Հալէպ․ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը

երգչախումբ

1928 Մայիս 28-ին, Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորական հայեր կը հիմնեն համահայկական միութիւն մը՝ «Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութիւն»ը, որուն գլխաւոր հիմնադիրներն են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կարկառուն դէմքերէն Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան եւ Լեւոն Շանթ: Միութեան նպատակի սահմանումն է. .«Համազգայինի առաքելութիւնը հայ ազգի վերանորոգումը կառուցանել է: Ազգ մը, որ կը մնայ իր մշակոյթին հաւատարիմ, իր դպրոցին սատար եւ կը հաւատայ ընդմիշտ Հայ Դատի յաղթանակին»:

Այս միութիւնը համահայկական անուանեցինք որովհետեւ հատուածի մը պատկանելով հանդերձ, կը միտի ծառայել ամբողջ հայ ազգին:

1930-ին Նիկոլ Աղբալեանի անմիջական ջանքերով կը հիմնուի Հալէպի մասնաճիւղը, որուն նպատակն է կրթութեան եւ մշակոյթի ճամբով Ցեղասպանութենէն փրկուած, հայրենազրկուած հայերէ՝ փախստականներէ, տեղահանեալներէ, եւ որբ մանուկներէ բաղկացած հանրութենէ, ազգ կերտել՝ սատարելով հայ մշակոյթի, դպրութեան եւ հայ լեզուի պահպանման, զարգացման, տարածման եւ ժողովրդականացման:

«Համազգային»ի աշխարհասփիւռ 50 մասնաճիւղերէն մէկը՝ Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը ունի հինգ մասնաճիւղեր՝ Հալէպի, Դամասկոսի (1952), Լաթաքիոյ (1965), Գամիշլիի (1987), եւ Քեսապի (1988):
Շրջանային Վարչութիւնը կը գտնուի Սուրիոյ ամենամեծ գաղթավայրը հանդիսացող Հալէպի մէջ:

Միութիւնը մինչեւ 1945 գործած է ընդմիջումներով, սակայն յիսունականներէն սկսեալ ունեցած է աշխոյժ թատերախումբ, երգչախումբ, որոնք յետոյ դարձած են մնայուն խումբեր: 1986-ին հիմնած է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը: Իր հիմնադրութեան օրէն «Համագային»ը թատերախումբերով, երգչախումբերով, նկարչական եւ երաժշտական դպրոցներով, կազմակերպած զանազան ցուցահանդէսներով ծառայած է իր նպատակի իրագործման, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթը տեղացիներուն ծանօթացման:

«Համազգային»ին որպէս կեդրոն նախ ծառայած է Նոր Գիւղի Մարտիկեան սրահը, ապա Սալիպէի կեդրոնը, Սուլէյմանիէի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, այժմ միութիւնը հաստատուած է Զաւարեան դպրոցի շէնքին մէջ, որ վերջինիս Ազգային Միացեալ Վարժարանին միանալէն ետք, վերածուած է մշակութային կեդրոնատեղիի:

Հին համազգայնականները երանութեամբ կը յիշեն Սալիպէ շրջանի իրենց կեդրոնը, որ կը գտնուէր Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ: Հոն, այդ հին շէնքին մէջ, միեւնոյն ատեն տեղի կ’ունենային թատերախումբին եւ «Զուարթնոց» երգչախումբին փորձերը, միեւնոյն ատեն «Արշիլ Կորքի» նկարչական դպրոցի սաները փորձառու ուսուցիչներու հսկողութեան տակ նկարել կը սորվէին: Այդ երանելի օրերուն, Սփիւռքի մէջ կրնա՞ք երեւակայել նման երեւոյթ մը.-Նոյն օրը, նոյն ժամուն, նոյն միութեան պատկանող երգչախումբ եւ թատերախումբ ելոյթ կ’ունենային: Միւնոյն օրը երկու սրահ լեցնելը ամէն միութեան գործ չէր:

