Նորէն կը յաղթենք

2020ի Արցախի 44օրեայ երկրորդ պատերազմը, անկախ իր մարդկային, հողային եւ նիւթական անգնահատելի կորուստներէն, բարոյահոգեբանական ծանր վիճակի մատնեց համայն հայութիւնը:

Երեսուն տարի առաջ, Սովետական Միութենէն անկախացած Հայաստանը պատերազմով, զոհերով բայց եւ այնպէս յաղթանակով նուաճեց ազատ եւ անկախ պետութիւնը ըլլալու իր իրաւունքը: 1991-1994 թուականներու պատերազմը, ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք մեր մեծագոյն յաղթանակն էր, որ հայ մարդու մէջէն սկսաւ արմատախիլ ընել պարտուած եւ ցեղասպանուած հայու հոգեվիճակը: Սակայն այդ յաղթանակէն գինովցած, վստահելով մեր անպարտելիութեան եւ մարտունակութեան առասպելին, ոչինչ, գրեթէ ոչինչ ըրինք այդ յաղթանակը գործնականապէս ամրագրելու, ամրապնդելու եւ քաղաքական մնայուն արժէքի վերածելու: Ամբողջ երեսնամեակ մը վատնեցինք զգացական հայրենասիրութեամբ, չուզեցինք կամ չկրցանք հասկնալ ժամանակին արժէքն ու թելադրանքը, չհասկցանք պետութիւնը եւ պետականութիւնը արժեւորելու եւ զայն համարելու մեր յաւիտենական երթին անփոխարինելի ամրոցը:

Արցախեան պարտութիւնը երեսուն տարիներու մեր պետութեան հանդէպ անլուրջ եւ զայն ըստ արժանւոյն գնահատելու, զարգացնելու, արդիականացնելու եւ հաստատութենական տրամաբանութեան հասցնելու մեր բոլորի թերացումն է: Հայաստանի պարտութիւնը միմիայն բանակի պարտութիւնը չէր: Մեր տնտեսական, կրթական, գիտական, մշակութային, դատաիրաւական հաստատութիւններուն ալ պարտութիւնն էր: Պարտութիւնն էր ժամանակի պահանջները չհասկնալու մեր չկամութեան, պարտութիւնն էր այլափոխուած եւ այլանդակուած մշակութային մեր ըմբռնումներուն: Պարտութիւնն էր մեր լեզուի խեղաթիւրման եւ աղաւաղման: Պարտութիւնն էր կրթութիւնն ու գիտութիւնը անտեսելու մեր անփութութեան:

Բաւարար էր անսալ Մաշտոցի պատգամին` Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ, եւ մեր պետութիւնը աւելի հզօր եւ կազմակերպուած կ’ըլլար 2020 սեպտեմբեր 27ին եւ վստահաբար աւելի պատուաբեր դուրս կուգայինք այս պատերազմէն:

Պատերազմի պարտութեան հետեւանքներէն մօտաւորապէս մէկ տարի ետք, համայն հայութիւնը կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ: Մեր հայեացքները պիտի ուղղենք դէպի պետականութիւն եւ անոր հզօրացման մէջ տեսնենք մեր ինքնուրոյնութեան պահպանման եւ ազգովին վերստին յառնելու գրաւականը: Պարտութիւնները ժողովուրդներու պատմութեան աւարտը չեն: Մեր պատմութեան ընթացքին բազում պարտութիւններ կրած ենք եւ շարունակած ենք մեր գոյութիւնը: Ամիսներ առաջ բարեկամի մը հետ կը զրուցէի, ըսաւ թէ մեր պատմութեան մէջ շատ աւելի վատ պայմաններ կրցած ենք յաղթահարել: Յիշեցուց որ Շահ Աբբասի օրերուն արեւելաՀայաստանը դատարկուած էր հայերէ…

Քանի մը օր առաջ տեղ մը կարդացի Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահ եւ նոպէլեան մրցանակակիր Նելսըն Մանտելլայի մէկ խօսքը. Ես չեմ պարտուիր, կամ կը յաղթեմ կամ կը սորվիմ:

Թէ իբրեւ ժողովուրդ եւ թէ իբրեւ պետութիւն եթէ չյաղթեցինք ուրեմն պէտք է սորվինք մեր մօտիկ անցեալի սխալներէն;

Պէտք է սորվինք որ նորէն կրնանք յաղթել:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի կրթական ոլորտը բարեփոխուի:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ պէտք է զարկ տրուի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ գիտնականները, ուսուցիչները, զինուորներն ու բուժաշխատողները ամէնէն գնահատուածները ըլլան թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգը բարեփոխուի եւ արդիականանայ:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ սահմանամերձ գիւղերը զարգանան եւ վերաբնակեցուին:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի մէջ չմնան գիւղեր, ուր տակաւին կազ չկայ, գիւղեր ուր ճամբաները չեն ասֆալթապատուած, գիւղեր ուր ջուրը տակաւին աղբիւրէն կը կրեն:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի մէջ գործեն գործարաններ, որոնց արտադրանքը համաշխարհային պահանջարկ ունի:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի առողջապահական մարզը զարգանայ եւ մրցունակ դառնայ տարածաշրջանին մէջ:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի բոլոր մարզերը համաչափ զարգանան եւ Երեւանը չձգէ քաղաք-պետութեան տպաւորութիւնը:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի բոլոր մարզերը, քաղաքները եւ գիւղերը իրար հետ մաքուր եւ ճիւղաւորուած ճանապարհներ:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը բարելաւուի:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ մեր մշակոյթի գահավէժ անկումը կասեցնենք եւ զարկ տանք ազգային-հայկական մշակոյթին:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ Հայաստան-սփիւռք կապերը պէտք է դառնան գործնական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ քարոզչական մարզերու մէջ սերտ համագործակցութեամբ:

Պէտք է սորվինք որ յաղթելու համար անհրաժեշտ է որ հայրենադարձութիւնը դառնայ ազգային նպատակ:

Վերջապէս պէտք է հասկնանք որ եթէ կ’ուզենք յաղթել մեզմէ իւրաքանչիւրս ինքզինք պիտի համարէ մէկ զինուորը ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, ուր որ ալ գտնուի: Իւրաքանչիւրիս աշխատանքը, ստեղծագործութիւնը կամ արարումը նպատակ պէտք է ունենայ ծառայելու Հայաստանի պետութեան ամրակայման:

Վերջին հարիւրամեայ պատմութիւնը կը վկայէ որ պարտուած պետութիւններ շատ աւելի լաւ կազմակերպուած են եւ վերականգնած քան զիրենք պարտութեան մատնող երկիրները:

Կը մնայ որ հաւատանք մեր ազգի յարատեւման եւ լծուինք աշխատանքի. որպէսզի, ինչպէա 1991-1994ին, նորէն յաղթենք:

Մեկնաբանել