Սուրիոյ մէջ մեռելները կը վերածուին թիւերու

Մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգենք մեր զոհերուն յիշատակը:

Հանդիսութեան մը բացման խօսքին մէջ արտասանուած այս խոսքը բոլորս ոտքի կը կեցնէ, լուռ կը մնանք, կը թուի թէ երկար կը տեւէ այս լռութիւնը, որ իրականութեան մէջ յաճախ մէկ վայրկեանէն շատ աւելի կարճ տեւողութիւն մը կ’ունենայ, եւ կը լսուի բացման խօսք արտասանողին ձայնը.- Շնորհակալութիւն

Կը նստինք: Հանդիսութիւնը կը մտնէ իր ընթացքին մէջ:

Խաղաղ ցոյցեր, բողոքի ցոյցեր… տեղի կ’ունենան բախումներ. լուրեր կը սփռուին՝ Հոմսի մէջ երկու վիրաւոր, մէկը՝ ծանր… Դամասկոսի մէջ ալ վիրաւորներ կան, Տարա՛այի մէջ, Համայի մէջ… Վախը կը պատէ մեզ, եւ մեռեալ մը՝ անուն-մականուն… կը սարսափինք, կը տխրինք, խո՜ր, շա՜տ խոր ցաւ կը զգանք… Թաղումը կը սփռուի հեռատեսիլի կայաններէն. թաղման արարողութեան կը մասնակցին հազարաւոր յուղարկաւորներ, որոնց դէմքերուն վրայ կ’երեւի բողոքի ու ցասման արտայայտութիւն, շատերու աչքերէն արցունքի կաթիլներ կը հոսին, կը լսուին սպանողը եւ սպանել հրամայողը պատասխանատուութեան կանչելու եւ պատժելու բացագանչութիւններ…

Երկու պայթիւններ կը ցնցեն Հալէպը: Հալէպը սարսափէն կը սմքի… զոհերուն մէջ կայ հայ մը՝ Վիգէնը.. Վիգէնը սուրիական բանակին մէջ զինուոր է, հարիւրաւոր հայեր կը մասնակցին թաղման հանդիսաւոր եւ պաշտօնական արարողութեան:

Արիւն հոսած է ուստի եւ հաշտութիւնը անկարելի է: Կը կազմուի ընդդիմադիր բանակ՝ բանակներ եւ արիւնը կը շարունակէ հոսիլ.. «Այսօր երկու մեռեալ կայ՝ այսինչը եւ այսինչը… Այսօր ութ մեռեալ, անոնց մէջ այսինչը… Դէպքերը կը զարգանան. գործի կը լծուին, թնդանօթները, հրասանդները, ռմբակոծիչ «Միկ»երն ու «Սոխոյ»ները.. Սուրիահայ զոհերը կը շատնան, թաղումները կը բազմանան, յուղարկաւորները կը նուազին.. սուրիահայ անմեղ զոհերու թիւը կ’անցնի հարիւրը, վերջինը՝ Վրէժը.. ապա եւ ամենայ վերջինը՝ Գրիգորը…

Սուրիացի արաբնե՞րը՝ սիւննի, շիի, իսմայիլի. քանի՞ զոհ ունին… Քիւրտե՞րը՝ իսլամ, եզիտի. ընդհանուր զոհերուն թիւը կ’անցնի հարիւր յիսուն հազարը, որոնց մէջ Մուհամմէտը, Ալին, Իսմայիլը, Ճօրճն ու Արամը… Ալիան, Ֆաթիման, Սամարը, Հայկուհին…

Եւ անունները կը շատնան, շատնալուն հետ նաեւ կը մոռցուին, կը վերածուին բան չըսող թիւերու… քանի ի՞նչ… – Յիսուն ոչխա՞ր, հինգ քիլօ նարի՞նջ, երեք տասնեակ այ՞ծ, թէ՞ այս ամէնը չարժող հարիւր հազարաւոր մեռած մարդ…

Մեռելներ, Սուրիոյ ամբողջ տարածքին մեռելներ, թիւ-թիւեր…

Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչպէ՞ս մրջիւնի վրայ կոխել չուզող սուրիացին՝ վարձկան կամ գաղափարի տէր, վերածուեցաւ մարդասպանի եւ սպաննեց, սպաննեց մորթելով, երբ քիչ ատեն առաջ ոչխար մը, հաւ մը իսկ կը դժուարանար մորթել…

