Հալէպ՝ Դրախտ-Դժոխք

Եթէ Հալէպի ներկայ կեանքը դժոխքանման է, ապա կան բազմաթիւ փոքրիկ, աննշան թուացող երեւոյթներ որոնք քեզ այս դժոխքէն դրախտ կը փոխադրեն:

Խօսքը ապագայի հանդէպ յոյս եւ հաւատք ներշնչող՝ գաղութի պահպանման առհաւատչեան հանդիսացող հայկական դպրոցի մը եօթանասուն ամեակի տօնակատարութեան կամ նոյնքան հին դպրոցի մը քանդուած շէնքին վերաբացման մասին չէ, ո՛չ ալ մարդը մարդ դարձնող, սուրբ կոչուելու արժանի, զաւակ կորսնցուցած մօր կամ այրի կնոջ աղօթքի մասին է, երբ անոնք Աստուծմէ կը խնդրեն, կը պահանջեն որ այլոց զաւակներուն ու ամուսիններուն կեանքերը չխլէ, զանոնք իրենց պէս դժբախտ չդարձնէ…

… Առտու կանուխ է, ամսուայ վերջ է, դրամ շատ չունիս եւ կ’որոշես քալելով երթալ երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գործատեղի: Ճամբու կէսին, վախնալով որ կ’ուշանաս, կը կանգնեցնես միքրոպիւս մը. վարորդը առանձին է: Կը փորձես վճարել, սակայն վարորդը կը մերժէ գանձել, ըսելով որ ինք աշխատանքի չէ…

կ’ուրախանաս: Մարդիկ Հալէպի մէջ կարիքէն դրդուելով դարձած են դրամապաշտ, սակայն փաստօրէն մէկը միւսէն յաճախորդ գողցող, «մանր չունիմ» ըսելով գրոշները չվերադարձնող այս մարդատար միքրոպիւսերու վարորդներուն մէջ իսկ տակաւին կ’ապրի մարդը, եւ իրականութեան մէջ այս համատարած աղքատութեան շրջանին այս վարորդները երբեմն մեղքնալով դրամ չունեցող մարդոցմէ չեն գանձեր փոխադրավարձք…

Երկրագունդի բոլոր կողմերն ալ կան այսպիսի մարդիկ… կը յիշես Ղարաբաղեան շարժման օրերը, երբ պետական փոխադրամիջոցները երեկոյեան ժամը 11-ին կը դադրեցնէին իրենց աշխատանքը, իսկ կը գտնուէին մարդիկ, որոնք գիշերուայ ժամը 2-3-ին կ’արթննային, ցուրտ ձմրան տունէն դուրս կ’ելլէին, որպէսզի ուշացած ցուցարարները «Ազատութեան հրապարակ»էն տուն հասցնէին անվճար… այսպիսի մարդիկ քիչ մը կը մոռցնեն տխուր առօրեադ եւ քեզի ժպիտ մը կը պարգեւեն, քիչ մըն ալ քո՛ւ ալ մարդ ըլլալդ կը յիշեցնեն:

Կ’անցնիս փուռի մը առջեւէն, տաք հացին բոյրը քիմքդ կը շոյէ. Խճողում է, հերթ, մարդիկ կը պոռան, կը կռուին կարգի համար, կ’ըսես որ կ’ուզես հաց մը գնել՝ մէկ հաց: Կռիւները կը դադրին, ամէն կողմէ ձայներ կը լսուին.-

-Տղաք, ճամբայ բացէք, մարդը մէկ հաց պիտի գնէ միայն…

-Ինծի՛ տուր դրամը,-կը լսուի շարքին առջեւէն ձայն մը:

Կ’երկարես 25 լիրանոց մետաղադրամը:

-Մանր չունի երեք հաց կ’առնե՞ս (մօտ կէս քիլօ):

-Ո՛չ, մէկ հացը կը բաւէ,-կ’ըսես:

Մէկ տաք հացը կը հասնի քեզի, հետն ալ 25 լիրադ: Դուն չես ուզեր դրամը ետ վերցնել, ամէն կողմէն դարձեալ .- Հալալ է, եղբայր, եղած-չեղածը հաց մըն է…

Եղած-չեղածը հաց մըն է, բայց այն քեզի հրամցուած է մանրը երբեմն չվերադարձնող, հացը թերակշռող, իր ընկոյզին մէջ ինքզինք թագաւոր երեւակայող հացավաճառին կողմէ, որ յայտնի է այս հերթի կանգնած մարդոց վրայ իր իշխանութեան տարածումով՝ ամէն օր պահ մը իրեն հնազանդեցնելով… որքա՜ն շատցած են ասոր նմանները՝ իրենցմէ կախում ունեցողներուն վրայ իշխողները… ուրեմն այս անձն ու իր նմաններն ալ մարդկային յատկութիւն մը տակաւին պահպանած են իրենց մէջ, ու այս յատկութիւնը քեզի ալ կը յիշեցնէ որ դուն ալ մարդ ես, ու այս դժոխքանման վայրը մոռցնել կու տայ, կը տանի հին առատաձեռն, թերեւս դրախտանման, Հալէպ:

Գործի կ’երթաս: Գործընկերներդ բոլորն ալ դժգոհ են, բոլորը կը բողոքեն աշխատավարձի սակաւութենէն.

-Ասիկա գո՞րծ է: Առածդ ինչի՞ կը բաւէ..

