնը կը գոյակցէր աշխարհիկ կարգերու եւ ազատական տնտեսութեան հետ, միաժամանակ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու՝ ամուր դաշինքով կապուած Արեւմուտքին հետ: Աւանդաբար, քեմալական Թուրքիոյարտաքին քաղաքականութիւնը արեւմտամէտ էր եւ շրջանային թէ այլ երկիրներու հարցերուն միջամուխ ըլլալու ախորժակներ չէր դրսեւորեր:

Էրտողան եւ անոր «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը իշխանութեան հասան տնտեսական բարեկարգումներու եւ կրօնական պահպանողականութեան կարգախօսերով, եւ այնքան ատեն որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը բարգաւաճէր եւ անոր քաղաքական միջազգային իրավիճակը կը մնար անփոփոխ, ո՛չ աշխարհը, ո՛չ ալ թուրքերը մասնաւոր դժգոհութիւն կը յայտնէին:

Այս բոլորը կը փոխուի 2011-էն սկսեալ, բայց մանաւանդ 2013-ին, երբ Էրտողանի մենատիրական ախորժակներուն դիմաց բռնկած հակապետական ցոյցերը կը ճզմուին եւ ընդդիմադիրները բանտ կը նետուին: Նոյն ատեն կը սկսի «Արաբական Գարունը»՝ ցնցումի մատնելով ամբողջ արաբական աշխարհը, մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից երկիրները: Էրտողանի համար առիթը պատեհ կը նկատուի՝ կեանքի կոչելու թրքական ծաւալապաշտական հին եւ նոր ախորժակները՝ նոր-օսմանականութիւնը:

Եւ ծնունդ կ’առնէ փողկապով սուլթանը:

Նոր-օսմանականութիւնը բնականօրէն Էրտողանի հեղինակած գաղափարախօսութիւնը չէ, եւ կ’արժէ վեր առնել անոր պատմական, տնտեսական եւ քաղաքական խորքն ու հեռանկարները: Ամէն պարագայի, անիկա թէ՛ անցեալին՝ պատմականօրէն եւ թէ ներկայիս՝ աղէտ մը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ սահմանակից բոլոր երկիրներուն համար:

Նոր-օսմանականութիւնը ծաւալապաշտական գաղափարախօսութիւն է, որ իր լայն իմաստով կը նպաստէ Թրքական հանրապետութեան ներգրաւումին նախկին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, ընդհանրապէս պալքաններու, Կովկասի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, բայց նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ՝ Ռուսիոյ, Իրանի, ՆԱԹՕ-ի եւ Մ. Նահանգներու հետ անոր յարաբերութեան մէջ: Թուրքիոյ արտաքին արկածախնդիր քաղաքականութիւնը՝ սկսեալ սուրիացի գաղթականները իբրեւ զէնք Եւրոպական Միութեան դէմ գործածելու երեւոյթէն, մինչեւ ծայրայեղ իսլամականներ զինելու պարագան, իսկ հետագային Ռուսիայէն S-400 հակօդային հրթիռներ գնելու հարցը շատ ալ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ արեւմտամէտ երկրի մը կեցուածքները չեն արտայայտեր:

Հոս հարց կը ծագի, թէ արդեօք նոր-օսմանականութեան կենսաւորումը (նաեւ կրօնական՝ համաիսլամականութեան տարազով) միայն պատմական անցեալի կարօ՞տն է՝ ներկայի ու ապագայի յղումներով, թէ կան նաեւ տնտեսական եւ անոնցմէ յառաջացած ներքին ու արտաքին պատճառներ:

1990-ականներէն սկսեալ, քեմալական մօտէլըկը սկսի հարցականի տակ առնուիլ մասնաւորաբար տնտեսական յաջողութիւններու բերումով Անատոլիոյ գաւառական քաղաքներուն մէջ յառաջ եկած տնտեսական եւ քաղաքական նոր վերնախաւի մը կողմէ, որ իր իսլամական խորքով եւ պահպանողական դրուածքով՝ օսմանեան անցեալի փառքին վերադառնալու ընտրանքին մէջ կը սկսի տեսնել Թուրքիոյ ապագան: Մինչ քեմալականները շեշտը կը դնեն ազգ-պետութեան եւ արդիականութեան վրայ՝ արեւմտականացման եւ աշխարհականութեան հիմունքներով, գաւառական վերնախաւը եւ իսլամական արեւելում ունեցող զանգուածները շեշտը կը դնեն օսմանեան անցեալի կայսերական ու իսլամական փառքին վերադառնալու ընտրանքին վրայ:

Փաստօրէն, քեմալականներու եւ նոր օսմանականներու կենակցութեան պտուղն էր փողկապով սութանին՝ Էրտողանի ծնունդը:

Նոր-օսմանականութեան որդեգրումը ունի նաեւ տնտեսական եւ շուկայական հիմքեր: Էրտողանի իշխանութեան հասնելէն տարի մը առաջ Թուրքիա ականատես կ’ըլլայ իր պատմութեան տնտեսական յոռեգոյն տագնապներէն մէկուն՝ դրամատնային ձախողութիւններու պատճառով: Մէկ տարուան ընթացքին տնտեսութիւնը 9,4 տոկոսով նահանջ կ’արձանագրէ, իսկ մէկ անձի համախառն ազգային միջին արտադրութիւնը կը նուազի աւելի քան 6 տոկոսով: Էրտողանի իշխանութեան հասնելէն (2003) շուրջ տասնամեակ մը ետք, սակայն, կացութիւնը կը շրջուի եւ կը սկսի Թուրքիոյ տնտեսական վերելքը…

Արդիւնքը կ’ըլլայ տպաւորիչ: 2002-2012, Թուրքիա կը գերազանցէ միջազգային շուկաները՝ տարեկան 5,2 տոկոս միջին աճով՝ դառնալով աշխարհի տասնըեօթերորդ մեծագոյն տնտեսութիւնը՝ 789 միլիառ տոլար ազգային համախառն արտադրութեամբ: Երեսուն տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, սղութեան աճը կ’իջնէ տասը առ հարիւրէն վար: Տնտեսական այս յաջողութիւնը, որ կը ճանչցուի իբրեւ «թրքական հրաշք», նաեւ իր անդրադարձը կ’ունենայ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուակցութեան քաղաքական յաջողութեան վրայ. 2012-ին կատարուած հարցախոյզի մը մէջ, Էրտողանի կուսակցութեան քուէարկած անձերուն 85 տոկոսը թեր քուէարկած է տնտեսութեան պատճառով:

Տնտեսական այս յաջողութեան ամէնէն կարեւոր ազդակը կը հանդիսանայ առեւտուրի զգալի աճը: Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի ընդհանուր ծաւալը 2001-ի 72 միլիառ տոլարէն 2014-ին կը հասնի 400 միլիառ տոլարի: Հակառակ անոր որ Թուրքիոյ Արեւմուտքի դաշնակիցները, ինչպէս Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները, կը շարունակեն մնալ անոր առեւտուրի մեծագոյն գործընկերները, Թուրքիա կ’ընդլայնէ իր տնտեսական գործառնութիւնները շրջապատի երկիրներուն հետ: 1996-էն 2010, Միջին Արեւելքի հետ Թուրքիոյ առեւտուրը կ’աճի աւելի քան ութ անգամով. Իրաքի հետ առեւտուրը կը հասնի 11 միլիառ տոլարի, Իրանի հետ՝ 16 միլիառի եւ Ռուսիոյ հետ՝ 30 միլիառի:

Թուրքիա ուժանիւթ արտադրող երկիր չէ, բայց կ՝երազէ կազի եւ քարիւղի փոխադրութեան կեդրոն դառնալ՝ օգտագործելով իր ռազմագիտական դիրքը կարեւոր եւ հսկայ շուկաներու միջեւ: Այդ ձեւով կ՝ուզէ երաշխաւորել նաեւ իր ուժանիւթի անվտանգութիւնը՝ միաժամանակ բարելաւելով Եւրոպայի հետ բանակցելու իր խաղաթուղթերը: Թուրքիա կը սկսի իր աշխարհագրական դիրքն ու տարածքը ի սպաս դնել քարիւղատարներու եւ կազատարներու տարանցման՝ մասնաւորաբար կասպեան եւ իրաքեան ուժանիւթի փոխադրութեան համար: Տարանցումի ճամբաներու հանգուցաւորման թրքական երազը կը հասնի նաեւ մինչեւ Չինաստան ու Մետաքսի նոր ճամբան:

Սակայն այս բոլորը չեն լուծեր ուժանիւթի ինքնաբաւութեան տագնապը: Այս իմաստով, նոր-օսմանականութեան երազները, մանաւանդ «Արաբական Գարուն»ի ձախողութեան լոյսին տակ, կը դառնան իրականանալի երազներ. թիրախ կ’ընտրուին Լիպիոյ, Իրաքի հիւսիսային շրջաններու Քիրքուքի եւ Մուսուլի նաւթահորերը, Սուրիոյ նորայայտ հորերը եւ արեւելեան միջերկրականի կազային հանքերը:

Ուժանիւթի կեդրոն դառնալու այս երազը կը հանդիսանայ մղիչ ուժը Միջերկրական ծովուն վրայ, Ատանա գաւառի Ճէյհան (Այաս) շրջանին մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու մշակման: Մինչ հիւսիսային Իրաքէն (Քրտական ինքնավար մարզէն, ղեկավարութեամբ՝ Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան, ՔՇԿ) Թուրքիա հասած քարիւղի քանակը կը բազմապատկուի մինչեւ 2017, անդին նաւթային ռազմավարական շրջաններ կը ճշդուին եւ կազի պարէնաւորման կեդրոններու ստեղծման ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին Թուրքիոյ մէջ: Սակայն, Իրաքի Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան-ՔՇԿ անկախութեան ծրագիրներու ձախողութենէն (25 Սեպտեմբեր 2017-ին) եւ հիւսիսային Իրաքի վերատեղադրումէն ետք Պաղտատի կեդրոնական կառավարութեան կողքին, պարզ կը դառնայ, որ մեծ վնաս հասած է ուժանիւթի մարզին մէջ Թուրքիոյի վայելած շրջանային դիրքին: Ծանօթ է, որ երբ ՔՇԿ կ՝իշխէր Քիրքուքի վրայ՝ Թուրքիա միացեալ քայլեր առած էր քրտական կողմին հետ քարիւղի աղբիւրները օգտագործելու նպատակով:

Հետեւա՞նքը. Թուրքիա կը զրկուի շրջանէն դէպի Թուրքիա մեծ քանակութեամբ հոսող աժան նաւթէն:

Ուժանիւթի կեդրոն դառնալու Թուրքիոյ երազին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ յայտնաբերուած կազ պարունակող տարածքը եւ այդ կազը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա փոխադրելու հաւանականութիւնը:

Բայց Թուրքիա մտահոգ է: Յունաստան, Իսրայէլ, Կիպրոս եւ Եգիպտոս յաճախակի հանդիպումներ կ’ունենան եւ համաձայնութիւն գոյացուցած են ծովու ճամբով կազատար խողովակ մը կառուցելու դէպի Յունաստան, եւ Յունաստանի ճամբով կազը փոխադրելու Եւրոպա: Այս ծրագրին գործադրութեան պարագային, Թուրքիա ամբողջովին դուրս կը մնայ: Այս է հաւանաբար հիմնական պատճառը գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մերձափնայ ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ կազի պեղումներ կատարելու Էրտողանի արկածախնդրութեան՝ ամբողջ Եւրոպական Միութիւնը իր դէմ լարելու գնով:

Տակաւին, նախկին օսմանեան կայսրութեան ափրիկեան երկիրներէն՝ Լիպիա հարուստ է քարիւղի եւ կազի պաշարներով եւ սահմանակից է միջերկրական ծովուն վրայ առեւտուրի կարեւոր ճամբաներուն, իսկ երկրին ապակայունացումը սրած էր միջազգային բազմաթիւ ուժերու ախորժակը, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ: Նախագահ Քազաֆիի տապալումէն ի վեր 2012-ին, Լիպիա մնայուն կռիւներու մէջ էր իրարու դէմ պայքարող ներքին եւ արտաքին ուժերու միջեւ: Լիպիոյ պաշտօնապէս ճանչցուած կառավարութեան իշխանութիւնը սահմանափակուած էր միայն Թրիփոլի եւ Միսրաթա քաղաքներով, մինչդեռ Լիպիոյ տարածութեան մեծ մասը կը գտնուէր ժամանակաւոր կառավարութեան իշխանութեան տակ, գլխաւորութեամբ՝ զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի։ Թուրքիա կ’օժանդակէր Կեդրոնական Կառավարութեան՝ Սուրիայէն փոխադրուած իսլամական զինեալներով եւ զէնքով, իսկ Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛աջակցէին Հաֆթարի ժամանակաւոր կառավարութեան: (Հաֆթարի կառավարութիւնն էր, որ 24 Ապրիլ 2020ին, երկրորդ տարին ըլլալով կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը): Սակայն, Լիպիոյ մէջ վերջերս գոյացած համաձայնութեան բերումով, տակաւին յստակ չէ թէ Թուրքիա որքանո՞վ պիտի յաջողի օգտուիլ լիպիական նաւթէն ու կազէն:

Իբրեւ նոր-օսմնական, Էրտողան կը հաւատայ որ Թուրքիա վերածուած է միջազգային ուժի՝ համաշխարհային հասողութեամբ, եւ իբրեւ այդպիսին՝ պէտք է ունենայ իր արտաքին սեփական քաղաքականութիւնը, որ կ’անցնի Միջին Արեւելքի սահմաներրէն անդին՝ հասնելու մինչեւ…Ափրիկէի խորերը եւ Լատին Ամերիկա:

Փան-թուրքիզմը՝ համաթրքութունը կը թուի այլ օրակարգի վրայ ըլլալ…

Էրտողանի նոր-օսմանական ռազմատենչութիւնը, ներքին ճակատի վրայ իսլամականութիւն պարտադրելու անոր ճիգերը եւ ըմդդիմադրութիւնը լռեցնելու անոր վարքագիղը սկսած են սպառել իր քաղաքական դրամագլուխը: Զինուորական ծախսերը, մանաւանդ թրքական բանակի տարբեր ճակատներու վրայ ներգրաւուածութեան պատճառով, սկսած են սպառել նաեւ պետական գանձը, եւ տնտեսութիւնը բռնած է նահանջի ճամբան…Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, եւրոպացիները եւ ամերիկացիները, արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը արդէն անվստահութեամբ կը յարաբերին Էրտողանի հետ:

Նախատեսելով իր արկածախնդրութիւններուն աւարտը եւ սուլթանական իր երազներուն փլուզումը, Էրտողանի նոր-օսմանական վերջին «ստեղծագործութիւններէն» կը նկատուի անցեալ տարի Այա Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու հրամանագիրը՝ Թուրքիոյ օսմանեան իսլամական ժառանգութիւնը ցուցադրելու եւ իր ժողովրդականութիւնը խթանելու յուսահատ փորձով մը:

Յոյսով ենք, որ ի շահ շրջանի ժողովուրդներուն, Էրտողան շուտով կ’անդրադառնայ, որ իր «ոտքերը շատ աւելի եկարած է քան իր վերմակը»…

Մեկնաբանել