Հալէպ-Նոր Գիւղ՝երէկ եւ այսօր

Հայկական Նոր Գիւղը այստեղէն կը սկսի

Կիրակի առաւօտ եթէ քալես Նոր Գիւղի փողոցներէն, կը հանդիպիս եկեղեցի գացող բազմաթիւ մարդոց, կը տեսնես նաեւ սկաուտական տարազ հագած այս կամ այն հայկական ակումբ շտապող մեծ թիւով տղոց եւ աղջիկներու: Կէսօրէ ետք կը դատարկուին փողոցնեըը՝ մանաւանդ հայութենէ:

Հալէ՞պ, թէ՞ Պէյրութ. Այս երկուքէն ո՞ր մէկն է Սփիւռքի սիրտը:

Նոր Գի՞ւղ, թէ՞ Պուրճ Համմուտ. Այս երկուքէն ո՞ր մէկն է Սփիւռքի հոգին:

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել.-այս երկուքը իրար կ’ամբողջացնեն (ցաւոք՝ կ’ամբողջացնէին):

Նոր Գիւղը, հայու ձեռքով կառուցուած երբեմնի այս թաղամասը, կեանք առած է 1930ականներուն, երբ ցեղասպանութենէն ետք քէմփերու մէջ ապրող մեր մեծ հայրերը արիւն քրտինքով նախ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցեցին ապա ամէն մէկը՝ իր տունը. պարբերաբար վճարելով իր գնած հողակտորին գինը:

Այստեղ՝ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ,Ս. Գէորգ, Հայ Յիսուսեաններու Ս. Վարդանանց եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (աւելի ուշ՝ 1965), Աւետարանական Նահատակաց եկեղեցիներուն մէջ կնքուեցան, պսակուեցան հազարաւոր հայեր, որոնց մէկ մասին թաղման արարողութիւնը հոս կատարուեցաւ, մէկ մասինն ալ Աստուած գիտէ ուր, որովհետեւ Հալէպէն միշտ ալ հազարաւորներ ներգաղթեցին Հայաստան կամ գաղթեցին ու ցրուեցան աշխարհով մէկ:

Այս եկեղեցիները այսօր ալ կան, տակաւին կիսաւեր վիճակի մէջ է վերջին տագնապի ընթացքին ծայրամասի Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ մինչեւ տագնապի նախօրեակը պատարագի ընթացքին, փոխան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի անունը տալու Ամենայն Հայոցինը կու տար: Քէմփի Ս.Խաչ եկեղեցիի փոխարէն Ս.Գէորգը, 1935-ին, կառուցած էին Մարաշահայերը եւ Զէյթունցիները. այն կը համարուէր յառաջդիմականներու եկեղեցի: Յառաջդմականները Խորհրդային Հայաստանի անվերապահ աջակիցներն էին, յետադիմականները՝ դաշնակցականները, հակա- խորհրդային էին: Ս.Գէորգ եկեղեցւոյ կից Մեսրոպեան Վարժարանը տագնապէն առաջ արդէն փակուած էր, որովհետեւ շրջանը պարպուած էր հայերէ, ուստի եւ հոն յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը անչափ նուազած : Կիսաւեր է նաեւ վանքի եւ դպրանոցի վերածուած Վարդանանցը, որուն կից դպրոցն ալ 1966-էն փակուած էր, որովհետեւ կաթողիկէները չէին ընդունած պետութեան կողմէ պարտադրուած նոր օրէնքները, ըստ որոնց մասնաւոր կրթական հաստատութիւններուն վրայ համապատասխան նախարարութիւնը գրեթէ ամբողջական գերակշռութիւն կ’ունենար:Մեր հայկական դպրոցները համակերպեցան եւ կրցան պահպանել հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայեցի ուսումը՝ հայերէնի դասաւանդութիւնը շարունակուեցաւ որպէս կրօնի ուսուցման լեզու:

Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարանները միանալով Հայկազեանին եւ Կիւլպէնկեանին դարձան Միացեալ Վարժարան եւ փոխադրուեցան Սուլէյմանիէ:: Այս հարկադրական քայլը առնուեցաւ տագնապի օրերուն՝ այս շրջանին վտանգաւորութեան եւ գաղթին պատճառաւ: Զաւարեանի շէնքը այսօր դարձած է Համազգայինի մշակութային եւ կրթական կարեւոր կեդրոն մը, ուր կը գործէ նաեւ Հայագիտական հհիմնարկը: Փոքր դադարէ ետք, իր դռները վերաբացաւ Քարէն Եփփէ երկրորդական ճեմարանը, ուր կը շարունակեն հայօրէն կրթուիլ բազմահարիւր աշակերտներ: Այս ճեմարանը Քարէն Եփփէ կոչուած է Դանիացի որբախնամ բարերարուհիին անունով, որ իր հիմնած որբանոց –աշխատանոցի հողակտորը նուիրած է հայկական այս դպրոցի կառուցման:

Նոր Գիւղի մէջ է նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կեդրոնը՝ իր դարմանատունով, այստեղ են, Ազգային Պատսպարանն ու Հայ Ծերանոցը, վերջինս նախկին Կիւլպէնկեան ծննդատան շէնքին մէջ: Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրել, որ երկու այս հաստատութիւններուն բնակիչ մանկատիներն ու ծերունիները, ոչ մէկ բանէ կը զրկուին, ամբողջ ազգը կը հոգայ անոնց ծախսերը: Կը յիշեմ, տագնապէն առաջ մարդիկ հերթի կը սպասէին մեր պապիկ-մամիկներուն օրուայ մը ճաշի ծախսը հոգալու. տարուան բոլոր օրերը գրաւուած կ’ըլլային:

Հոս է նաեւ «Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան տագնապէն ետք վերանորոգուած հինգ յարկանի շէնքը, «Տիգրանեան» Պարտէզ-ճաշարանը, տպարան «Արեւելք»ը:

Նոր Գիւղը հայկական թաղամաս էր, յայտնի իր փոքր ու մեծ սրճարաններով, համով-հոտով մարդկանցով, գրախանութներով, գաղութի իշխանական դէմքերով:

Հիմա՞… հիմա թէեւ հայաշատ թաղ մըն է, բայց ոչ-հայերը աւելի շատ են:

Կիրակի կէսօրին եթէ քալէիր Նոր Գիղի նեղլիկ փողոցներէն, միայն խորոված- քէպապի հոտը կ’առնէիր եւ կը լսէիր դուռ-դիմաց դրացիներուն բարձրաձայն խօսակցութիւնը, որ ամէն հարց կը շոշափէր բացի գիներէ: Հիմա օրէցօր, ժամէ ժամ բարձրացող գիներն են Նոր Գիւղցիներուն եւ ընդհանրապէս սուրիացիներուն խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը, եթէ մէկը խօսակից չգտնէ , ինքն իր հետ կը սկսի խօսիլ՝ ոչ միայն գիշերը քնացած ատեն, այլ օր ցերեկով, փողոցը քալած պահուն:

Այդպիսի մենախօութիւն մը լսեցի արտասանուած երիտասարդ կնոջ մը կողմէ.

