Զրոյց Թաքսիի Վարորդի հետ

Հայաստանաբնակ թէ սփիւռքի այցելու, անպայմանօրէն առընչուած են թաքսիի վարորդներու հետ: Տարատեսակ մարդիկ կան անոնց մէջ: Տարբեր տարիքի եւ տարբեր խաւի: Միջինէն վեր տարիքի վարորդները աւելի հետաքրքրական են, հետաքրքասէր եւ շատ խօսող: Ըստ իրենց պատմածներուն կամ քիմիագէտ են, կամ բնագէտ կամ ալ մաթեմաթիկոս: Բայց երբ մտիկ կ’ընենք զիրենք, տարբեր տպաւորութիւն կը ստանանք: Ոչ իրենց գործածած բառամթերքը, ոչ անոնց պահուածքը, ոչ ալ անոնց վերլուծումները չեն յուշեր որ այդպիսին են: Բայց պարտաւոր ենք հաւատալ, որովհետեւ հակառակին ապացոյցը չունինք, եւ թերեւս անոնց մէջ իսկապէս կան այդպիսիները; Անպայման կը խօսին քաղաքականութեան մասին եւ գոնէ առերեւռյթ չեն թաքցներ իրենց քաղաքական կողմնորոշումները: Քաղաքականութեան մասին խօսելու ժամանակ, անոնց բառամթերքը կը դառնայ հայհոյախառն: Իսկ եթէ թաքսի ծառայութեան աշխատող է եւ իմացած է որ եկած ես սփիւռքէն, քեզի կ’առաջարկէ իր կողմնակի ծառայութիւնը, յաւելեալ շահ ապահովելու դիտաւորութեամբ: Դժբախտաբար իր այս ծառայութիւնը կ’առաջարկէ եւ միաժամանակ կը վատաբանէ մնացեալ վարորդները…

Պէտք է արձանագրել որ առհասարակ Հայաստանի եւ մասնաւորաբար Երեւանի մէջ կան բազմաթիւ թաքսի ծառայութեան ընկերութիւններ: Բաւական կազմակերպուած են անոնք ու պարկեշտօրէն եւ բծախնդիր կերպով կ՝աշխատին: Այդ ծառայութիւններուն մէջ կան տարօրինակ անուն ունեցողներ. «Իսրայէլ Օրի», «Սպասիր, կը գամ» եւայլն:

Առիթով մը ուշ ժամին պիտի վերադառնայի գիւղ: Թաքսի պատուիրեցի եւ սովորականին նման քանի մը վայրկեանէն եկաւ ինքնաշարժը:

Վարորդը երիտասարդ էր, հազիւ 25 տարեկան, եւ վերեւը նշածս վարորդներուն նման շատախօս չէր, ընդհակատակը, ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ, բառերը աքցանով բերանէն պիտի հանէիր: Աւելի շատ հարցումներուս կը պատասխանէր, քան կը խօսէր:

Սաշան (Ալեքսան, այսպէս էր վարորդին անունը), փայլուն դէմքով երիտասարդ մըն էր: Բնիկ Նոյեմբեանցի եւ արդէն տասը տարի է կ’ապրի Երեւան: Ամուսնացած չէ եւ կ’ապրի ծնողներուն հետ: Տղամարդու սափրիչի խանութ մը ունի, ուր կ’աշխատի մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00-7:00ը, որմէ ետք մինչեւ կէս գիշեր թաքսի կը քշէ: Դժգոհ չէ եւ ապագայի նկատմամբ լաւ տրամադրուած է: Բնաւ քաղաքականութենէ չի խօսիր։

