27 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Անօդաչու Թռչող Սարքերու Արհեստագիտութեան Թուրքիա Արտածումը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 25 քոնկրեսականներ իրենց ձայնը միացուցած են իրենց պաշտօնակիցներ՝ Տէյվիտ Սիսելինի եւ Կաս Պիլիրաքիսի, պահանջելով արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ կասեցնէ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերու արհետստագիտութեան Թուրքիա արտածումը, լուսարձակի տակ առնելով Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Անգարայի ունեցած ապակայունացնող գործողութիւնները։

Թուրքիա արտածուած անօդաչու թռչող սարքերու արհետստագիտութեան մասին հետաքննութիւն պահանջելու համար, Սիսելին եւ Պիլիրաքիս կոչ ըրած էին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ ստորագրեն այս նպատակով իրենց հեղինակած եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հասցէագրուած նամակին տակ, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Անգարայի իշխանութիւնները կը շարունակեն ոտնակոխել ՆԱԹՕի սկզբունքները, նշելով նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ատրպէյճանական գործողութիւններուն։

Արշաւին կը զօրակցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ամերիկայունական եւ ամերիկաքրտական, ինչպէս նաեւ հինտուներու եւ քրիստոնեաներու իրաւանց պաշտպան կազակերպութիւնները։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սիսելինին եւ Պիլիրաքիսին եւ անոնց նամակին զօրակցած միւս քոնկրեսականներուն, որոնք այս քայլով հաշուետուութեան կը կանչեն Անգարան։

Asbarez.com

Մեկնաբանել