Հալէպահայութեան եւ ոչ միայն «վերջին փրկագի՞նը»

Syria, AleppoԱմբողջ Հալէպահայութիւնը՝ ներսի եւ դուրսի, կը սպասէ: Հալէպահայութեան հետ կը սպասէ նաեւ ամբողջ հայութիւնը, որովհետեւ մենք հայութենէն մաս մըն ենք եւ մեր խնդիրները կը յուզեն բոլորս անխտիր:

Կը սպասենք՝ յուսալով թէ օր մը խաղաղութիւնը պիտի վերադառնայ Սուրիա, թէեւ գրեթէ համոզուած ենք որ այլեւս մեզի համար տեղ չմնաց այս երկրին մէջ, բայց գոնէ ամէն մէկս իր հարցը կը լուծէ՝ կու գայ հոս ունեցածը կը ծախէ ետ կ’երթայ, գալիք խաղաղութեան ատեն տակաւին հոս եղողն ալ կը հաւաքուի ու անդարձ կը հեռանայ:

Ա՞զգը ինչ պիտի ընէ իր կալուածները: Հնդկահայերը ի՞նչ ըրին ազգային կալուածները:

Մինչ այդ սակայն կ’ակնկալենք որ ոչ միայն շարունակուին ներսի եւ դուրսի Սուրիահայերուն յատկացուող նպաստները,, այլ կը սպասենք որ բազմապատկուին այդ նպաստները, չէ՞ որ օրէ օր աւելի կը վատթարանայ մեր ընդհանուր կացութիւնը, չէ՞ որ եթէ Հալէպի մէջ մնացողին վիճակը ամսական յիսուն տոլարով կարելի է տանելի դարձնել ապա դուրսը գտնուողին համար քառակի գումար անհրաժեշտ է, եւ դուրսը գտնուողները կ’աւելնան, իսկ անոնց վիճակի լաւացում տակաւին չի նախատեսուիր, իսկ նուիրատուները մինչեւ ե՞րբ պիտի կարենան ձեռք երկարել մեզի: Հապա մեր մի՞ւս խնդիրները:

Հայաստան գացողներուն վիճակը մեր գիտցածին համեմատ այդքան ալ լաւ չէ: Անշուշտ չի ալ կրնար լաւ ըլլալ, բոլորը կը դժգոհին որ գործ չկայ, եթէ ըլլայ ալ աշխատավարձերը շատ ցած են, թէեւ կը կարծեմ, թէ աշխատասէր եւ ճարպիկ Հալէպահայը վայելելով տեղացի հայուն եւ իշխանութիւններուն բարեացակամութիւնը, թերեւս աւելի լաւ կ’ապրի հայրենիքին մէջ քան բուն Հայաստանցին: Բայց ցաւօք կան առարկայական պատճառներ, որոնք ապրիլը կը դժուարացնեն Հայաստանի մէջ, հաւասարապէս տեղացիին եւ գաղթական Սուրիահայուն համար, ուստի շատերուն աչքերը դուրս կ’ուղղուին եւ կրցողը կ’երթայ, կը հեռանայ Հայաստանէն:

Բարեկամներէս մէկը անցեալ տարի Հայաստան այցելած էր, հիմա դարձեալ հոն է: Իրեն հարց տուի- Ինչպէ՞ս է ՄԵՐ Երեւանը:

Շատ տխուր եւ մտահոգիչ էր պատասխանը. ան ըսաւ.-Ազգականներս կը փնտռեմ: Տեղեկացայ որ իննը ամսուայ ընթացքին անոնցմէ տասներկուքը Ամերիկա գացած են: Այս հաշուով ամէն տարի Հալէպահայերուն քանակութեամբ հայեր կը հեռանան Հայաստանէն:

Ցաւ զգացի, խորունկ ցաւ, թէեւ բարեկամիս ըսածը նորութիւն մը չէր, սակայն ինծի յիշեցուց անցեալ դարի իննսունականներու Հայաստանեան դառն անեկդոտը.- Վերջին ելլողը լոյսերը մարելու թող չմոռնայ: (Թէեւ իննսունականներու առաջին տարիներուն լոյս չկար Հայաստանի մէջ):

Ճիշդ է կան առարկայական պատճառներ, ճիշդ է նաեւ որ ես Հայաստանի քաղաքացի չեմ եւ Հայաստանի մէջ չեմ ապրիր, բայց կը կարծեմ որ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի արգելք հանդիսանալու ինծի հարց տալու, թէ չկա՞ն Հայաստանի մէջ կեանքը դժուարացնող ենթակայական պատճառներ, եւ թէ անոնց լուծումը աւելի տանելի չի՞ դարձներ կեանքը մեր հայրենիքին մէջ:

Այս հարցումը ինքզինքիս կ’արտօնեմ տալ որովհետեւ հաւատացէք (չհաւատաք ալ) ես իրապէս կը սիրեմ Հայաստանը, որ ինչպէս բոլորս քաջ գիտենք, մեր միակ հայրենիքն է, միակ երաշխիքը մեր գոյութեան եւ միակ գրաւականը մեր ազգային իղձերու իրականացման:

Բարեկամիս 12 ազգականները գաղթած են Հայաստանէն իննը ամսուայ ընթացքին:

Հոս մնացող Հալէպահայերը մեծ յոյսով կը սպասեն «Հայ Տուն»ի աւելի լաւ պայմաններուն, որպէսզի միանան Գանատա գաղթած իրենց համաքաղաքացիներուն: Գացողները եւ երթալ սպասողները տխուր են. Անոնք կ’ըսեն:

-Ի՞նչ ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել: Գիտենք որ միակ երթալիք տեղերնիս Հայաստանը պէտք է ըլլայ, գիտենք որ մեր զաւակները մերը պիտի չըլլան, հայ պիտի չմնան, բայց ի՞նչ կրնանք ընել. Հայաստանի մէջ մեր ապրուստը պիտի չկարենանք հոգալ… Կ’ըսեն Հայաստանը աշխարհի լաւ տեղն է եթէ դրամ ունիս, իսկ մենք դրամ չունինք:

«Մեր զաւակները պիտի չըլլան»ը ինծի կը յիշեցնէ 85 տարիներ առաջ Շահնուրի ըսածը.« …կը վճարենք, իբրեւ վերջին փրկագին, այն որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին՝ մանուկներ, որոնք պիտի գային: Որովհետեւ այն որ պիտի գայ՝ պիտի ըլլայ օտար….»:

Չըսենք որ Շահնուր սխալ էր: Տեսնենք Ֆրանսայի կորսուած սերունդները, որոնց մեզի բան մը չըսող շարքերուն պիտի միանան Հալէպէն ոչ-Հայաստան գաղթողները, որոնց պիտի միանան նաեւ Հայաստանէն հեռացողները, որքան ալ մեզի թուի թէ ասոնք նոր աւիշ կը ներարկեն ձուլուող գաղութներուն: Ժամանակաւորը՝ պատրանք թէ իրականութիւն թող չխաբէ մեզ:

Հայութեան հատուածներուն հարցերը կը պատկանին ամբողջ հայութեան, նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան:

Նոր սահմանադրութեան ընդունման այս օրերուն պէտք է մտածել նախ եւ առաջ Հայաստանի մէջ կեանքը աւելի տանելի դարձնելու մասին: Լուծելու մօտեցում ցուցաբերելով ենթակայական խնդիրներու.օրինակի համար կարելի չէ՞ ստիպել գործատէրերուն քիչ մը նուազեցնել իրենց սեփական շահերը եւ բարելաւել աշխատավարձերը, կամ կարելի չէ՞ որոշ սահմանափակումներ մտցնել առեւտրական դրամագլուխներու սանձարցակութեան մէջ հեշտացնելով եւ քաջալերելով տեղական արդիւնաբերութիւնը:

Ես տնտեսագէտ չեմ, քիթս ալ չհասկցածս խնդիրներու մէջ չեմ մտցներ: Բայց արտօնեցէք որ միտքէս անցած հարցումները ուղղեմ մասնագէտներու…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 31 Հոկտեմբեր 2015

Մեկնաբանել