-Աւելի լաւ է մարդ անձնասպան ըլլայ.- դանդաղօրէն կը քալէր ու կը խօսէր ան. Ես ալ իր ետեւէն կը քալէի.- Տասը դուռ կը ծեծեմ. «ամուսինս կոյր ռումբի մը զոհ գացած է, երկու զաւակ ունիմ չեմ կրնար անոնց ծախսերը հոգալ», կ’ըսեմ: Մտիկ ընող չկայ: Կ’ըսեն.- Միայն օգնութիւններո՞վ պիտի ապրիս, գնա՛ աշխատիր: «Կ’աշխատիմ, ամսականս 15 տոլար է… Ձեզի կը բաւէ՞ 15 տոլարը».-կ’ըսեմ: -Կէսօրէ ետք ալ աշխատիր,-կ’ըսեն: «Կէսօրէ ետք չեմ կրնար աշխատիլ, պզտիկներուս պիտի նայիմ, միայն ծերունի մայր մը ունիմ հարազատ» կ’ըսեմ լալով:- Մենք այսքանը կրնանք ընել, ասոր ալ փառք տուր,-կ’ըսեն: Աստուած վկա՛յ, աւելի լաւ է մեռնիմ… բան մը չառի եօթը հազար ծախսեցի… ծօ՛, ոսպին քիլօն երեք հազար եղած է, ծօ՛, ոսպը ի՞նչ է որ:

Այս կնոջ երբեմն կանգ առնելով, երբեմն քալելով եղած ինքնազրոյցը ականջներովս լսեցի, մնացածը չկրցայ լսել, որովհետեւ ան հասաւ իր տուն:

Է՜հ, հին Նոր Գիւղը, հիմակուայ Նոր Գիւղը:

Հին Նոր Գիւղին մէջ, կը յիշէ՞ք, մարդ անօթի չէր մնար, դրացիդ եթէ ի վիճակի չ’ըլլար խորոված եփելու, դուն սեղան նստելէդ առաջ, իրեն բաժին կը հանէիր: Հիմա՞…

Հիմա խորոված ուտող մնացա՞ծ է… հաւանաբար շատ քիչ:

Նոր Գիւղի հայատէր տուներէն մէկ մասը գաղթի պատճառաւ վարձու տրուած է զանազան թաղերէ կամ գիւղերէ հոս ապաստանած այլազգիներու, նոյն պատճառաւ մեծ է թիւը նաեւ անբնակ տուներուն: Ականջը խօսի Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ Սուրէն Սրբազան Գաթարոյեանին, որ ամէն ճիգ գործադրեց Նոր Գիւղը հայկական պահելու, բազմաթիւ շէնքեր կառուցեց եւ յարմար գիներով տրամադրեց մանաւանդ երիտասարդ հայ ընտանիքներու, օրինակ «Կիլիկիա» շէնքը, որուն բնակիչներէն շատեր հոս չեմ հիմա:

Նորգիւղցիներուն խօսակցութիւններուն հիմնական նիւթը սղութիւնն է, բայց նաեւ քաղաքականութիւնը՝ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ միջազգային քաղաքականութիւնը: «վարպետ» վերլուծաբաններ են նորգիւղցիները, նաեւ կանխատեսողներ՝ հայաստանի պարագային՝ մեծամասնութիւնը Փաշինեանին դէմ է, Սուրիոյ պարագային՝ Ասատին կողմնակից:

-Ես երեք տարի առաջ գիտէի, որ Փաշինեանը հողերը պիտի տայ:

-Քեզի չէի՞ ըսեր. Բոլորը կ’երթան Պաշշար Ասատը կը մնայ, ահա Թրամփն ալ գնաց…

-Գորոնան հրեաները հնարեցին կը տեսնես՝ յայտնի կ’ըլլայ:

Նորգիւղցիներուն համար, ամէն վնասակար բան հրեաներուն ստեղծածն է. հազար փաստ կը թուեն:

Բարի, պարզ, մարդիկ են Նոր Գիւղի հայերը՝ վարպետ արհեստաւորներ, արուեստագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ, երիտասադ մարտական տղաք, որոնցէ շատեր տագնապի օրերուն զէն ի ձեռին պաշտպանեցին մեր թաղերը եւ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակեն պահպանել հայկական հաստատութիւնները:

Հայկական Նոր Գիւղի սիրտը կը շարունակէ բաբախել հայութեամբ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 09 Մարտ 2021

Մեկնաբանել