Երուսաղէմի Պատրիարքարանը արդէօ՞ք ստիպուած էր վարձակալելու «Կովերու պարտէզ» կալուածը

Այս յօդուածին մէջ պիտի ներկայացնենք Պարետ Վարդապետին երեք ուրիշ սուտեր, որոնք ան ներկայացուցած է Հայկական Ռատիօին տուած հարցազրոյցին ատեն՝ խաբելու համար Հայ ժողովուրդը եւ արդարացնելու իր եւ Նուրհան Պատրիարքին հակականոնական ու յանցաւոր ճամբայով ստորագրուած «Կովերու պարտէզ» կալուածին վարձակալութեան համաձայնագիրը:

Հարցազրոյցի գլխաւոր սուտերէն մին այն է, թէ իբր Երուսաղէմի Պատրիարքարանը ստիպուած էր «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալելու, քանի որ վանքը դրամական ծանր վիճակի մէջ է եւ այդ գործարքէն եկած գումարով պիտի փորձեն դուրս գալ այդ ծանր վիճակէն: Ասիկա մեծ սուտ մըն է, որ Պարետ Վարդապետ մէջտեղ նետած է, իրենց խայտառակ եւ հակահայկական գործարքը արդարացնելու համար:

Իրականութիւնը այն է, որ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը դրամական ծանր վիճակի մէջ չէ, պարտքի մէջ չէ, դրամատուներէն վերցուցած վարկեր չունի եւ որ ամենէն կարեւորն է, այսօր վանքին եկամուտը աւելին է, քան ծախսերը: Ուստի, Պատրիարքարանը ստիպուած չէր դրամական ծանր վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառաւ «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալութեան տար:

Հարցազրոյցի երկրորդ սուտը այն է, որ եթէ Պատրիարքարանը «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալութեան չի տար, ապա Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը այն Կանաչ գոտի կը հռչակէր կամ ալ կը բռնագրաուէր: Ասիկա նոյնպէս շատ լաւ ծրագրուած եւ հաշուարկուած սուտ մըն է, որուն միջոցաւ ան կը փորձէ արդարանալ եւ Հայ ժողովուրդը խաբել եւ իրականութենէ շատ հեռու պատճառ մը ներկայացնել: Ի՞նչ է իրականութիւնը:

Իրականութիւնը այն է, որ նախ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը Հին Քաղաքէն ներս եւ Արեւելեան Երուսաղէմին մէջ ոչ մէկ տարածք կանաչ գոտի հռչակած է: Ատկէ զատ, Քաղաքապետարանը ինչպէ՞ս կրնար «Կովերու պարտէզը» կանաչ գոտի հռչակէր, երբ 2020 թուականին Պատրիարքարանին հետ այդ կալուածի վերաբերեալ արդէն համաձայնագիր ստորագրած էր, համաձայն որու այդ տարածքը 10 տարւոյ համատեղ վարձակալութեան տրուած է որպէս ինքնաշարժերու կայանատեղի (parking): Նուազագոյնը մինչեւ 2030 թուական այդ կալուածին վերաբերեալ Քաղաքապետարանը որոշում չէր կրնար առնել: 2030 թուականէն ետք ալ, պայմանագիրը կարելի էր նորոգել եւ շարունակել այն գործածել որպէս կայանատեղի: Ուստի այս պատճառը նոյնպէս չի արդարացնէր անոնց ստորագրած խայտառակ համաձայնագիրը, քանի որ սուտ է եւ միայն խաբելու ու մոլորցնելու նպատակ ունի:

