Անթուան Ակուճեան՝ Արցախեան պատերազմի իր լուսանկարներով արժանացած է միջազգային մրցանակի

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան «Visa pour l’image» Ֆոթոլրագրութեան միջազգային փառատօնին արժանացած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի «Visa d’Or» մրցանակին։

Ակուճեան ներկայացուցած էր Արցախեան պատերազմէն առնուած իր լուսանկարները, որոնք ցոյց կու տան քաղաքացիական բնակչութեան վճարած ծանր գինը։ Լուսանկարներու շարքը կը կոչուի «Հայ ժողովուրդը՝ վտանգուած», եւ լոյս տեսած է «Le Figaro Magazine»-ի մէջ։

Մեկնաբանել