Հալէպ, Վերամուտ – 2

–Մենք բան չենք գիտեր, մանկապարտէզէն սկսեալ 15 տարի դպրոց գացեր ենք եւ բան չենք սորված:

Այս նախադասութիւնը գերազանց նիշերով յաջողած շրջանաւարտի մը կը պատկանի, որ թէեւ կրնայ չափազանցուած ըլլալ բայց իրականութեան շատ մօտիկ, որովհետեւ աշակերտութեան մեծ մասը գոց կը սորվին, եւ մի՛ զարմանաք եթէ ըսեմ, որ նոյնիսկ միջնակարգի աշակերտներու ծնողները կը բողոքեն ըսելով, որ ուսուցիչներ կան, որոնք ամբողջ դասը կը պահանջեն աշակերտներէն փոխանակ կարեւոէ կէտեր ընդգծելու: Ասիկա կը վերաբերի բոլոր դասանիւթերուն, գլխաւորաբար երկրին մէջ տիրող ուսուցման պետական եղանակին պատճառաւ: Միւս դասանիւթերը մէկ կողմ ձգելով հայերէնի վիճակին նայինք:

-Ճանըմ քիչ մը խիստ թող չըլլան հայերէնի ուսուցիչները, միւս դասերուն հազիւ կը հասնին պզտիկները:

– Ուսուցիչը մեր զաւակները հայագիտականի ուսանո՞ղ կը կարծէ:

-Ես ալ ուսուցիչներուն չափ կը սիրեմ հայերէնը, բայց զաւակս կարեւոր դասերուն հազիւ կը հասնի, հայերէնին ժամանակ չունի:

Ասիկա ծնողներն են ըսողները, իրականութեան մէջ աշխատասէր աշակերտները իրենց ծնողներէն աւելի կարեւորութիւն կու տան հայերէնին, անոր նոյնքան ժամանակ կու տան, որքան այլ նիւթի եւ նոյն ձեւով կը սորվին որքան այլ նիւթեր՝ բարձր նիշ ստանալու համար, յետո՞յ , յետոյ շուտով կը մոռնան իրենց գոց սորվածը. շատ քիչերն են որ կը յիշեն իրենց սորվածը:

Մէկ կողմ պիտի դնեմ տկար եւ միջակ գնահատականներով աւարտած աշակերտները եւ նկատի պիտի ունենամ միմիայն գերազանց գնահատականներ ունեցողները. անոնց քանի մը հարցում պիտի ուղղեմ եւ պատասխանները հոս արձանագրեմ:

-Մանկութեանդ մայրդ որեւէ հեքիաթ կարդացեր կամ պատմե՞ր է քեզի:

-Ո՛չ… չեմ յիշեր: Մայրս միմիայն դասերովս եւ գնահատականներովս կը հետաքրքրուէր, եթէ մէկ նիշ իսկ կորսնցուցած ըլլայի, դպրոց կ’երթար ուսուցիչներուն հետ կռուելու…

Մինչեւ հիմա ալ մայրերը դպրոց կը վազեն երբ իրենց զաւակները անարդարօրէն (կամ արդարօրէն) նիշ մը իսկ կորսնցնեն… ոմանք ալ կը զգուշանան բողոքելէ՝ վախնալով, որ եթէ բողոքեն ուսուցիչը թիրախ պիտի դարձնէ իրենց զաւակները եւ աւելի ցած գնահատականներ պիտի տայ անոնց:

-Քանի՞ արտադասային գիրք կարդացեր ես,-կը հարցնեմ եւ կը ստանամ հետեւեալ պատասխանները.

-Ժամանակ չեմ ունեցեր, պարոն:

– Ռաֆֆին «Խենդ»ը՝ ուսուցչուհին կը ստիպէր, որ անպայման կարդանք….

-Հիմա պիտի սկսիմ կարդալ:

-Հազիւ կրնայի դասերս պատրաստել, այնքան շատ են…

Ո՛չ մէկ գիրք կը կարդան մեր աշակերտները, ո՛չ ալ զարգացման այլ միջոցներ կը փնտռեն, ուստի եւ տգէտ կը մեծնան. այո՛, ցաւոք տգէտ կը մնան, համացանցն ալ իրենց համար կը մնայ միմիայն իրար հետ շատախօսելու կամ իրար մասին աւելի բան գիտնալու ու բամբասելու միջոց, ինչպէս որ է յաճախ իրենց ծնողներուն (մանաւանդ մայրերուն) համար: Մատներու վրայ դիւրաւ կարելի է գտնել գիրք կարդացող աշակերտներ (համալսարանական ուսանողներ ալ) այնքան որ փոքր է անոնց թիւը: Իսկ դասերը՞:

Սուրիոյ մէջ շատ-շատ են աշակերտներէն պահանջուած դասերը, իսկ մեր պարագային կը գումարուին նաեւ հայերէնն ու կրօնը:

Հայերէնն ու կրօնը. այս երկուքը նոյնացած են մեզի համար կամ զիրար կ’ամբողջացնեն. յաճախ ուսուցիչները կրօնի պահերը հայերէնի կամ հայոց պատմութեան դասերու կը վերածեն:

