Հալէպ՝ մշակոյթի գաղութ

haleb-pokrigner600 տեղանոց լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ միջոցառման բացման խօսքը կմկմալով կը կարդացուէր: «Հալէպեան սովորական երեւոյթ» մտմտալով տխրեցայ: «Երանի չգայի» շարունակեցի մտածել բացման խօսք արտասանողի վիճակին ի տես:

Երկու երիտասարդներ բեմ բարձրացան՝ դաշնամուրային զուգանուագ մը հրամցնելու համար: Անկեղծօրէն՝ յոյս չունէի որ լաւ երաժշտութիւն մը պիտի մատուցուէր: Եկած էի երիտասարդները քաջալերելու, սակայն բազմութիւնը տեսնելով եզրակացուցի, թէ մէկ ունկնդիր աւելի կամ նուազ ըլլալը բան մը պիտի չփոխեր եւ երիտասարդները ամէն պարագայի գոհ պիտի մնային հանդիսատեսի բազմութենէն:

Նուագողները՝ մանկամարդ աղջիկ մը եւ պատանի-երիտասարդ մը նստեցան դաշնամուրին առջեւ: Սկսան նուագել եւ… գերեցին ունկնդիրներուն: Թերեւս անոնց մատներուն տակ դաշնամուրի ստեղները կը յիշէին, որ իրենք կախարդներ են, որ շատոնց, շատ շատոնց կարօտցած էին այսպիսի մատները, եւ այս կարօտը կապ չունի երկրի տաքնապին հետ. լաւ օրերուն ալ ընդհանրապէս Հալէպի մէջ քիչ կը հանդիպէինք լաւ նուագողներու եւ եթէ հանդիպէինք անոնք օտարներ կ’ըլլային:

Այս աղտոտ պատերազմէն առաջ Հալէպի մէջ բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկները տեղի կ’ունենային: Յաճախ խաչաձեւումներ կ’ըլլային: Նոյն ժամուն քանի մը թատերական ներկայացումներ, կամ արուեստի երեկոներ, պարային ելոյթներ կամ երգչախմբային համերգներ տեղի կ’ունենային: ճիշդ է մեծ մասամբ այս ելոյթները կը ծառայէին լոկ հայապահպանումին եւ չէին դիմանար արուեստի դիտանկիւնէն կատարուած քննադատութիւններուն, սակայն կային նաեւ արուեստի չափանիշով ելոյթներ: Հալէպի մէջ կը գործէին երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ, յաճախ հայրենի կամ Հայաստանէն վկայուած մասնագէտներու հսկողութեան տակ: Հալէպահայ արուեստագէտներ բարձրացած են երեւանեան բեմ: Հալէպահայ նկարիչներ իրենց ստեղծագործութիւնները ճակատաբաց ցուցադրած են զանազան երկիրներու մէջ:

Այս ամէնը դեռ մինչեւ քանի մը տարի առաջ գոյութիւն ունէին: Իսկ հիմա՞: Հիմա չկա՞ն:

Երբ պատէրազմական դէպքերը Հալէպ հասան արուեստի բազմաթիւ գործեր կիսատ մնացին: Սկսուած փորձերը կանգ առին: Երկու տարի տեւեց այս լռութիւնը: Յետոյ քիչ-քիչ երեւցան մշակութային միջոցառումներ աւետող յայտարարոթիւններ: Անկախ անոնց ներկայացուցած արուեստի մակարդակէն՝ այս սակաւաթիւ միջոցառումներուն կ’երթային բոլոր միութիւններու Հալէպ մնացած ղեկավարները, նաեւ երեք համայնքապետերը ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ: Այս քայլերը ձեւով մը քաջալերանք հանդիսացաւ գաղութին, ինչ որ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ փաստ:

Թէեւ դեռ խաղաղութիւն չէ եկած, բայց մենք հոգեբանօրէն վարժուեցանք տիրող իրավիճակին: Սկսանք սփռուող մահուան մարտահրաւէր կարդալ: Միւս կողմէ մենք չէինք կարծեր, որ այսքան երկար կրնար տեւել այս անհեթեթ վիճակը, ու նախ վախվխելով ապա ի հեճուկս դառն իրականութեան զիրար հրմշտկեցին երգչախմբային համերգներն ու նուագահանդէսները, պարախումբերը վերսկսան հանրութեան ներկայանալ, նկարչական եւ երաժշտական դպրոցներու աշակերտներուն թիւը բազմապատկուեցաւ:

Մեծ բաւարարութիւն մը զգացի այս դաշնամուրային համերգին ընթացքին՝ ունկնդրելով Խաչատուրեան, Պախ, Րախմանինով, Պիզէ, Լիսթ, եւ մտածեցի թէ «ի՞նչ կորսնցուցած պիտի ըլլայի եթէ ներկայ չգտնուէի այս համերգին:» Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ պիտի կորսնցնէի, բայց շահեցայ ամենէն էական բանը՝ յոյս գաղութի ապագային հանդէպ:

Այս գաղութին մէջ դեռ մշակոյթը կ’ապրի: Անցեալ շաբաթ ներկայ գտնուեցայ բառին բուն իմաստով մշակութային իրադարձութեան մը՝ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» գիրքի Ա. հատորի շնորհահանդէսին: Լաւ օրերուն, այսինքն պատէրազմէն առաջ, տպուած էր «Մարաշի Ասեղնագործութիւն» գիրքը:

Հալէպի մէջ այդ լաւ օրերուն ամբողջ հայութեան համար գրուած է գաղութի հարուստ պատմութիւնը, վերահրատարակուած է Թէոթիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը,» հրատարակուած են թերթեր, պարբերագիրքեր, որոնց շարքին Հալէպահայ գրողներու «ԵՐԹ» տարեգիրքը: Այս գաղութին մէջ եղած են հայ գրողներ, որոնք գրած են համայն հայութեան համար: Այս գաղութին մէջ այսօր ալ կան գրողներ, կան նկարիչներ, երաժիշտներ, արեւմտահայերէնի մասնագէտներ: Կան հայ մշակոյթին ծառայող անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:

Կրնաք հարցնել թէ «ո՞ւր չկան նմանները:» Կրնաք մտածել թէ «ամէն տեղ քիչ թէ շատ կան:»

Այո՛, ամէն տեղ կան մշակութային գործիչներ, բայց Հալէպի մէջ կայ հայ մշակոյթով ապրող գաղութ: Կայ արեմտահայերէնի տէր գաղութ: Կայ քարերէն եւ շինութիւններէն աւելի բան մը՝ հայկականութիւն, որ համայն հայութեան կը ծառայէ:

Արդեօք քի՞չ են այս պատճառները՝ այս գաղութը ի գին ամէն զոհողութեան պահպանելու համար: Պատասխանելէ առաջ թերեւս աւելի ճիշդ է պարզապէս պատասխանել այլ հարցումի մը.

Քանի՞ գաղութ ունի նման յատկութիւններ:

Երանի հայկական մշակոյթի տէր Հալէպահայ գաղութը գոյատեւէ՝ յանուն ազգին:

Մեկնաբանել