Հիները, Սալիպէյէն կը յիշեն նաեւ կիրակնօրեայ հերթական ճաշկերոյթները, որոնց ներկայ կը գտնուէին փոքր եւ մեծ համազգայնականները. այդ ճաշկերոյթները անպայման հագեցած կ’ըլլային գեղարուեստական ճոխ յայտագրերով: Հապա «տոհմիկ օրե՞ր»ը, կարելի չէ՛ մոռնալ այդ համով-հոտով օրերը, որոնց ընթացքին կը ներկայացուէին «էրկրի» հայրեակցական խումբերու կենցաղն ու համեղ ճաշերը:

Նշելի է, որ «Համազգային»ը շատ սերտ կապ ունի Ազգային Առաջնորդարանին հետ, բոլոր մեծ ու փոքր ձեռնարկները կը վայելեն Սրբազան Առաջնորդին բարձր հովանաւորութիւնը: Շատ սերտ կապ ունի նաեւ Ազգային վարժարաններու հետ, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայ ուսուցիչներն ու բարձր դասարաններու գրեթէ բոլոր աշակերտները համազգայնականներ են կամ Միութեան համակիրներ:

Վերջին տարիներու տագնապին պատճառաւ, ինչպէս բոլոր միութիւններէն, «Համազգային»էն եւս, մեծ թիւով կարեւոր ուժեր հեռացան երկրէն, բայց ի պատիւ մնացողներուն, պէտք է ըսել, որ այս միութիւնը մնաց պատնէշի վրայ, շնորհիւ երիտասարդ նոր ուժերու, որոնց հիները սիրայօժար տեղ տուին իրենց կողքին: 1967-ին հիմնուած «Սարտարապատ» եւ մանկապատենական «Շուշի» պարախումբերը շարունակեցին իրենց փորձերը ու ամէն ելոյթի ընթացքին յաջողեցան լեցնել 600 տեղանոց «Եսայեան» սրահը: Այս պարախումբերու տղաքն ու աղջիկները Հ.Ե.Ը.ի «Անդրանիկ»ին եւ Կրթասիրացի »Շող«ին հետ մեր պարարուեստը կենդանի պահեցին իրենց ոտքերու թուփիւններով խլացնելով պայթող արկերու եւ հրասանդներու ձայները: «Զուարթնոց» երգչախումբը (հիմնուած 1969-ին եւ մնայուն կերպով գործած) «Հ.Ե.Ը.ի «Սպենդիարեան»ին հետ յաջողեցան հայ երգի հնչիւնները լսելի պահել բեմերէն, եւ միայն Գորոնան էր որ դադրեցուց անոնց ելոյթները: Բոլորը կը յուսան, որ շուտով կը վերջանայ Գորոնայի արգելքը եւ, հին գաղութին հետ համեմատած նօսրացած թիւերով, սակայն կը վերաշխուժանայ մեր երգչախմբային արուեստը եւ գաղութը դարձեալ կ’ունկնդրէ հայ երգի հարազատ հնչիւնները: Ցաւալիօրէն պէտք է արձանագրել սակայն, որ արուեստի մեր բոլոր ճիւղերուն մէջ անհամեմատօրէն նուազեցան արական սեռի ներկայացուցիչները, որովհետեւ մեր երիտասարդ տղոցմէ շատեր գաղթեցին խուսափելով երկար տարիներ տեւող զինուորական ծառայութենէն եւ փնտռելով ֆիզիքապէս ու տնտեսապէս աւելի ապահով վայրեր: Բարեբախտաբար այսօր անոնցմէ շատերուն կարելի է հանդիպիլ նաեւ Երեւանի մէջ: Միութեան «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի դպրոցը պատերազմի պատճառաւ դադրած է գործելէ, որովհետեւ անոր կեդրոնը կը գտնուէր վտանգաւոր վայրի մը մէջ, սակայն համազգայնականները կը հաւաստիացնեն, որ յառաջիկայ ամիսներուն նկարչական այս դպրոցը պիտի վերսկսի իր գործունէութիւնը:

«Համազգային»ի թատերախումբը սկսած է գործել անցեալ դարու յիսունական թուականներէն եւ 70-80ականներուն իր ոսկեդարը ունեցած է, հիւրընկալած է Հայաստանցի եւ այլ գաղութներէ եկած բեմադրիչներ: Տագնապէն տասնամեակ մը առաջ Համազգայինին հետ միաձուլուած է Նոր Գիւղի «Զաւարեան» համանուն վարժարանին թատերախումբը եւ դարձած մէկ թատերական միաւոր, որ իր պատուաւոր տեղը ունի Հալէպի թատերական պատմութեան մէջ, թէեւ երկու թատերախումբերն ալ առանձին-առանձին շատ աշխոյժ գործունէութիւն ունէին եւ «Զաւարեան»ը իր պատկանած վարժարանին նիւթապէս ոչ արհամարհելի օգնութիւն կը ցուցաբերէր, միեւնոյն ատեն Գաղութին փափախող սիրտը հանդիսացող Նոր գիւղի թաղամասի թատերական կեանքին շունչ կու տար եւ արհեստաւոր մարդոցմէ թատերասէր հասարակութիւն մը յառաջացուցած էր. այնպէս, որ հարցական կը մնայ այն, որ ճի՞շդ քայլ էր այդ երկու թատերախումբերուն միաձուլուիլը, մանաւանդ որ փափաքելի հզօրացումը չիրականացած ցանկութիւն մնաց: Վերջին տարիներուն ամէնէն շատ տուժեց Համազգայինի թատերական կեանքը: Տագնապի տարիներուն, Ճիշդ է թատերախումբը շարունակեց գործել, սակայն մասնագէտ բեմադրիչի բացակայութեան՝ չկրցաւ իր նախկին օրերու փայլքը պահել եւ բաւականացաւ ծիծաղի երեկոներով, կամ թերի ներկայացումներով: Սակայն, ի պատիւ «Համազգային»ի պէտք է արձանագրել, որ տագնապի տարիներուն, յառաջացուց մանկապատենական ասմունքի խումբ մը, որուն մասնակիցները փորձերուն կը հետեւէին արհամարհելով դուրսը տեղացող ռումբերն ու սուրացող փամփուշտներու ձայնը: Այսօր այդ խումբի անդամներէն շատ շատեր հայկական բեմերու վրայ կ’ասմունքեն, կամ ասմունքնի մրցոյթներուն առաջնակարգ տեղեր կը գրաւեն: Ուրախալի է, որ այսօր ալ թատերախումբը «Լեւոն Շանթ» անուան տակ կը շարունակէ գործել, ասմունքի դասընթացքներն ալ վերսկսած են:

Մեր դպրոցները հայակերտումի դարբնոցներ են, իսկ մեր միութիւնները կ’ամբողջացնեն անոնց առաքելութիւնը: «Համազգային»ը այս առումով շատ աւելին ըրաւ: 1996-ին տեղծեց Հայագիտական Հիմնարկ մը, որ 25 տարիներէ ի վեր կը գործէ անխափան եւ կը պատրաստէ հայ դպրոցին ծառայելու ատակ ուսուցիչներ, որոնք այսօր սփռուած են աշխարհով մէկ եւ հայեցի կրթութիւն կը ջամբեն նոր սերունդներուն: Հայագիտական այս հաստատութիւնը օժտուած է բազմաթիւ արհեստավարժ մտաւորական դասախօս-ուսուցիչներով, որոնց մասին առնուազն պէտք է ըսել, որ նուիրեալներ են: Քառորդ դարեայ լուսաւոր պատմութիւն ունեցող այս հիմնարկը «Համազգային»ի ամենամեծ նուաճումն է:

Մինչ այս յօդուածը, գրած էի Հ.Բ.Ը.Միութեան մասին, նպատակ ունենալով պարբերաբար ներկայացնել Հալէպահայ բոլոր միութիւնները: Այս յօդուածաշարքը ընդմիջեցի Արցախեան աղիտալի պատերազմին պատճառաւ: Նպատակս պատմութեան արձանագրումը չէ՛, սակայն կը միտիմ պատմաբանները մղել մեր գաղութի պատմագրութեան, յիշատակելով նաեւ իմ կողմէս դիտումնաւոր չնշուած բոլոր անունները:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 14 Փետրուար 2021

Մեկնաբանել