Արցախ՝ պատերազմի տպավորություններ․ Աբօ Պողիեկան

«Լաւի հետ էլ ենք յուզւում, լացում, վատի հետ էլ ենք յուզւում, լացում»

Մեծ Թաղլար գիւղի բնակչուհիի պատասխանն էր՝ ճակատէն եկած լուրերու մասին մեր հարցումին: Ամուսին, զաւակ,
թոռ ունի՞ս առաջնագծի վրայ: Բոլորն ալ իմ զաւակներս ու թոռներս են, եւ այո, տղաս առաջին գծի վրայ է:
Թաթուլ Յակոբեանը կը զրուցէ գիւղի կեդրոնը հաւաքուած խումբ մը գիւղացիներու հետ: Բոլորը կը խօսին
վստահ յաղթանակի մասին, բոլորը, քիչ առաջ Տողի մէջ մեր հանդիպած մարդոց նման հպարտ են բանակով,
հպարտ են զինուորներով: «Հալալ է իրենց» կ՝ըսէ Արցախեան Ազատամարտի նահատակ հերոսներ
Վիգէն Այվազեանի ու Արմէնչոյի հետ կռուած Կարլեն Միքայէլեանը, արտայայտելով իր հիացմունքը 18-20
տարեկան զինակոչիկներու խիզախութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած էր նաեւ Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին:

Մեծ Թաղլարի մէջ հանդիպեցայ հին ընկերոջս, Լեւոն Հայրեանին, որ Արցախի Ազատագրական պայքարի
ակունքներուն կանգնած մարդ է, Դաշնակցական մարդու ամբողջական կերպար մը: Երկու բաժակ իր սարքած
պէտք է ըսել իրապէս համով գինիէն խմեցինք, մինչ վերը, ամպերուն մէջէն կը լսուէր թշնամիի անօդաչու թռչող
սարքի զզուելի տզզոցը:

Ասիկա խղճալի ամփոփումն է Չորեքշաբթի օրուան մեր աշխատանքին: Նոթատետրիս մէջ ահագին գրառումներ
ունիմ, որոնց մշակումը պէտք է ընէի նոյն օրը, երեկոյեան, սակայն իմ գիւղացի Գէորգ Հաճեանի, Գանատայէն իմ
հին ընկերոջս Քրիստափոր Արթինի, Պռոշեանի Մհերի նահատակութեան լուրը «շարքէ հանեց» զիս:
Իբրեւ կանոն, Սիվիլնեթի մեր խումբը, Թաթուլ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ Գորիսէն կը մտնէ Արցախ,
իր առաքելութիւնը կը կատարէ եւ երեկոյեան կը վերադառնայ Գորիս, որպէսզի իր նիւթերը ուղարկէ
Երեւան: Դաշտէն ուղղակի նիւթեր ուղարկելու հարցը պէտք է լուծել:

Հինգշաբթի օրուան մեր ծրագիրը Շուշի, Ստեփանակերտ եւ Մարտունի երթալ էր: Գացինք Շուշի, նկարեցինք
մշակութային կեդրոնը, որ քանդուած էր: Իջանք Ստեփանակերտ, քաղաքին պատճառուած աւերները նկարելու:
Հազիւ նկարել սկսած, մահասարսուռ ահազանգը հնչեց ու չիմանալով ուր պատսպարուիլ, որոշեցինք դուրս գալ քաղաքէն:

Շուշիի ճանապարհի վրայ, բարձրադիր վայրէ մը սկսանք զննել քաղաքը: Վարորդ մը մեզ թելադրեց երթալ
Շուշի: Գացէք, տեսէք թէ ինչ ըրած են Ղազանչեցւոց եկեղեցիին: Գէորգ Հարոյանը արդէն հայհոյանքի
տեսակներ սկսաւ արտասանել: Դարձեալ մտանք Շուշի, տեսանք առաջին ռմբահարման պատճառած վնասները:
Թթաուլը թելադրեց արագ շարժիլ, նախատեսելով երկրորդ հարուած մը: Սխալ չէր, դժբախտաբար: Երկրորդ
հարուածը եկաւ մեր հոգեւոր կեդրոնին վրայ:

Վերադարձանք Գորիս, ջղային, զայրացած: Թաթուլը շատ լարուած էր, յոգնած: Որոշեց երթալ Խնածախի
կողմերը, հանգստանալու հայրենի չքնաղ բնութեան մէջ: Ես ալ գացի հետը: Ձեւով մը ինքզինքս կցած եմ
Թաթուլին, որու աշխատանքի թափը, գիտութեան տարողութիւնը, փորձառութիւնը տպաւորիչ է: Որ մը առանձին պէտք է անդրադառնալ այս լրագրողին, աւելի ճիշդը լրագրութիւնը արուեստի մակարդակի բարձրացնողին
այլ տաղանդներու մասին, աւելի հանգիստ պայմաններու տակ կարելի է այդ ընել:

Գացինք Խնածախ, հասանք մինչեւ Խոզնաւար: Այս հրաշալի տարածքը չէի տեսած: Կանաչ առաօտավայրեր,
որոնց վրայ կը դեգերէին հորթեր, կովեր, ոչխարներ, ձիեր: Ես պիտի խուսափիմ նկարագրելէ բնութեան
գեղեցկութիւնը, որովհետեւ իմ սահմանափակ բառամթերքը անկարող պիտի ըլլայ արդար նկարագրութիւն
տալու այն ինչին որ տեսայ: Խնածախ չմտած, բարձունքէն դիտեցինք ու շնչեցինք, ունկնդրեցինք գիւղը: Քիչ
մը հանգստացանք ու հազիւ ինքնաշարժ նստանք՝ ոչ շատ հեռուէն ռմբակոծումներու ձայները հասան մեզ:

նկարը՝ Տողի մէջ, Կարլեն Միքայէլեանի հետ

Մեկնաբանել