Որո՞նք են պատասխանատու-հսկիչները մեզի համար ամէնէն էական նիւթին՝ մայրինիի ուսուցման: Նախ եւ առաջ ծնողքը պիտի պատասխանեմ ես եւ ամիջապէս պիտի աւելցնեմ.-Մեր ծնողները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր իրենց զաւակներու հայերէնին տիրապետելուն. հայերէնը երկրորդական է անոնց համար, տասներորդական: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այս երկրին մէջ ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ մեր լեզուն, թէեւ բոլորն ալ կ’ուզեն որ իրենց զաւակները հայ մնան, չձուլուին, բայց ասոր համար խօսիլ գիտնալնին կը բաւէ, ինչպէս որ ըլլայ դպրոցական տարիներուն այբը բենէն զանազանել կը սորվին, վնաս ալ չունի (օրինակի համար) եթէ ՍԷՐ գրելու, ՍԵՐ կամ ՍԵՌ գրեն…

Հայերէն սորվելու համար ծնողներէն յոյսերնիս կտրենք եւ նայինք թէ ուրիշ ո՞վ կայ սատարող հայերէնի ուսուցման:

Անշո՛ւշտ դպրոցներու պատասխանատուները՝ միութենական ղեկավարներն ու կրթական մարմինները:
Ի՞նչ ընեն այս «խեղճեր»ը: Ի՞նչ կրնան ընել: Անոնք ի՞նչ չըրին այս վերջին տարիներուն: Ամէն ինչ տասնապատիկ սուղցաւ, փոխարէնը տասնապատիկ նուազեցաւ աշակերտներէն գանձուած կրթաթոշակներէ գոյացած գումարին չափը: Հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուները ամէն միջոցի դիմեցին ապահովելու իրենց պատկանող դպրոցներուն ծախսերը: Օրինակ Հ.Բ.Ը.Միութեան պատասխանատուները, որոնք հազարաւոր հայ ընտանիքներու օգնութեան ձեռք կ’երկարէին եւ կ’երկարեն, օր մը առանց վառելիքի չձգեցին միութենապատկան Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանը, նոյնիսկ դպրոցէն փախուստ տալ սիրող աշակերտները տագնապի այդ ցուրտ-ձմեռ տարիներուն վազելով եկան դպրոց, որովհետեւ գիտէին որ տաքուկ տեղ կու գան, իսկ թէ ինչպէ՞ս կ’ապահովուէր այդ տաքութեան դրամը միմիայն Աստուած գիտէր, դեռ չէր բաւեր դրամ ապահովել, պէտք էր նաեւ վառելիք գտնել, Կրթականի պատասխանատուները գլուխնին հազար տեղ կը զարնէին ամէն անգամ պէտք եղած վառելանիւթը հայթայթելու համար: Հ.Բ.Ը.Միութեան շնորհիւ այս դպրոցին բոլոր աշակերտները անվճար ուսանեցան, ուսուցիչները կանոնաւոր կերպով ստացան իրենց ամսականները, մշտական պաշտօնեաները կանոնաւոր կերպով պարգեւատրուեցան, որպէսզի քիչ մը աւելի թեթեւ տանին ճնշող սղութեան անտանելի լուծը:

Վստահ եմ, նոյնը ըրին եւ կ’ընեն դպրոցատէր հայկական միւս կազմակերպութիւնները եւ ոչ միայն դպրոցատէրերը, օրինակ Հ. Գարակէօզեան հաստատութիւնը, որ առողջապահական հոգատար վերաբերմունք ցոյց կու տայ մեր բոլոր աշակերտներուն. պատնէշի վրայ է միշտ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, աւելի քան յիսուն տարիէ գործող Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը որ հազարէ աւելի հիւանդներու դեղ կը յատկացնէ, կ’օգնէ վիրահատութեան ծախսերը հոգալուն, ընտանեկան նիւթական օգնութիւններ ալ կը տրամադրէ հայ ընտանիքներուն :

Այո՛ մեր միութիւնները աւելի քան իրենց կարելին ընելով տիտանական աշխատանք կատարեցին ամէն կերպ օգնելու մեր ընտանիքներուն, որոնց զաւակները նիւթականի պատճառաւ դպրոցէն դուրս չմնացին:

Այս ամէնուն հետ մեր կազմակերպութիւնները տագնապի ամբողջ տարիներուն ո՛չ միայն բաց պահեցին մեր դպրոցները այլեւ ուսման շատ աւելի լաւ պայմաններ ստեղծեցին քան պետական դպրոցները: Ասոր մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ նաեւ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը, որ ինչպէս միշտ, անխտիր նիւթապէս զգալիօրէն օգնեց բոլոր հայկական դպրոցներուն:

Արդարութիւնը կը պահանջէ ճերմակին՝ ճերմակ, սեւին՝ սեւ ըսել. յանուն ճշմարտութեան պիտի արձանագրեմ, որ մեր պատասխանատուները կը փորձեն արժանավայել կերպով պահել-պահպանել մեր դպրոցները, անոնց համար ապահովել բարձրորակ ուսուցիչներ, հայերէնի ուսուցման տալով իրեն արժանի կարեւորութիւնը:

Ամէնէն կարեւոր օղակը հայերէնի ուսուցման շղթային մէջ ուսուցիչն է, որուն ուսերուն վրայ կը ծանրանայ ամէնէն մեծ պատասխանատուութիւնը:

Այս մասին պիտի փորձեմ մտորել «Վերամուտ»ի երրորդ բաժնին մէջ:

Շարունակելի:

Մանուէլ Քէշիշեան

20 Սեպտ. 2019

Մեկնաբանել