Հալէպ – կանուխ ահազանգ

Հայաստանէն դուրս մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է ու կը մնայ տեղացիին մէջ ձուլուելու վտանգը:

Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպը ամբողջ հայութեան կողմէ բնութագրուեցաւ որպէս պոռնկագրութիւն, մինչդեռ հեղինակը կ’ուզէր ահազանգ հնչեցնել զայն արդարացիօրէն անուանուելով «Պատկերազարդ Պատմութիւն Հայոց»՝ երբ որպէս թերթօն շարունակաբար կը հրատարակուէր Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ:

Մեր բոլոր պատասխանատուներուն եւ սովորական հայերուն մտահոգութիւնը նոյնն է, սակայն մենք բոլորս ալ երբեմն ուշ կ’անդրադառնանք վտանգին ու ազդանշանները ժամանակին չենք նշմարեր կամ կ’արհամարհենք զանոնք:

-إԵրբեւէ պիտի կորսնցնե՞նք մեր ազգային ինքնուորոյնութիւնը Հալէպի մէջ, պիտի ձուլուի՞նք տեղացիներուն մէջ:

Չհաշուած մինչ Եղեռնի Հալէպի հայ գաղութի գոյութիւնը, հարիւր տարիներէ ի վեր կ’ապրինք այս երկրին մէջ եւ կը մնանք հայ. թերեւս ալ Հալէպէն դուրս սփիւռքահայուն տեղացիին հետ համակերպելու, ընդելուզուելու ամէնէն դժուար վայրը, զարմանալի, Հայաստանը եղած է, ուր հայրենադարձը մնացած է «աղբար», Հայաստանցին ալ «տեղացի», մինչ եւրոպական, ամերիկեան եւ ռուսական գաղութներու մէջ երկու սերունդ իսկ բաւած է եւ կը բաւէ ձուլուելու: Հալէպի պարագային ո՞րն է գաղտնիքը:

Հիմնական պատճառը պէտք է փնտռել կրօնքի տարբերութեան մէջ, նաեւ հայկական դպրոցներու բաւարար թիւին մէջ, մեր միութիւններու աշխոյժ գոյութեան մէջ, նաեւ կենցաղի տարբերութեան մէջ, կենցաղ որ խոր վիհ մը կը բանայ մեր եւ մեր շուրջիններուն միջեւ, այս ամէնը մեզ պարտադրած են մինչեւ հիմա կուկուսիի նման կծկուիլ մենք մեր մէջ, ունենալ մեր ձեռքերով կառուցուած առանձին թաղերը, եւ ապրելով այս ժողովուրդին հետ, չշաղուիլ անոր հետ, չվերածուիլ անոր ամբողջականութեան մասնիկի (integration)։

Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, ետեւը՝ Ապպարայի մզկիթը, առջեվում՝ 1896-ին կառուցված Ալթունյան հիւանդանոցը, նախքան քանդվելը վերածվել էր պետական դպրոցի: Տագնապէն անմիջապես առաջ էր քանդվել, այստեղ պիտի կառուցվեր 5-աստղանի հյուրանոց:

Կրօնքի տարբերութիւնը մշտապէս պիտի մնայ, մենք դեռ երկար ատեն պիտի վանենք մեզմէ մեր շրջապատի կենցաղին մէջ մտած իսլամական կրօնքին արտացոլումները, որոնք չափազանց խորթ են մեզի՝ հայ տղամարդը պիտի չկարենայ ընդունիլ որ բարկութեան պահուն երեք անգամ արտասնանած «Դուն արձակուած ես» նախադասութիւնը պատճառ դառնայ կնոջմէն իրապէս բաժնուելուն, որուն վերադարձը պիտի արտօնուի անոր ուրիշ տղամարդու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալէն ետք միայն, նոյնիսկ եթէ այդ ուրիշը մզկիթի առջեւ կանգնած կոյր մը ըլլայ, որ պիտի չգիտնայ թէ որուն հետ էր իր ունեցած արտօնեալ յարաբերութիւնը: Հայ կինը երբեք պիտի չընդունի իր ստորակայութիւնն ու ստորնացումը, նոյնը պիտի չընդունի նաեւ հայ տղամարդը, որուն համար սրբութիւն են իր կինն ու աղջիկը, որուն համար քոյրեր են իր եղբայրներուն եւ բարեկամներուն կանայք: Մեզի համար սրբապղծութիւն է մեր ազգականներուն հետ ամուսնութիւնը մինչ իսլամներու մօտ աղջիկ մը նախ առաջնահերթութիւնը պէտքէ տայ իր հօրեղբօր տղուն: Իսլամ տղամարդը պարտաւոր է իր մեռած եղբօր այրին կնութեան առնել, նոյնիսկ եթէ մինչ այդ ամուսնացած է, չէ՞ որ իր կրօնը կ’արտօնէ իրեն չորս կնոջ հետ ամուսնանալ միաժամանակ: Թէեւ պէտք է արձանագրել որ իսլամական զարգացած տարրին մօտ բազմակնութիւնը զգալի կերպով նահանջած է, զարգացած տարրին մօտ նահանջած են նաեւ մեզի համար այլ հոռի երեւոյթներ ինչպէս կնոջ դէմք ծածկելը, թէեւ բոլոր կանայք տակաւին շարփ կը գործածեն, նոյնիսկ հայկական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցչուհիները: Իսլամ կանայք իրենց տուներուն մէջ չեն երեւիր երբ օտար տղամարդ կայ հոն, այս օրէնքին կը հետեւին օտար երկիրներ ուսանած տղամարդկանց կանայք եւս (երեւակայեցէք արաբ համայնավարներուն եւ պաասիստ ուսանողներուն կիները դարձած ռուս աղջիկներուն վիճակը), տեղի տալով տան աւանդապահ երէցերուն, հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է նշել որ արաբ տղամարդիկ իրենց կիներուն կ’արտօնեն տան բարեկամ հայ տղամարդկանց երեւալ, որովհետեւ անոնք վստահելի են:

Որքան ալ հեռու ըլլանք իսլամական կրօնէն, ներկայ եւ գալիք ժամանակները պիտի ստիպեն մեզ աւելի շատ շփուիլ այլակրօններուեւ նոյնակրօն այլազգիներու հետ: Մինչեւ հիմա տղամարդիկ գործի բերումով շուկայական յարաբերութիւններ բնականաբար մշակած էին ե՛ւ իսլամներու ե՛ւ քրիստոնեաներու հետ, յաճախ նաեւ իսլամներու հետ շփուիլը գերադասելով, որովհետեւ անոնք աւելի պարզամիտ մարդիկ էին, աւելի վստահելի եւ մեզ սիրող, մինչ արաբ քրիստոնեաները, որոնք իրենց արաբ ըլլալն ալ յաճախ չեն ընդունիր, չեն սիրեր մեզ, կը նախանձին գործի մէջ մեր վարպետութեան, մեր յաջողութիւններուն, որովհետեւ իրենք ալ մեզի պէս փոքրամասնութիւն են եւ մեզ մրցակից կը նկատեն:

Հայ կանայք Ցեղասպանութենէն 50 տարի անց տակաւին արաբերէն չէին գիտեր, թէեւ անոնցմէ շատեր ֆրանսերէնը լաւ կը հասկնային, չէ՞ որ մինչեւ 1946 թուականը արաբերէնը գրեթէ տեղ չունէր հայկական դպրոցներուն մէջ, այն որպէս երկրորդական լեզու կը սորվէին, միւս բոլոր նիւթերը ֆրանսերէն, անգլերէն կամ հայերէն էին: Դպրոց չգացողներուն ալ թիւը մեծ էր, իսկ շրջապատը միայն հայեր էին, կիլիկեցի հայեր, որոնք թրքերէնը հայերէնէն լաւ գիտէին եւ մինչեւ 1950ականներ տակաւին հայատառ թրքերէնով աղօթագիրքեր կը տպուէին: Այսօր վիճակը ուրիշ է, նախ մեր թիւը 3-4 անգամ նուազած է նախկինէն, մեր դրացիներուն մէջ շատցած են այլազգիները եւ բնականաբար պիտի շփուինք անոնց հետ՝ բարի դրացիութիւն ընենք, ընկերանանք, բարեկամանանք եւ երբեմն ալ պիտի մտերմանանք ու նաեւ… ո՞վ գիտէ ինչեր կրնան պատահիլ… Շփման այլ պատճառ մըն ալ ներկայ նիւթական պայմաններն են, որոնք կը ստիպեն բոլորին աշխատիլ, միւս կողմէ համալսարանաւարտ հայուհիներուն թիւը մեծ է եւ բնականաբար անոնք պիտի աշխատին ոչ հայկական հիմնարկներու մէջ եւ հոս ալ բնականաբար պիտի հաստատուին մտերիմ կապեր նաեւ իսլամներու հետ, թէեւ մեր աղջիկներն ու տղաքը պիտի նախընտրեն քրիստոնեաներու հետ մտերմանալ որովհետեւ երբ նոյնակրօն ենք միւս բոլոր խնդիրները պիտի հարթուին. իրականութեան մէջ մենք ազգայնամոլ ըլլալէ աւելի կրօնամոլ ենք, վկայ քրիստոնեայ երկիրներու հայերուն վիճակը, վկայ Հալէպի մէջ քրիստոնեայ արաբներու հետ հայերու ամուսնութիւններու մեծցող թիւը, երեւոյթ որ բնականաբար աւելի պիտի շատնայ գալիք տարիներուն, հիմա արդէն իսկ կարելի է ըսել, թէ հարիւրէ աւելի խառն ամուսնութիւններ կան կնքուած հայերու եւ քրիստոնեայ այլազգիներու միջեւ, կան նաեւ ձեռքի մատներու վրայ համրուող իսլամներու հետ ամուսնութիւննեը, բարեբախտաբար տակաւին այսպիսի ամուսնութիւններ կնքողները մեծ մասամբ կը նախընտրեն իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկել, թէեւ այս զաւակներուն մէջ քիչ չէ թիւը հայերէն սորվիլ մերժողներուն:

Հայ եկեղեցին ամուր պիտի մնայ, թէեւ ցաւոք վերջերս անկէ հեռացողներ կը գտնուին, գլխաւոր պատճառը նիւթական օգուտ քաղելն է:

Հայկական միութիւնները պիտի կարենա՞ն շարունակել իրենց գոյութիւնը. քանի դեռ կան հայկական դպրոցները, պիտի մնան նաեւ միութիւնները, թէեւ դժուար պիտի ըլլայ միայն միութենական եւ ազգային զգացումներով պահել զանոնք երբ օրինակ, օտար խումբեր լաւապէս կը վճարեն պասքէթպոլիստներուն, վաղը կրնան նաեւ պարողներուն վճարել, դերասաններուն, նուագողներուն. կը յիշէ՞ք, Լիբանանի պատերազմի օրերուն Պէյրութէն հայ պասքէթպոլիստ մը եկած էր, որուն հայկական ակումբները չկրցան յարկ եղած ծախսերը փակելու չափ վճարել, «Իթթիհատ«ը նոյնիսկ բնակարան յատկացուց անոր եւ.. եւ կազմեց պասքէթպոլի խումբ, ու շուտով դարձաւ երկրի առաջատար խումբերէն մին: Այո՛ յետ այսու մեծ գումարներ անհրաժեշտ պիտի ըլլան կարենալ պահելու մեր մարզական ու մշակութային միութիւնները:

Ամէնէն էականը դպրոցն է: Պէտք է պահել հայ դպրոցը: պատասխանատուները բնականաբար պիտի փորձեն ի գին ամէն զոհողութեան պահել, կարեւորը դպրոցականներու ծնողներն են, այսինքն մենք՝ գաղութի զաւակները: Կը յիշէ՞ք, տագնապէն առաջ, հարուստներուն զաւակները սկսան նոր հիմնուած, սունկի պէս աճող ամերիկեան, ֆրանսական, եւրոպական դպրոցներ երթալ, Պէյրութի հարուստները նոյնը չե՞ն ըներ, միւս կողմէ Պէյրութի անվճարունակ դասակարգի զաւակները պետական դպրոցներ չե՞ն յաճախեր: Նոյնը պիտի ըլլայ Հալէպի մէջ՝ անխուսափելիօրէն: Մենք պէտք է գիտնանք որ այսօր եթէ չենք վճարեր մեր դպրոցներուն, վաղը նոյն կերպով պիտի չշարունակուի, որովհետեւ մեր դպրոցները պիտի չդիմանան սղութեան, որովհետեւ օտար դպրոցներու կողմէ ուսուցիչներուն տրուած վարձատրութիւնը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, որովհետեւ որքա՞ն ատեն յոյսերնիս դուրսի մեր հայրենակիցներուն վրայ պիտի դնենք (կամ պիտի կարենանք դնել): Դպրոցականներու ծնողները պէտք է գիտակցին, որ իրենք պարտաւոր են վճարել դպրոցին երբ կարող են: Չմոռնա՛նք, նոյնիսկ տագնապի այս տարիներուն ծնողները մասնաւոր դասերու համար վիթխարի գումարներ կը տրամադրէին երբ նոյնիսկ դպրոցական գիրքերը դպրոցէն ձրի կը ստանային:

Այո՛, աշակերտներուն ծնողները պարտաւոր են տէր կանգնիլ հայ դպրոցին, անշո՛ւշտ եթէ կ’ուզեն որ իրենց զաւակները հայ մնան:

Շահնուրով սկսանք, Շահնուրով ալ վերջացնենք անաւարտ մնացող այս յօդուածը:

Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպին բեմականացուած ներկայացումը աւելի քան քառորդ դար առաջ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտուեցաւ հալէպահայ հանդիսատեսին կողմէ՝ նիւթը սրտամօտ էր: «Համազգային»ի թատերախումբը այս տարի եւս կը ծրագրէր ներկայացնել իր խաղացանկին վրայ պատուոյ դիրք գրաւած այս թատերականացուած վէպը…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 24 Փետրուար 2018

Մեկնաբանել