Հոս կ’ուզեմ անդրադառնալ վերջերս հայկական հեռուստատեսութիւններէն մէկուն տուած <a href="http://<iframe width="560" height="315" src="https://www.youtube.com/embed/d1dALvRRzno" title="YouTube video player" frameborder="0" allow="accelerometer; autoplay; clipboard-write; encrypted-media; gyroscope; picture-in-picture" allowfullscreen>Պարոն Մանուէլ Հասէսեանի հարցազրոյցին, որ որպէս Դենիմարկի մէջ Պաղեստինի դեսպան մաս կազմած էր Հայաստան այցելած Պաղեստինեան պաշտօնական պատուիրակութեան: Ան կը խօսի կայանատեղիին վերաբերեալ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանին հետ 2020 թուականին Պատրիարքարանի ստորագրած համաձայնագրին մասին եւ կը կ’ըսէ, որ երբ ինք լսած է, որ Պատրիարքարանը Քաղաքապետարանին հետ պիտի 10 տարւոյ պայմանագիր ստորագրէ, համաձայն որու «Կովերուն պարտէզ» կալուածի աղբը մաքրելէն ետք հոն կայանատեղի պիտի ըլլայ եւ տաս տարի վերջ անիկա պիտի վերադառնայ Պատրիարքարանին, ինք չէ հաւատացած ատոր: Ան կ’ըսէ, որ երբ ինք լսած է այդ համաձայնագրի մասին, հասկցած է, որ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր բան մըն է: Ան անմիջապէս հասկցած է, որ կայ 99 տարւոյ վարձակալութեան համաձայնագիր եւ աւելի մեծ ծրագիր: Եւ երբ հարցազրոյց ընող լրագրողը կը հարցնէ, որ դուք կը հաւատաք, որ Պատրիարքարանը խաբեց, ան կը պատասխանէ.

-Անշուշտ անոնք խաբեցին:

Հոս կ’ուզեմ ներկայացնել յօդուածի վերջին սուտը: Երբ Հայկական Ռատիօին լրագրողը կը հարցնէ Պարետ Վարդապետը, թէ ինչու՞ կալուածին վրայ Երուսաղէմի համայնքի երիտասարդ ընտանիքներու համար բնակարաններ չեն շինուիր, այլ հիւրանոց, ան կը պատասխանէ, որ «Կովերու պարտէզ» կալուածին վրայ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը արտօնած է միայն կայանատեղի եւ հիւրանոց շինել: Ասիկա ուղակի ծիծաղելի սուտ մըն է, որ անիկա դարձեալ մէջտեղ կը նետէ, արդարացնելու համար Նուրհան Պատրիարքին հետ միասին իրենց ազգադաւ գործարքը: Որեւէ մէկը, որ կը զբաղի կալուածական եւ շինարարական գործունէութեամբ շատ լաւ գիտէ, որ եթէ կալուածի մի վրայ կ’արտօնուի հիւրանոց շինել, ապա հոն բնակարան շինելու ոչ մէկ արգելք կրնայ ըլլալ: Այս սուտը մէջտեղ դնելով Պարետ Վարդապետ կը կարծէ, թէ Հայ ժողովուրդը տգէտ է եւ ատանկ կրնայ անոր վրայ խնդալ, սակայն իրականութիւնը այն է, որ այսպիսի աժան սուտեր յօրինելով ինք եւ իր հանցակից Նուրհան Պատրիարքն են, որ ծիծաղելի վիճակի մէջ կը յայտնուին:

Հայ ժողովուրդը շատ լաւ հասկցած է, թէ ինչ տեսակ թաքուն եւ ազգադաւ գործարք մը ստորագրուած է, որ հակառակ է Պատրիարքարանի, Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի շարհերուն, բայց քանի որ այդ գործարքը նպաստաւոր է իրենց անձնական շահերուն, քանի որ ատոր դիմաց 30 արծաթ ստացած են, ուստի հիմա իրենց դաւաճանութիւնը արդարացնելու համար ամէն տեսակ սուտեր կը յօրինեն եւ կը փորձեն խաբել Հայ ժողովուրդը: Բայց այդ սուտերը աւելի կը մերկացնեն անոնց յանցանքը ու դաւաճանութիւնը եւ իրենց կը դնեն աւելի գէշ ու ծիծաղելի վիճակի մէջ:

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան նախկին անդամ

Կարդացե՛ք հոդվածաշարի առաջին, երկրորդ, երրորդ և չորրորդ մասերը։

Մեկնաբանել