Միշտ չէ որ թաքսի կը նստիս եւ երաժշտութիւն միացած ըլլայ: Սաշան երգ միացուցած էր եւ կ’ունկընդրէր Արամ Ասատրեան: Խօսք բացի երաժշտութեան մասին: Իր նկատողութեան յայտնեցի թէ նմանատիպ երգեր հայերէն մեղեդայնութիւն չունին եւ նման են թրքական երգերու, այլ խօսքով այսօրինակ երգերը ռապիզ են եւ ոչ մէկ առընչութիւն ունին հայկական երաժշտութեան հետ: Խօսակիցս համաձայն չէ հետս: Արամ Ասատրեանը ռապիզ չէ, կ’ըսէ, ան երեւանեան ֆոլքլոր է, երեւանեան կեանքն ու շունչը ապրեցնող ու փոխանցող: Կը շարեմ հայ երգարուեստի մեծութիւններու անուններէն՝ Ռուբէն Մաթեւոսեան, Յովհաննէս Պատալեան, Ռայսա Մկրտչեան, Օֆելիա Համբարձումեան եւայլն: Զարմացական հայեացքով կը նայի ինծի: Ոչ միայն նշուածներուն երգարուեստին ծանօթ չէ, այլեւ անոնցմէ շատերուն անունն անգամ չէ լսած: Ինքնարդարացման փորձով մը կ’ուզէ մեղմացնել իր անգիտութիւնը, ըսելով որ յաճախ կը լսէ նաեւ Ձախ Յարութին երգերը:

Արդէն տեղ հասած ենք: Կ’իջնեմ ինքնաշարժէն, հաշիւս կը վճարեմ եւ հեռաձայններու թիւերու փոխանակում կ’ընենք, անպայմանօրէն վերստին տեսնուելու:

Սաշային հետ երաժշտութեան մասին եղած խօսակցութիւնը մտածելու տեղ տուաւ ինծի։ Հայ երաժշտութեան մասին անոր արտայայտած միտքերը իր սերնդակիցներուն մեծամասնութեան միտքերն են, դժբախտաբար: Այսօր Հայաստանի մէջ հասակ առած է սերունդ մը որ միմիայն ծանօթ է հայկական երաժշտութեան աղաւաղուած տարբերակին հետ: Նոյնիսկ մեր մեծանուն երգիչներուն անծանօթ են: Մտքով գացի Լիբանան: Այնտեղ հայ երգ ունկնդրողները նոյնիսկ եթէ վերոնշեալ երգիչներուն չեն լսեր, ապա գոնէ անունները լսած կան:

Անկախութենէն յետոյ հայ երգը ահաւոր կերպով խաթարուեցաւ եւ այդ խաթարուած տեսակը քաջալերուեցաւ եւ տարածուեցաւ ամենուրեք: Հակառակ այն իրողութեան որ Հայաստանի մէջ կան երաժշտական բարձրակարգ դպրոցներ, երգ ու պարի բարձր մակարդակի խումբեր, բայց եւ այնպէս ռապիզային այս ոճը կը մնայ ամէնէն տարածուածն ու ընդունուածը: Այս իմաստով Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը հսկայածաւալ աշխատանք ունի կատարելիք: Աշխատանք պիտի տարուի հանրակրթական դպրոցներէն ներս, հեռատեսիլներու եւ ձայնասփիւռներու կայաններով: Անհրաժեշտ է պետական յատուկ խնամք, նեցուկ եւ ուշադրութիւն անաղարտ հայ երգի պահպանման համար:

Հազարամեակներու մշակոյթ ունենալէ ետք, Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Բարսեղ Կանաչեան, Առնօ Բաբաջանեան եւայլն ծնած ժողովուրդի մը երգարուեստը պէտք չէ խեղճանայ այնքան որ իր զաւակները ճանչնան միմիայն արամ ասատրեաններ եւ անոնք դառնան հայ երգի ներկայացուցիչներն ու չափանիշը: Երգը ոգի է, կրթութիւն եւ նկարագիր:

Հայկական նկարագիրի կերտման մէջ հայ երգը նշանակալից դերակատարութիւն ունեցած է եւ պէտք է ունենայ:

Մեկնաբանել