Ներկայացնել թատերախաղեր բեմադրուած ընթերցման եղանակով. զրոյց Ժիրայր Չոլաքեանի հետ

«Նոր Յառաջ»-ի գլխաւոր խմբագիր, բեմադրիչ Ժիրայր Չոլաքեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց «Թեք Տեղ»ի «Անդրադարձ արեւմտահայ հեղինակներին» ծրագրի շրջանակին մէջ Երեւանի մէջ իր կողմէ համադրուած Յակոբ Օշականի «Անվերնագիր» թատերգութեան բեմադրուած ընթերցումին, «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի մէջ տեղի ունեցող արեւմտահայերէնով բեմադրութիւններուն մասին։ Ան նաեւ խօսեցաւ Արբի Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ Փարիզի մէջ գործող Հայ Թատրոնի Ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ «Յառաջ» կեդրոնի կողմէ արեւմտահայ թատերական արուեստանոց մը հիմնելու ծրագրին մասին։

Մեկնաբանել