Ձմեռնամուտի շեմին

Հոկտեմբեր ամսուան հետ, Հայաստանի մէջ աշունը աւելի եւ աւելի զգալի դարձաւ: Ջերմաստիճանի անակնկալ եւ կտրուկ անկումը կանխահաս էր: Ձմեռնաշունչ աշունը արդէն հասած է մասնաւորաբար լեռնային գօտիներուն վրայ եւ բարձրադիր գիւղերը: Տերեւաթափը արդէն սկսած է եւ ոսկի աշունը ինքզինք կը պարտադրէ քիչ մը ամէն տեղ: Տակաւին շաբաթ մը առաջ կարճաթեւ հագուածքները փոխարինուած են տաք հագուստներով:

Գիւղերուն մէջ կեանքը սկսած է «սառիլ»: Ճամբաները գրեթէ դատարկ են, փողոցները խաղացող երեխաներ այլեւս չկան:

Կանխահաս այս ցրտոտ եղանակը գիւղացիներուն համար անակնկալ էր եւ յաւելեալ պարտաւորութիւններու առջեւ դրած է զիրենք: Բերքահաւաքը տակաւին չէ ամբողջացած: Խնձորներն ու խաղողի ողկոյզները տակաւին կը յամենան ճիւղերուն վրայ: Գառնիի մէջ վերջին տասը օրերուն եթէ շրջագայէիք ականատես կը դառնայիք ընկոյզի (պոպոկ) բերքահաւաքի:

Ընկոյզ հաւաքելը արարողութիւն մըն է: Կան ընկոյզի ծառը թափ տուող յատուկ «մասնագէտներ», որոնցմէ մէկուն հետ տանտէրը նախապէս կը պայմանաւորուի: Նշեալ անձը քանի մը օր յետոյ կը նշանակէ ժամադրութիւնը, պատճառաբանելով թէ բազմազբաղ է: Բայց պէտք է նշել որ անոնք պարտաճանաչ են եւ նշեալ օրը կու գան իրենց գործը կատարելու:

Ծառը թափ տալը կը տեւէ մէկ-մէկուկէս ժամ: Հաւաքուած կ’ըլլան այդ տան ընտանիքի բոլոր անդամները, իրենց հետ ունենալող դոյլեր։ Անոնք առաջին հերթին ճամբուն վրայ կը սպասեն, հաւաքելու համար փողոցի կողմը ինկած ընկոյզները: Հետաքրքրական է դիտել այդ պատկերը: Քանի մը անգամ ականատես եղայ որ տարեց կիներ եւ տղամարդիկ կը կատարէին այդ յոգնեցուցիչ գործը: Հաւանաբար տան մէջ երիտասարդներու բացակայութիւնն է պատճառը: Փողոցի կողմը ինկած ընկոյզները հաւաքելէ ետք նոյնքան յոգնատանջ է տան բակին մէջինը հաւաքելը: Ծառը թափ տրուած ժամանակ կը թափին հարիւրաւոր տերեւներ, եւ շատ յաճախ փոքր ճիւղեր բեռնաւորուած տերեւներով եւ երբեմն ալ ընկոյզներով: Անկախ չորսդին սփռուած ընկոյզներէն, թափուած ճիւղերն ու տերեւներուն տակ պէտք է ստուգել որ «պահուըտած» ընկոյզները յայտնաբերուին: Այսպէս, քանի մը ժամուան յոգնեցնող աշխատանք է ընկոյզի բերքահաւաքը: Թափուած տերեւներն ու ճիւղերը քանի մը օր արեւէն չորնալէ ետք, գիւղացիք կ’այրեն զանոնք տան առջեւը կամ իրենց բակին մէջ: Այս օրերուն այրող ճիւղերուն եւ տերեւներուն ծուխովն ու մուխովը ծածկուած կը տեսնէք փողոցները:

Գիւղացիք պարտաւոր են ճիշդ ժամանակին կատարել բերքահաւաքը: Անոնք պէտք է վաճառեն բերքը իրենց առօրեայ ծախսերը հոգալու համար, պատրաստեն ձմրան պաշար՝ չիր, անուշ (մուրապպա), հիւթ, եւայլն: Բերքահաւաքի ուշացումը կը նշանակէ պտուղին որակի անկում եւ բնականաբար, վաճառքի դժուարութիւն կամ սակի նուազում:

Հայաստանի շատ գիւղերու մէջ կայ հետաքրքրական սովորութիւն-աւանդութիւն մը, որ ցոյց կուտայ հայ գիւղացիին մարդկային եւ բարոյական կերպարը: Եթէ ԱՅԲ գիւղացին իր պարտէզին մէջ ցանած է խնձոր եւ իր դրացին չէ ցանած, ապա բերքահաւաքի ժամանակ ան քանի մը քիլօ կուտայ իր դրացիին: Այս վերջինն ալ եթէ ցանած է դեղձ, եւ խնձոր ցանած դրացին դեղձ չէ ցանած, ապա քանի մը քիլօ դեղձ կուտայ իր դրացիին: Սա սոսկական փոխանակում չէ, այլ իւրաքանչիւրը իր պարտէզին եւ բնութեան պարգեւին մասնակից կը դարձնէ իր հարեւանը: Այս աւանդութեան մէջ կայ նաեւ հաւասարութեան եւ իրարօգնութեան գնահատելի ցուցանիշը: Այս ձեւով գրեթէ բոլոր գիւղացիները կ’օգտուին բնութեան բոլոր բարիքներէն: Լիայոյս եմ որ այս աւանդութիւնը կը շարունակուի:

Բերքահաւաքի աւարտէն ետք գիւղացին կը պատրաստուի յաջորդ տարուան: Ծերացած կամ անպիտանի դարձած ծառերը պէտք է արմատախիլ ըլլան եւ նոր տնկիներով փոխարինուին, հատապտուղներու թուփերը պէտք է թարմացուին, ինչպէս նաեւ բանջարեղէններու սերմնացուները ապահովուին եւ աշնանացանքը կատարուի:

Բազմաթիւ են գիւղացիներուն խնդիրները: Անոնցմէ գլխաւորը ոռոգման ջուրի ապահովումն է: Նոյնիսկ ջրառատ գիւղերու մէջ կայ այս խնդիրը: Գիւղացիք առանձին ի վիճակի չեն լուծելու այս խնդիրը: Քիչ մը «յառաջադէմ»ները արդէն ձեռնարկած են կաթիլային համակարգի տեղադրման: Ոռոգման այս համակարգի զարգացումն ու տարածումը կը թեթեւցնէ գիւղացիին հոգսերը ինչպէս նաեւ ջուրի քանակի մեծածաւալ խնայողութիւն է: Անհրաժեշտ է որ պետութիւնը քաջալերէ ոռոգման այս դրութիւնը եւ նիւթապէս օժանդակէ գիւղացիներուն հանգրուանային կերպով այս դրութիւնը որդեգրելու:

Գիւղացիներուն կարեւոր խնդիրներէն է նաեւ բաւարար ճամբաներու բացակայութիւնը: Գիւղերուն հողամասեր տանող ճամբաները կը յիշեցնեն 19րդ դարը: Ասֆալթի իսպառ բացակայութիւն: Քանի մը քիլոմեթր ճամբայ ասֆալթապատուելով, մեծ օգուտներ կը քաղեն գիւղացիները: Ժամանակի նուազ կորուստ, ինքնաշարժի նուազ մաշուածութիւն (գիւղացիին խնայել ինքնաշարժի նորոգութեան աւելորդ ծախսեր), բերքի անվնաս եւ արագ տեղափոխում եւայլն:

Հայաստանի կառավարութիւնը օր առաջ պէտք է արմատական լուծումներ տայ այսօրինակ խնդիրներու, որոնք կրնան խթանել հայ գիւղացիին անմշակ հողատարածքներն ալ մշակել եւ օգտագործել, բան մը որ անոր յաւելեալ եկամուտներ կ’ապահովէ եւ աւելի բարեկացիկ կը դարձնէ կեանքը եւ կը նպաստէ գիւղատնտեսութեան եւ ընդհանրապէս երկիրի զարգացման:

Մեկնաբանել