Հողին հանձնեցինք մեր ժպիտը

Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քանի մը անգամ երգուող «Ի վերին Երուսաղէմ»ը սողոսկեցաւ մեր երակներուն մէջ, կասեցուց մեր արեան հոսքը, ծակեց մեր ոսկորները, հասաւ ծուծին եւ մեր դէմքերուն վրայ ու հոգիներուն մէջ մեխուեցաւ որպէս յուսահատութիւն ու բողոք…

Բողոք ինչի՞ն դէմ, պորթկում որո՞ւ երեսին: Միայն չ’ըսէ՛ք ընդդիմադիր սուրիացիներուն, որոնց մօտ ալ հարիւրաւոր երեխաներ կը զոհուին… չըսէ՛ք՝ մեծ պետութիւններուն, չըսէ՛ք ՏԱԷՇ-ին, հազարաւոր վարձկան զինեալներուն… եւ այլոց դէմ…

Այսօր մեզմէ յաւէտ հեռացան հայուհի մը, ժպիտը դէմքերնին հայ պատանի-երիտասարդներ, Դուք տեսա՞ք այս երիտասարդներուն ընկերներուն դողացող մարմինները եկեղեցւոյ մէջ, լսեցի՞ք անոց բարձրագոչ աղաղակող լացի ձայնը, ականատես եղա՞ք թէ անոնք ինչպէս սեղմուած էին իրար, կարծես իրենց միջեւ ամուր, շա՛տ ամուր գրկելով իրենց հեռացող ընկերները: Դուք այսօր եկեղեցիին մէջ տեսա՞ք Հալէպի հայ այրերուն խոժոր դէմքերը, հայ կանանց եւ աղջիկներուն զուսպ, այնքա՜ն զուսպ, արիւն լացող հոգիները… Տեսա՛ք, անշուշտ տեսաք, որովհետեւ այս ամէնը տեսնելու համար պայման չէր հայկական Վիլլաներ թաղամասի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գտնուիլ երբ հոն սիրտ ծակող ձայնով քանիցս կ’երգուէր «Ի վերին Երուսաղէմ»: Որովհետեւ այսօր ազգովին հոն էինք, ինչպէս որ էինք Հայաստանի մէջ մեծ երկրաշարժի պահին, ինչպէս որ էինք Լիբանանի մէջ լիբանանահայերու ծանր օրերուն, Ինչպէս որ էինք Արցախի մէջ դեռ վերջերս Ապրիլեան օրերուն եւ ուր ենք նաեւ այսօր…

Այսօր մեզմէ յաւիտեան բաժնուող պարմաններուն հետ մենք հողին յանձնեցինք անոնց ժպտացող դէմքերը, անոնց ընկերներուն՝ մեր երիտասարդներուն եւ մանուկներուն ժպիտը:

Մէկդի թողնելով օտարները, մեր մէջ ո՞ւր փնտռենք այս եղածին պատճառները եւ որ աւելի կարեւոր է այս ամէնուն մէջ իրաւո՞ւնք ունինք իմաստ մը փնտռելու, պիտի կարենա՞նք գտնել:

Ես չըսի յանցաւորը ո՞վ է, չըսի թէ Հայաստանի պետութիւնը կրնար հող տրամադրել, որուն վրայ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ հեշտութեամբ կրնային բնակարաններ կառուցել սուրիահայերուն համար, այս բոլորը չըսի որովհետեւ յանցաւոր չեմ փնտռեր: Իմ հարցումս հետեւեալն է.-

Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ դիրքորոշում ունինք մենք, ի՞նչ հաւաքական որոշման յանգած ենք.-Պահպանե՞լ գաղութը, չտեսնե՞լ ձեւացնել եւ ձգել որ ամէն ոք իր ձեւով եւ իր միջոցներով փորձէ հեռանալ եւ երթալ հոն ուր հնարաւոր է, իբր քարոզելով մնա՞լ… ասիկա ամէնէն դիւրին ղեկավարել-Չղեկավարելու մեթոտն է:

Ինչո՞ւ չկրցանք կամ չուզեցինք Հայաստանի մէջ բնակարաններ կառուցել հալէպահայերուն համար, ասոր պատասխանը պիտի չփնտռեմ այսօր, վախնալով թէ բազմաթիւ յանցաւոր-յանցակիցներ պիտի գտնեմ:

Այսօրուան իմ առաջին հարցումս հետեւեալն է.- Կ’արժէ՞ մնալ Հալէպի մէջ:

Դարձեալ ամէնէն դիւրին պատասխանը .-Ո՛Չ…

Որովհետեւ հոս մեր ամբողջ ունեցածը մեր մէկ երեխային կամ ոեւէ անհատի կեանքը չի կրնար արժել: Այո՛, բայց չէ՞ որ մեր ունեցածը սոսկ կառոյց չէ՛, չէ՞ որ Հալէպահայ (Սուրիահայ) գաղութը ազգին մէկ կարեւոր մասնիկն է, իսկ գաղութը գաղութ դարձնողը, գաղութ պահողը սերունդներու արիւն-քրտինքով կառուցուածն է, որմէ հրաժարիլը կը նշանակէ հրաժարիլ ազգային արժէք դարձած հարստութենէ, որուն մէջ ամէնէն փոքրիկ մասը նիւթականն է: Ազգային ժառանգութենէ հրաժարիլը մեզի կը սորվեցնէ նաեւ հրաժարիլ հայրենական ժառանգութենէ երբ մեր երկրին մէջ եւս վտանգուի անհատական կամ հաւաքական մեր գոյութիւնը:

Այս գիտակցութեամբ ես կը պատասխանեմ.-Այո՛, պէտք է պահպանել գաղութը. պէտք է պահպանել գիտակցելով որ այնքա՜ն շատ դժուար է մեր գոյութիւնը պահպանել, երբ չենք գիտեր թէ տակաւին ինչեր կրնան պատահիլ, երբ գիտենք որ տակաւին բազմաթիւ զոհեր կրնանք տալ, գիտակցելով որ ամէն մէկ հոս մնցող ամէն վայրկեան ենթակայ է մահուան, մարմնապէս խեղման, անօթութեան, ծարաւի, մթութեան…

Այս գիտակցութիւնը պէտք է ունենայ ամէն մէկ մնալ ու գաղութը պահել ցանկացող, երթալ ցանկացողներուն ճամբան պէտք է հեշտացնէ ազգը՝ ազգին ամէն տեղ վխտացող ղեկավարութիւնը, ապահովելով բնակատեղի մեր հայրենիքին մէջ, որպէսզի պատմութիւնը դասալիքներու անուններ չարձանագրէ, թէ՞ պատմութիւնն ալ գրողները դասալիքներն են: Վերջին պարբերութիւնը ի միջի այլոց գրուեցաւ՝ անկախ իմ կամքէս, որովհետեւ խնդիրը Հալէպահայ գաղութին պահպանումն է, ուրիշ ոչինչ:

Այսօրուան իմ երկրորդ հարցումս է.- Ինչպէ՞ս պահպանել գաղութը:

Անչափ դժուար է պահպանել մեր գաղութը, գիտնալով որ տակաւին շատ երկար է խաղաղութեան ճանապարհը, գիտնալով որ տակաւին բազմաթիւ թանկագին զոհեր պիտի տանք, մանաւանդ գիտնալով որ ապագայի խաղաղ այս երկրին մէջ մեր հանդէպ, մեղմօրէն ըսենք, բազմաթիւ անբարեացկամօրէն տրամադրուած հաւաքականութիւններով շրջապատուած պիտի ապրինք, զորս մեր դէմ գրգրելը շատ դիւրին պիտի ըլլայ: Այս անխուսափելի իրողութիւնները զիս յաճախ կը մղեն այս գաղութէն հեռանալուն, սակայն այս հաւաքականութեան անքակտելի մասնիկ ըլլալուս գիտակցութիւնը միշտ կը յաղթէ, եւ որն ալ իրաւունք կու տայ ինծի հաւաքական որոշում մը պահանջել, իրաւունք կու տայ պատասխանատուութիւն վերցնելու ատակութիւն փնտռել մեր ղեկավարներուն մօտ… եւ ես երկրորդ հարցումիս պատասխանը կը գտնեմ մեր՝ հոս մնացողներուս հաւաքականօրէն դիմանալու կարողութեան մէջ: Դիմանալու մեր տուած եւ տալիք զոհերու կորուստի ցաւին, դիմանալու իրար ուժ ներշնչելով, մեր մխիթարութիւնը իրար գիրկի մէջ գտնելով ինչպէս որ կ’ընէին այսօր առտու Միրէյին եւ Ծիլային ընկերները եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Դիմանալու կարողականութիւնը կու գայ գիտակցութենէն, մեր զոհերուն կորուստը իմաստաւորելէն, իսկ մեր կորուստը կ’իմաստաւորուի միայն այն պարագային երբ անոնք նպատակի մը իրագործումին համար զոհուած ըլլան եւ դառնան նահատակներ, ապա թէ ոչ կը վերածուին պարզապէս թիւերու եւ պարզապէս կրնանք ցաւիլ անոնց համար եւ անոնց կորուստը նոյնիսկ հաւաքական վէրքի չի վերածուիր ու ժամանակի ընթացքին նոյնիսկ իրենց հարազատներուն կսկածալի վէրքերը կը սպիանան, մինչդեռ անոնցմէ իւրաքանչիւրին անունը պէտք է փորագրուի մեր հոգիներուն մէջ, բոլորիս հոգիներուն մէջ, ազգային հաւաքական մեր մտքին ու հոգւոյն մէջ:

Այսօր մենք մեր երիտասարդներու դէմքի ժպիտին հետ հողին յանձնեցինք մեր հաւաքական ժպիտը…

Պիտի յառնի՞ այդ ժպիտը, Այդ ժպիտը չի վերադառնար մեզի երկնային կեանքի մխիթարութեամբ միայն. Ասիկա մեր եկեղեցականներն ալ քաջ գիտեն: Մենք այդ ժպիտի յառնումը պիտի գտնենք.. եթէ կարենանք…. սակայն պիտի կարենա՞նք պահպանել գաղութը…

Եւ.. սակայն վերադառնանք այսօրուան. այսօր դուք գացիք, հեռացաք մեզմէ եւ մենք անմխիթար ենք եւ ձեր հեռանալը կը կրծէ մեր հոգիները:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 1 Հոկտեմբեր 2016

Լուսանկարների համադրությունը վերցված է Panorama.am-ից

Մեկնաբանել