Հալէպը Արժանի է գոյատեւելու

Փաստօրէն Հալէպահայութիւնը կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ:

Դեկտեմբեր 12-ին, Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը գեղեցիկ հանդիսութեամբ նշեց իր հիմնադրութեան 100 ամեակն ու Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 95 ամեակը:

Դեկտեմբեր 25-ին, 115 ամեայ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը դարձեալ գեղեցիկ հանդիսութեամբ նշեց իր հիմնադրութեան 90 ամեակը:

Գեղարուեստականօրէն յագեցած երկու հանդիսութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ Հալէպը տակաւին Սփիւռքի ամէնէն կենսունակ գաղութն է, միեւնոյն ատեն, սակայն, առիթ կը դառնան մտորումներու:

Ամէնէն ուրախալին այն էր, որ երկու հանդիսութիւններու յայտագրերը ծայրէ ծայր հայերէն էին՝ մաքուր, գրական հայերէն, երեոյթ մը, որ հազուադէպօրէն կը տեսնենք այլ գաղութներու մէջ, նոյնիսկ Սփիւռքի երբեմնի սիրտ Պէյրութի մէջ:

Ուրախալի էր նաեւ այն որ երկու յայտագրերն ալ չէին սահմանափակուած իրենց միութենական շրջանակներով, այլ որպէս հայութեան անբաժանելի մասնիկ ընդգրկած էին համայն հայութեան իրավիճակը: Երկուքն ալ կը ներկայացնէին Սփիւռքի եւ Հայրենիքի դժուարոթիւններն ու մտահոգութիւնները, երկուքն ալ կ’աւարտէին Հայրենիքի զինուորներ դառնալու պատրաստակամութեան անկեղծ արտայայտութիւններով:

Երկու յայտագրերու թատերական հիւսուածքներն (scenario) ալ գեղարուեստական բարձր ճաշակով ներկայացուած էին, երկուքն ալ գրուած նոյն մասնագէտին կողմէ, որ ցաւոք, Հալէպ մնացած միակ արհեստավարժ հայ բեմադրիչն է:

Կը յիշէ՞ք, տագնապէն առաջ Հալէպ ունէր մնայուն հինգ արհեստավարժ բեմադրիչներ, որոնք բոլորն ալ թատերախաղեր կը բեմադրէին, միեւնոյն ատեն մեր միութիւնները Հայաստանէն եւ Լիբանանէն ալ բեմադրիչներ կը հրաւիրէին այդ երանելի օրերուն…

Աւելորդ չեմ նկատեր, միջանկեալ, հակիրճ կերպով անդրադառնալ երկու յոբելեար կազմակերպութիւններուն:

Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, հայրենակցական միութիւններ կազմուեցան, որոնք բոլորն ալ իրենց հայրենակիցներուն օգնեցին նիւթապէս ե բարոյապէս, հոգացին աշակերտներու դպրոցական ծախսերը, մեծապէս սատարեցին կիլիկեցի հայերու թրքախօսութենէն հայախօսութեան անցնելուն: Տասնամեակներ գործեցին միշտ կապ պահելով աշխարհատարած իրենց հայրենակիցներուն հետ:

Հալէպի մէջ Մարաշահայերու թիւը մեծ էր, անոնք նախ Քէմփի մէջ հիմնեցին Ս. Խաչ եկեղեցին, որ քէմփերու քանդուելէն ետք 1935-1936 թուականներոն վերաշինուեցաւ Նոր Գիւղի ծայրամասը եւ վերանուանուեցաւ Ս. Գէորգ, նկատի առնելով, որ այս սուրբը շատ սիուած է հայերուն կողմէ, եւ բոլոր հայերը յաճախ անոր անունը կրող օտար եկեղեցի մը կ’երթային: Ս. Խաչը ծառայած էր նաեւ որպէս դպրոց:

Հետագային, մարաշցիները Ս. Գէորգի շրջափակին մէջ կառուցեցին Մեսրոպեան նախակրթարան վարժարանը, որ աշակերտներու սակաւութեան պատճառաւ ցաւալիօրէն փակեց իր դռները՝ Սուրիոյ տագնապէն անմիջապէս առաջ: Տագնապի տարիներուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջանը գրաւուեցաւ ծայրայեղ իսլամիստներու կողմէ. եկեղեցին հրկիզուեցաւ: Հիմա Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանը սկսած է եկեղեցւոյ նորոգութեան: Եկեղեցւոյ տարածաշրջանը կը մնայ Նոր Գիւղի հայաշատ թաղամասի ծայրամասային շրջանի մը մէջ, ուր հայեր չկան այլեւս: Պէտք է յատուկ ճիգ գործադրել այս եկեղեցին գործօն պահելու համար, օրինակ քաջալերել, որ հոն պսակի, կնունքի եւ թաղման աարարողութիւններ կատարուին, եւայլն: Այս Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կայ Կիլիկիոյ Աթոռի մարաշցի Զարեհ կաթողիկոսի կիսանդրին, նաեւ յուշակոթողներ նուիրուած զէյթունցի եւ մարաշցի աղիտեալներուն:

Թէեւ մարաշցիներու թիւը աւելի քան զգալիօրէն նօսրացաւ, սակայն անոնք պատնէշի վրայ մնացին նոյնիսկ տագնապի տարիներուն, եկեղեցին գրաւուած էր, դպրոցը փակուած, միութեան նորաշէն կեդրոնը սահմանագիծի վրայ էր եւ դարձած էր պետական զօրակայան, ամէն ինչ կորսնցուցած մարաշցիները իրենց Գերմանիկ-Վասպուրական Միութեան որպէս կեդրոն ունեցան Ուրֆայի Վերածնունդ Միութեան շէնքը, ուր յաջողեցան իրար քով պահել Հալէպ մնացած մարաշցիները:

Այսօր Անոնք Հալէպի մէջ գոյատեւող եւ գործօն միակ հայրենակցական միութիւնն են:

Արդէն ամբողջ Սփիւռքի մէջ գրեթէ դադրած է երբեմնի հզօր հայրենակցական միութիւններու գործունէութիւնը,որ յաճախ կը սահմանափակուի օօրացոյցի հրատարակմամբ:

Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը Հալէպի մէջ սկսած է գործել 1932-էն ի վեր: Վայելած է անսակարկ հովանաւորութիւնը Հ.Բ.Ը.Միութեան, դառնալով անոր ամբաժան երիտասարդական թեւը: Տասնամեակներու ընթացքին բարգաւաճելով ունեցած է մնայուն թատերախումբ, երկու երգչախումբ, մէկը՝ մանկական, երկու պարախումբ, մէկը՝ մանկական, սենեկային նուագախումբ, աւելին՝ պարի եւ երաժշտութեան դպրոցներ, ուսանողական եւ սկաուտական բաժիններ: Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը իր ետին ունի բարեգործականի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանը: Ամբողջ տագնապի տասը տարիներուն Ընկերակցութիւնը առանց դադարի գործեց, անոր կեդրոնը մեծ զոհողութիւններու գինով մնաց միշտ լուսաւոր եւ տաք, ուստի եւ ուսանողներուն եւ դպրոցականներուն համար եղաւ ընթերցավայր, որովհետեւ անոնք իրենց տուներուն մէջ զրկուած էին լոյսէ եւ տաքնալու միջոցներէ:

Վերադառնալով երկու հանդիսութիւններու յայտագրերուն, պիտի ընդգծեմ, ունէին ընդհանուր յատկանիշ մը, այն է, որ երկուքն ալ յաջողեցան սկիզբէն մինչեւ վերջ, իրենց լաւ կատարողութեամբ ներկաները մաքնիսացած պահել, սակայն կար էական տարբերութիւն մը երկու հանդիսութիւններոն միջեւ: Հ.Ե.Ընկերակցութեան նիւթը նուիրուած էր այսօրուան գործունէութեան, մարաշցիներունը իրենց փառապանծ անցեալին, ուր տասը տարի իրենց ֆութպոլի խումբը Սուրիոյ ախոյեան եղած է, յատուկ բաժակ ստացած է երկրի նախագահի ձեռամբ, ունեցած է թատերական եւ մշակութային եռուն գործունէութիւն, ինչպէս գիտենք նաեւ դպրոց ու եկեղեցի… իսկ այսօր ալ անոնք կը փորձեն զգալի ներկայութիւն ըլլալ Հալէպի մէջ եւ կը յաջողին, թէեւ այնքան սակաւացած են, որ շատ դժուար էր 100 ամեակի հանդիսութեան համար բաւարար թիւով յարմար անձեր գտնել, ուստի լուծումը գտան հիմնուելով մենակատարներու վրայ. Եթէ Հ.Ե.Ը. հանդիսութեան երգերը կ’երգուէին հիմնականին քառաձայն երգչախումբի կողմէ, ապա մարաշցի մենակատարներն էին հանդիսատեսները գոհացնողը: Հ.Ե.Ը.ի Կոմիտասի անուան նուագախումբին փոխարէն փոքրիկ շնորհալի մարաշցի աղջկայ ջութակի նուագը կը հնչեցնէր Կոմիտասեան երաժշտութիւնը: Հայ վարպետ քանոնահար մանկամարդուհի մը շարականի կենդանի նուագով կ’ընկերակցէր պատկերներուն: Եթէ Հ.Ե.Ը.ի 90 ամեակի հանդիսութեան Թէքէեանի «հայու Հոգին» կը թեւածէր, նուագով եւ պարի ընկերակցութեամբ, ապա նոյն Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական«ը կը հնչէր 12 տարեկան պարման-պարմանուհիներու կողմէ, որոնք սակայն ըմբռնած էին ազգայինի ու կրօնականի միաձուլումը…

Այո՛, մարաշցիները մեծով ու փոքրով ամէն ճիգ գործադրած էին հասնելու յաջողութեան եւ արժանանալու հալէպահայերու գնահատանքին, ե ի պատիւ իրենց պէտք է ըսել որ հասան իրենց նպատակին:

Հ.Ե.Ը.ականները յաջողութեան հասան աւելի հեշտութեամբ:

Հալէպը կ’ապրի, հաւաքաբար կ’ապրի՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով միութիւններով որոնցմէ, որպէս հայրենակցական, վերջին մոհիկանն է Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը:

Հալէպը կ’ապրի ոչ միայն ինքն իր համար, այլ նաեւ Սփիւռքի համար, նաեւ մեր հայրենիքին համար:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 26 Դեկտեմբեր 2021

Մեկնաբանել