Երբ քիչը աւելի արժէքաւոր է

Ամէն մարդ ազատ արտայայտուելու իրաւունք ունի, բայց արդեօք վասն այդ ազատութեան ամէն մարդու գրածը կամ խօսածը լսելու պարտաւո՞ր ենք…

Դժբախտաբար Ֆէյսպուքը եւ համացանցային այլ միջոցներ կամ սոցիալական ցանցեր այդ հնարաւորութիւնը կուտան բոլորին, անխտիր եւ առանց որեւէ քննութեան:

Բաւական է ֆէյսպուքեան խումբի մը կամ էջի մը գրառումներուն հետեւիլ եւ այդտեղ տեսնել, թէ ինչպէս տարբեր թեմաներու մասին, կապ ունեցող եւ անկապ մարդիկ, միասնաբար, իրենց կարծիքներն ու վճիռները առատ-առատ կը տեղացնեն համացանցի աշխարհին մէջ:

Ի հարկ է, որ այստեղ չկայ տարիքի, սեռի կամ մասնագիտութեան խտրութիւն կամ անարգանք: Սակայն, իրականութեան մէջ, մեզմէ քանի՞ հոգին լրջօրէն պիտի ունկնդրէր թաղի անգործ Մկոյին ներքին քաղաքական վերլուծումները, ապա Սեդա մօրքուրին բարոյագիտական ճառերը, կամ թաքսու վարորդին Միջին Արեւելքի տաքնապի մասին սուր վերլուծութիւնները: Այդ մարդիկը արաւելագոյնը քանի՞ հոգիի պիտի կարենային հասցնել իրենց կարծիքները:

Ֆէյսպուքը այդ հնարաւորութիւնը կուտայ բոլորին, մասնագէտին եւ ոչ մասնագէտին, հաւասարապէս եւ պատահականօրէն: Օրինակ, կարելի է բանալ Ֆէյսպուք կամ Թուիթէր եւ տեղադրուած տեսնել Ֆարիտ Զաքարիայի վերլուծական գրութիւններէն մէկը, որուն ներքեւը անմիջապէս կ’երեւայ մէկու մը դպրոցական օրերու դասընկերներէն, օրինակ Անժէլլայի մը, շարադրած տողերը՝ ցանկացած քաղաքական, տնտեսական, հասարակական կամ առհասարակ ցանկացած թեմայի մասին իր սեփական տեսակէտները: Որքան ալ ուզէք խուսաբիլ, միեւնոյնն է, մեծ հաւանականութեամբ մէկին հետեւելու ժամանակ միւսն ալ պիտի յայտնուի ձեր ուշադրութեան: Եւ հաւանաբար այս ցանցերուն միջոցաւ վերջինին գրութիւնը աւելի լայն հատուածներու հասանելի դառնայ, քան առաջինը…

Կը յիշեմ երբ փոքր էի հանրակառքի վարորդը իր կողքին դրած կ’ըլլար յայտարարութիւն մը, որ կ’ըսէր «վարորդին հետ զրուցելը արտօնուած չէ»: Յստակ է, թէ ինչու համար այդպէս էր:

Իսկ այսօր կարելի է օնլայն հանդիպիլ կամ զրուցել ցանկացած պատգամաւորի կամ հեղինակաւոր անձնաւորութեան հետ, անոնց հետ մասնագիտական շրջանակներէ դուրս հանրային քննարկումներու մէջ մտնել եւ անգամ վիճաբանիլ ու «մեր ուզածը» ըսել անոնց:

Միւս կողմէն, անոնց արտայայտած միտքերը եւ ամէն առիթի մեկնաբանութիւն կատարելու եղանակը երբեմն անոնց հանդէպ հետաքրքրութեան մակարդակը կը նուազեցնէ թերեւս վերջին անգամ տասը տարի առաջ հանդիպած անբաղձալի նախկին գործընկերոջ մը մակարդակին, որ շաբաթ մը առաջ ձեզ իր ֆէյսպուքի ընկերներու ցանկին մէջ նոր աւելցուցած էր:

Ի՜նչ ազատ, ինչ անսահմանափակ եւ ինչ լայնախոհ մօտեցում է:

Ինչ ցաւալի է… Ո՞ւր մնաց բծախնդրութիւնը: Պարզապէս քանի որ միջոց մը ունինք, անպայման պէտք է միշտ բոլորին հասանելի եւ բոլորին լսող դառնանք…

Վերջերս անգլերէն պարբերականի մը մէջ կը կարդայի, թէ Ֆէյսպուքը ինչ լաւ միջոց է լրագրողներու համար անոնց վերջին գործերն ու նորութիւնները բոլորին տեղեկացնելու առումով: Գրողը օրինակ կուտար, թէ իր վերջին գրութիւնը որքան շատ «լայք» ստացած է Ֆէյսպուքի մէջ…

Եթէ փորձենք մարսել այդ գաղափարը, ապա անոր մէջ կան ցնցիչ մանրամասնութիւններ, զորս պէտք չէ անտեսենք: Օրինակ, ո՞րն է խմբագիրներուն, մարքէթինկի կամ PR պատասխանատուներուն պարտականութիւնը: Միւս կողմէն, եթէ նիւթ մը, կարծիք մը, իսկապէս լաւ է, կարելի չէ՞ որ այդ արդէն ինքնաբերաբար կրնայ լայն տարածում ունենալ: Եւ վերջապէս, Ֆէյսպուքով նիւթը տարածելու փոխարէն, պէտք չէ՞ որ ինքը իր յաջորդ նիւթին վրայ աշխատելու սկսի արդէն:

Կ’արժէ խորհիլ եւ ընտրութիւն կատարել արձագանգող եւ քաղաքավար ըլլալու օգուտներուն եւ առանց որեւէ գնահատման միշտ հասանելի ըլլալուն բերած աժանութեան միջեւ:

Երբեմն իսկապէս քիչը աւելի արժէքաւոր է…

Մեկնաբանել