Դեռ որքա՞ն պիտի շատնան խեղանդամ դարցածներուն թիւերը, անմեղ զոհերուն թիւերը եւ պիտի մնան թիւեր, լոկ թիւեր.. բայց չէ՞ որ անոնք մարդիկ էին, Ապտոն երկու զաւակի հայր էր, անոնք բարձր կրթութիւն պիտի ստանային, երկրին ծառայէին, ընտանիքին անունը պիտի բարձրացնէին… Արմինէն նշանուած էր եւ կը յուսար իր սիրած տղուն հետ ամուսնանալ, յղիանալ, զաւակներ ունենալ, զանոնք դարձնել երկրին պիտանի քաղաքացիներ… եւ գտնել անձնական եւ անանձնական երջանկութիւն.. Ալին բժիշկ էր… Իսմայիլը՝ դոկտորականը նոր պաշտպանած էր եւ իր ուսումնասիրութիւնները պիտի փոխանցէր սերունդներուն… ծերունի Ահմէտը… բանուոր Հասանը….գեղեցկուհի Աիշան… լայնալանջ Սամիրը… խելացի Անդրանիկը… ամէնը՝ ամէնքը… անուններ, որոնք վերածուեցան թիւերու եւ վերջերս անոնցմէ իւրաքանչիւրին անունը կարդացուիլը ՄԱԿ-ի կեդրոնին առջեւ թէ Ուաշինկթոնի մէջ՝ բան չփոխեց, աւելին, ՄԱԿը պաշտօնապէս դադրեցուց սուրիացի մեռելները… հաշուելն իսկ…

Մեր մեռելները մնացին անուն-թիւեր, պարզապէս թիւեր…

Կ’արժէ՞ յանուն որեւէ նպատակի կամ գաղափարականի այսքան մարդ սպաննել.. Սպանեալներ, որոնք մարդկային պատմութեան անմեղ զոհերու թիւին կ’աւելնան եւ բան չե՞ն փոխեր… Որովհետեւ այս թիւերը շա՞տ փոքր են երկրագունդի միլիառներուն հետ համեմատած, թէ՞ այս բոլոր թիւերը ոչ մէկ նշանակութիւն ունին տիեզերքի անսահմանութեան մէջ.. Բայց չէ՞ որ միլիոնները հանրագումարն են Ահմէտին, Ալիսին, Ճօնին, Սմիթին, Արմինէին, Եօքօյօյին… Չէ՞ որ անսահման տիեզերքը ամենափոքր հիւլէներու հանրագումարն է եւ յայտնի չէ թէ մարդ նախ կրնայ տիեզերքը ամբողջութեամբ պեղել, թէ՞ զայն կազմող ամենափոքր մասնիկը.. Եւ տիեզերքի իմաստը ո՞րն է առանց մարդուն, թէ՞ կ’ուզենք ՄԱՐԴն ալ իմաստազրկել…

Այս ամէնուն ականատես ըլլալ, ականատես ըլլալ եւ չխելագարիլ, որովհետեւ կը զգաս, կը գիտակցիս թէ դուն ալ ձեւով մը մեղսակից ես, որովհետեւ դուն ալ մեռելներուն եւ զանոնք սպանողներուն հետ նոյն յայտարարի վրայ կը գտնուիս, դուն ալ մարդ ես… եւ քու անձնական կաշիդ փրկելու ետեւէն կը վազես միայն:

Ո՞ւր է մարդկութիւնը, ո՞ւր է Աստուծոյ պատկերով մարդ արարածը: Յաճախ կը մեղադրենք իսլամ ֆանաթիզմը անմարդկայնութեան մէջ. ինչո՞ւ կը մոռնանք որ անոր թիկունք եղողը, ոյժ եւ զէնք տուողը քաղաքակիրթ քրիստոնեան է, միաստուածութեան այլ կրօն դաւանողը, նաեւ խաղաղասէր պուտտայականը…

Ո՞ւր է մարդութիւնը, թէ՞ հազարաւոր տարիներէ ի վեր մեր ունեցած պատկերացումը սխալ է մարդուն մասին՝ բարի, ազնիւ, խղճի տէր, հոգու տէր…. այս ամէնը մեծ ՊԼԸ՞ՐՖ մըն է… ՄԱՐԴԸ ա՞յս է՝ աւազակ-անբարոյ-եղբայրասպան…

Իսկ հիմա, ՄԱ՛ՐԴ, մէկ վայրկեան լռէ՛, դեռ երէկ անուն մականուն ունեցող, այսօր թիւերու վերածուած մեռելներուն նայէ՛, անոնք ալ լուռ են եւ սակայն կը պոռան երեսիդ՝ քեզմէ հաշիւ կը պահանջեն…

Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ

Մեկնաբանել