ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան և Հայաստանի Պաշտպանուածութեան Մասին

Նամակ երկրէն

Մօտ երկու ամիս առաջ, դիմատետրի էջիս վրայ տեղադրած էի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին՝ Արմէն Գրիգորեանի հետ ընկերական հանդիպումի մը լուրը, եւ ընթերցողներուս տեղեկացուցած էի, որ շուտով պիտի գրեմ Արմէն Գրիգորեանի հետ մեր զրոյցի ու մեր երկրի անվտանգութեան վերաբերող խնդիրներու մասին:

Հակառակ անոր, որ այդ օրուընէ ասդին մեր շփումները շարունակուած են, ես սակայն, չէի կրցած կատարել մեր քննարկումներուն մասին գրելու խոստումս եւ բաւարարելու ընթերցողներուս հետաքրքրութիւնը:

Քանի մը օր առաջ, համացանցի վրայ կարդացի Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Զինուած Ուժերու բարձրագոյն հրամանատարութեան հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումին մասին լուր մը, որուն ընթացքին վարչապետը յստակօրէն կը շեշտէր, որ «զինուած ուժերի բնականոն զարգացումը և համապատասխանեցումը՝ մարտունակութեան ժամանակակից կանոններին և Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի անվտանգութեան կարիքներին, մեր բացարձակ առաջնահերթութիւնն է: Մենք այդ ուղղութեամբ պէտք է շարունակական աշխատենք՝ ունենալով կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ և երկարաժամկէտ նպատակադրումներ, ինչպես նաև գործողութիւնների ռազմավարութիւն…»: Այս լրատւութիւնը կարդալէ ետք յիշեցի նաեւ Արմէն Գրիգորեանի հետ զրոյցներուս մասին գրելու խոստումս ու մանաւանդ՝ խուստումէս ետք բազմաթիւ ընթերցողներու ինծի ուղղուած հարցումները. «Հարցուցի՞ք, թէ ինչո՞ւ խօսակցութիւն կայ Արցախի հարցով հողային զիջումներու մասին», կամ՝ «Իրա՞ւ է, որ Հայաստանի բանակը զէնք չի ստանար», կամ՝ «ինչո՞ւ կ’ըսուի, թէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները վատթարացած են», «ինչո՞ւ Բոլտոնը Հայաստան եկաւ», եւ՝ « Իրակա՞ն է, որ Հայաստան-Իրան սահմանը պիտի փակուի…»:

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը մեր երկրի պաշտպանութեան քաղաքականութեան մշակողն ու որոշումներ կայացնողն է, բնական է, որ այս բոլոր հարցումները յաճախ հարցուած են Արմէն Գրիգորեանին՝ տարբեր հարցազրոյցներու ընթացքին եւ տրուած են սպառիչ պատասխաններ: «Նամակ երկրէն»ի սփիւռքահայ ընթերցողները, սակայն, միշտ չէ որ այս հարցազրոյցներուն հետեւելու առիթ կ’ունենան: Երբեմն ալ պարզապէս reassurance, կրկնակի հաւաստիացում կ’ուզեն, ինչպէս որ կը գրէր ընթերցողներէս մէկը. «պարոն Տուտագլեան, խնդրեմ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին հարցուցէք եւ յաջորդ «նամակ երկրէն»-ով գրեցէք՝ մեր բանակը զէնք կը ստանայ, թէ՞ ոչ»:

Վերոնշեալ բոլոր խնդիրներուն միայն մէկ «Նամակ երկրէն»ով կարելի չէ անդրադառնալ, բայց քանի որ երկու օր առաջ Յունուարի 28 էր եւ ամբողջ ազգով խոնարհեցանք մեր զինուորներուն առջեւ՝ բանակի տօնին առիթով, արժէ հաւանաբար այս լաւ առիթը օգտագործել եւ անդրադառնալ ՀՀ Զինուած Ուժերու վերաբերեալ Արմէն Գրիգորեանի հաւաստիացումներուն: Մեր վերջին ընկերական հանդիպումին (մօտ 10 օր առաջ), Արմէն Գրիգորյանին ցոյց տուի ընթերցողներէս մէկուն նամակը, ուր ան կ’ըսէր բառացիօրէն հետեւեալը. «Ամէն անգամ երբ լուրերը կարդամ, գիշերը քունս կը փախցնեմ: Կը մտածեմ, որ մեր երկիրը կործաներ է: Իսկ Հայաստանէն ընկերներս հակառակը կը պնդեն, բարձր տրամադրութիւն ունին եւ լաւատես են: Սիրելի՛ Ռաֆֆի, ըսէ եւ հանգստանանք այլեւս: Ղարաբաղը դեռ տե՞ղն է, բանակի վիճակը լա՞ւ է: Լոյս ու ջուր ունի՞ք… Ըսէ՛, որ գոնէ մէկ գիշեր հանգիստ քուն մը քաշեմ»:

Արմէն Գրիգորեանը չկրցաւ զսպել ծիծաղը: Երկուքիս համար ալ յստակ էր, որ «ֆէյք նիուզ»ը գլուխը առած կ’երթայ եւ մարդիկ, մանաւանդ անոնք որոնք Հայաստանի դեղին լրատւութեան ծանօթ չեն, կամ չեն գիտեր հայկական լրատուական դաշտի ծուռն ու շիտակը, պիտի շփոթին ու կողմնորոշուելու դժուարութիւն պիտի ունենան: Դեղին մամուլի, ապատեղեկատւութեան եւ «ֆէյք նիուզ»ի նպատակն ալ այդ է արդէն:

Այս մասին կարծիքներ փոխանակելէ ետք, Արմէն Գրիգորեանը անգամ մը եւս հաւաստիացուց, որ Հայաստանի Զինուած Ուժերը ոչ միայն զէնք կը ստանան, այլ կը ստանան այնպիսի զէնքեր, որոնք իրենց արդիականութեամբ ռազմական շատ աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունին, քան կը պատկերացնենք: Գաղտնիք չէ, որ վաղուց արդէն Զինուած Ուժերու զարգացումն ու արդիականացումը, այլեւ՝ գերարդիական զէնքերով հզօր բանակ ունենալը աւելի քան առաջնահերթութիւն է, պետութեան ամենակարեւոր նպատակներէն մէկը: Մենք պէտք է եւ մօտիկ ապագային պիտի ունենա՛նք ռազմական հետազօտութիւններու գիտական ստեղծարար կեդրոն եւ այս կեդրոնին հետ սերտօրէն համագործակցող ռազմական արդիւնաբերութիւն, որ Հայաստանի բանակին պիտի տայ ժամանակակից ռազմական յատուկ սարքեր ու զէնքեր: Այս բոլորի ծրագրումն ու իրագործումը, բնական է, կը կարօտի որոշ ժամանակի, բայց արդէն անիկա մաս կը կազմէ մեր պաշտպանական քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութեան, բացատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը:

«Ընկերոջդ ըսէ, որ քունը փախցնելու պատճառ չունի», կատակով ըսաւ Արմէն ու աւելցուց՝ «զինուած ուժերը մեր առաջնահերթութիւնն են, եւ այնքան ատեն որ մենք կը կարողանանք յամառ ու տքնաջան աշխատանքով զարգացած երկիր եւ հզօր բանակ ունենալ, ոչ ոք Արցախի խնդրով մտահոգուելու պատճառ պէտք է ունենայ»:

Իսկ միւս խնդիրներուն մասին, դեռ առիթ կ’ունենանք գրելու:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
[email protected]

Լուսանկարում՝ տեսարան Շուշիից

Մեկնաբանել