-Իրապէս գործ չէ, անգամ մը շուկայ իջիր, հազարները կը թռին…

-Երէկ կնոջս հետ հագուստ գնելու գացինք… ուրտեղեր հասեր են գիները… Իրար հետ կռուելով պարապ ձեռքով ետ դարձանք…

Ներս կը մտնէ գործընկեր մը. քալելով եկած է, ցուրտը կծկած է իր հսկայ մարմինը, անձրեւը սողոսկած է իր ոչ այնքան տաք հագուստներէն ներս… ինք կը խնդայ, չի կրնար խօսիլ, ու երբ խօսի ինքն ալ իր ձայնը կը միացնէ բողոքողներուն.-

-Ասիկա գործ չէ՛,- ու կը շարունակէ խնդալ.- Մէկ անգամ եթէ թաքսի նստիս երեք անգամ պէտք է քալելով երթաս: Ասիկա գո՞րծ է: Ու կը շարունակէ խնդալ:

Իր խնդուքը կը վարակէ շուրջինները, քեզ ալ, ու կը հասկնաս որ քու վիճակիդ վրայ լալու փոխարէն կրնաս խնդալ, ապրած դժոխքդ անեկդոդներով նկարագրել ու ծիծաղիլ՝ չկարենալ խօսելու չափ եւ կեանքը կը դիւրանայ կարծես:

Դարձեալ փողոցն ես, ինքամփոփ կը քալես, քեզի պէս շատեր ինքնամփոփ վիճակ մը ունին, այն աստիճան որ երբեմն ծանօթներ իրար չեն բարեւեր, զիրար չեն տեսներ, ու եթէ առանձին չես, հետդ քալողը քեզի, կամ դուն իրեն.-

-Այս անցնողը մեր Յակոբը չէ՞ր, ինչո՞ւ առանց բարեւելու անցաւ…

Այո՛, Յակոբն էր, կամ Սագոն, կամ դուն էիր, ու առանց իրար նշմարելու շարունակեցիք ձեր ճանապարհը, երբեմն, այո՛, այո՛, երբեմն մոռնալով որ ո՞ւր կերթաք:

Եւ սակայն.

-Սալամ Ալէյքոմ՝ Խաղաղութիւն ընդ ձեզ:

Կը զարմանաս, այս բառերը արտասանող անծանօթին կը նայիս ու կը յիշես հին օրերը, երբ Հալէպի մէջ բոլորը՝ ծանօթ-անծանօթ կը բարեւէին իրար՝ խաղաղութիւն կը մաղթէին… ու կը պատասխանես.-

-Ալէյքոմ սալամ ու րահմաթ ուլ Լահի ու պարաքէթօ՝ Խաղաղութիւն ձեզի եւ Աստուծոյ գթութիւնն ու օրհնութիւնները…

Կը յիշես ու կ’անդրադառնաս, որ Հալէպի մէջ գերիշխողը ատելութիւնը չէ, թէ՛ այս քեզի անծանօթը կրնայ Հալէպի արեւմտեան կամ արեւելեան մասէն մարդ մը ըլլալ եւ, եւ կ’ուզես այս քաղաքին հանդէպ կորսնցուցած հաւատքդ վերականգնել…

Կը հանդիպիս խումբ մը պարմանուհիներու. ուրախ են, կը հարցնես պատճառը: Կը հարցնես, կը պատասխանեն.

-Անին պաքալորիայի քննութիւններ տալէն հրաժարած էր, դպրոց չէր գար, իրենց գացինք, համոզեցինք պիտի գայ դպրոց, քննութիւններուն ալ պիտի մասնակցի:

Կը նայիս 16-17 տարեկան այս աղջիկներուն, որոնց մանկութիւն-պատանեկութիւնը դժոխքի մէջ անցաւ, որոնց ընկերներէն շատեր հիմա սփռուած են աշխարհով մէկ, անոնք պէտք է ընկճուած ըլլան, սակայն անոնք, առանց մոռնալու այս ամէնը, ներկան կ’ապրին ապագան կերտելով, ո՛չ թէ եսասիրաբար, այլ նաեւ ուրախանալով որ իրենց ընկերուհին ալ պիտի շարունակէ պայքարիլ եւ ապրիլ:

Դուն ալ իրենց հետ կ’ուրախանաս, դուն ալ լաւատես կը դառնաս ու մոռնալով դժոխային այս ժամանակները ապագային մէջ կ’ուզես լաւն ու բարին գտնել:

Խանութի մը առջեւ իր որբուկին կարկանդակ գնող ծանօթ, տագնապի պատճառով այրիացած կնոջ մը կը հանդիպիս. կը բարեւես, որպիսութիւնը կը հարցնես ու կը լսես մանուկին ձայնը:

-Մամա, կաթօ մըն ալ այս տղուն համար կը գնե՞ս, ան ալ հայր չունի կարծես…

Այս ձայնը, կը ցնցէ քեզ, կը մտնէ մէջդ, կը փորփրէ հոգիդ… կը նայիս շուրջդ, ցնցոտիաւոր մանուկ մը կանգնած է երկու մեթր անդին ու կը նայի ձեզի…

-Մամա՛, կաթօ մըն ալ…

Ուրեմն մեր կեանքը դժոխքի վերածած այս պատերազմը պարտուած է, ան չէ յաջողած բոլոր մանուկները հրոսակախումբերու մասնիկներու վերածել… -Մամա՛, այս մանուկին ձայնը կը գամուի մէջդ ու դուն այս անգամ իրապէս կը մոռնաս այս օրը ու կը նայիս վաղուան գալիքին, զոր այսօրուընէ կը սկսի կառուցել այս մանուկը՝ վաղուան տէրը, ու կ’աղօթես, կ’աղօթես ամբողջ հոգով որ այսօրուան մանուկներուն, բոլոր մանուկներուն լաւ ժամանակներ բաժին հասնին:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 27 Յունուար 2018

Մեկնաբանել