Անկախ Հայաստանը եւ սփիւռքահայը. Հայրենի՞ք, թէ երկրորդ հայրենիք

Անկախ Հայաստանը իբրեւ հայրենիք բոլոր սփիւռքահայերու համար նոյն հասկացողութեամբ չի ընկալուիր։ Սփիւռքահայերու կէսէն աւելի իրենց ծննդավայրը կը նկատեն հայրենիք։ Անշուշտ Հայաստանը իբրեւ հայկական ինքնութեան աղբիւր, ներշնչում, երաշխիք եւ հեռանկար մեծ դերակատարութիւն ունի սփիւռքեան մտածողութեան մէջ։

Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր Արեւելեան ուսմանց կեդրոնի դասախօս փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրով զրուցեցինք սփիւռքի մէջ իր ձեռնարկած եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժնի կողմէ հովանաւորուած հարցախոյզի արդիւնքներու մասին։

Հարցախոյզը կատարուած 50 համայնքներու մէջ, 13000 սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ։ Արդիւնքները տրամադրելի պիտի ըլլայ հանրութեան եւ անշուշտ՝ մասնագէտներու, ակադեմականներու։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել